ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

0 0
Read Time:2 Minute, 15 Second

Սուրբ Ստեփանոս Ազգ. Վարժարանը յաջողութեամբ բոլորեց իր 34րդ դպրոցական տարեշրջանը: Մանկապարէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 14-ին, իսկ Նախակրթարանի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 15-ին, ներկայութեամբ մեծ թիւով ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանի հայ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն:
Երկու Հանդէսներն ալ նուիրուած էին Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին:

Իր խօսքին մէջ Տնօրէնուհին՝ Տիկ. Հուրի Պոյամեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ուսուցչական Կազմին, Գրասենեակի Աշնձնակազմին, Ծնողական Յանձնախումբին, Դպրոցի Խնամակալութեան եւ Յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ բոլոր այն կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք կը նպաստեն դպրոցի վերելքին։

Յունիս 14-ին, Տիկին Պոյամեանը պատուեց Մանկամսուրի մանկավարժ ուսուցչուհի Տիկ. Մարկարիթա Յարութեանին դպրոցի արծաթեայ շքանշանով իր 10 տարուայ նուիրական ծառայութեան համար։ Իսկ Յունիս 15-ին ան գնահատեց Տիկ. Պերճուհի Կազէլեանի քսան տարուայ ծառայութիւնը իբրեւ հսկիչ եւ Պրն. Վահէ Նիկողոսեանի ինը տարուայ կամաւոր ծառայութիւնը իբրեւ ձեռնագնդակի մարզիչ:

Երկու օրերուն, տնօրէնուհին վեր առաւ Տիկ. Անահիտ Ճուպանեանի 32 տարիներու ծառայութիւնը իբրեւ Հայերէնի ուսուցիչ: Երկու շրջանաւարտներ, որոնց զաւակները Սբ. Ստեփանոս կը յաճախեն անոնք ալ խօսեցան Տիկ. Անահիտի իրենց վրայ ունեցած ազդեցութեան մասին: 

Մանկապարտէզէն շրջանաւարտ եղան 24 աշակերտներ՝ Վինսընդ Ապիտեան, Լուսին Աղաճանեան, ԱլեքսանտրՊարսումեան, Նաթալիա Պեհպեհանի, Ալին Քելճիք, Նարէկ Մարտիրոս, Վարդան Մնացականեան, Շանթ Ունճեան Ֆարէլ, Գալինա Փափազեան, Սարին Սէրայտարեան, Արիանա Թինքճեան, Լէյլա Ենիգոմշեան, Տէյվիտ Պազեան, Զաւէն Պէլ, Էլին Տէմիրճեան, Սէրլի Կարպետեան, Վարդան Ինկիլիզեան, Ժօրժէթ Իսհակեան, Քլոի Քէպապճեան, Դրօ Մելքոնեան, Արթըր Շուհայպէր, Ռիչարտ Սմիթ Ֆանիանց, Վիքթորիա Թորոսեան, Կապրիէլ Զուպուեան:

Նախակրթարանէն շրջանաւարտ եղան 14 շրջանաւարտներ՝ Լորի Աւագեան, Նայիրի ՉԷքիճեան, Քրիսչըն Տիազ, Քրիսթինա Տորեան, Լիանա Տորեան, Շանթ Կէպէեան, Ճան Տիրան Ճինկօզեան, Ռայըն Կէպէնեան, Հաըկ Կիւզէլեան, Թալին Հալէպլեան, Ալեքսանտր Քէպաճեան, Զաքըրի Քէֆէեան, Գագիկ Մինասեան, Սարին Նիկողոսեան:

Նախակրթարանի վկայականներու բաշխումէն յետոյ տնօրէնը բաժնեց 2017-2018 Տարեշրջանի Մրցանակները։

1.- Հայերէն Դասընթացքներու Մրցանակներ
Ազգային Առաջնորդարանի Հաըերէնի Մրցանակը ստացան՝ Լորի Աւագեան, Նայիրի ՉԷքիճեան, , Քրիսչըն Տիազ, Քրիսթինա Տորեան, Լիանա Տորեան, Շանթ Կէպէեան, Ճան Տիրան Ճինկօզեան, Ռայըն Կէպէնեան, , Ալեքսանտր Քէպաճեան, Զաքըրի Քէֆէեան, Գագիկ Մինասեան, Սարին Նիկողոսեան:
– Ազգային Առաջնորդարանի Հայոց Պատմութեան Մրցանակը ստացան՝ Հաըկ Կիւզէլեան, Թալին Հալէպլեան, Սարին Նիկողոսեան:

– Հայ Օգնութեան Միութեան Հայերէնի Մրցանակը ստացաւ՝ Ճան Տիրան Ճինկօզեան,

2.- Նախագահական Մրցանակները ստացան
– Ուսման մէջ Գերազանցութեան Մրցանակ՝ Ճան Տիրան Ճինկօզեան, , Նայիրի ՉԷքիճեան, Հաըկ Կիւզէլեան, Զաքըրի Քէֆէեան, Գագիկ Մինասեան,
– Ուսման մէջ Բացառիկ Յառաջդիմութեան Մրցանակ՝ Քրիսչըն Տիազ, Ալեքսանտր Քէպաճեան, Գագիկ Մինասեան:

3.- Վարքի Մրցանակ՝ Սարին Նիկողոսեան, Թալին Հալէպլեան:

4.- Մասնաւոր Յիշատակութիւն հետեւեալ նիւթերու մէջ
– Անգլերէն Շարադրութեան՝ Շանթ Կէպէեան,
– Պատմութեան՝ Թալին Հալէպլեան:
– Ստեղծագործութեան՝ Ռայըն Կէպէնեան,
– Գիտութեան՝ Քրիսթինա Տորեան,
– Անգլերէն Լեզուի՝ Լորի Աւագեան,
– Թուաբանութեան՝ Սարին Նիկողոսեան
-Մարզական՝ Լիանա Տորեան,

5.- Նշան եւ Արշալոյս Նաճարեան՝ Մրցանակ
– Արուեստի մէջ՝ ՆարինէՄարտիրոս, Էւա Սողոմոնեան
– Երաժշտութեան մէջ՝ Ալլա Պետրոսեան, Գարինա Գալայճեան
(իւրաքանչիւրը ստացաւ 200 տոլարի կրթաթոշակ)

6.- Հ.Օ.Մ.ի Շարադրական Մրցումին
Դ. Դասարան
– Առաջին Մրցանակ՝ Անայիս Գահվէճեան, Անտռէ Պէշիրեան
– Երկրորդ Մրցանակ՝ Կասիա Մինասեան, Լարա Չէքիճեան
– Երրորդ Մրցանակ՝Ալլա Պետրոսեան, Զուլալ Մէրտինեան
– Երրորդ Մրցանակ (Անգլերէն)՝ Ֆրիտա Պիլէզիկեան

Ե. Դասարան
– Առաջին Մրցանակ՝ Քրիսչըն Տիազ, Զաքըրի Քէֆէեան
– Երկրորդ Մրցանակ՝ Քրիսթինա Տորեան
– Երրորդ Մրցանակ՝ Նայիրի Չէքիճեան, Լիանա Տորեան
– Երկրորդ Մրցանակ (Անգլերէն)՝ Հայկ Կիւզէլեան

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles