
ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Կիրակի, Մայիս 15-ին, Տակլըսթընի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին նշեց իր 60-ամեակը։ Խուռներամ բազմութիւն մը հաւաքուած եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Գեղարուեստական յայտագրին մաս կազմեցին եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարանի երգչախումբը եւ ջութակահարուհի Տիանա Վասիլեան։
Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան Սուրբ Պատարագ մատոյց եւ օրհնեց երեք յուշատախտակներ՝ չորս արտակարգ անձերու յիշատակին. Արժպ. Տ. Ասողիկ Ա. Քհն. Գլըճեան՝ եկեղեցւոյ առաջին հովիւը (1962-1991), տէր եւ տիկ. Յովսէփ եւ Շուշան Յակոբեան՝ եկեղեցւոյ մեծ բարերարներ, եւ պրն. Պետրոս Ճիւէլէկեան՝ հոգաբարձութեան ատենապետ 1983-2003-ին։ Անոնց անձնուրաց ծառայութիւնը ուղղակի բաժին ունեցած է Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ գոյատեւման մէջ։ Անոնց յիշատակին տեղի ունեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հիմնադիրներէն՝ պրն. Արթըր Հայրապետեան, մեծարանքի արժանացաւ բազում տարիներու ծառայութեան համար, իսկ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան, եւ երէցկին Անի ստացան յատուկ նուէրներ եկեղեցւոյ օժանդակ մարմիններէն։