
2017-ի վերջերուն, Հալէպի մէջ լոյս տեսած այս հատորին ծաւալը խաբուսիկ է. հեղինակը մօտաւորապէս 50 էջերու մէջ սեղմած է պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցող դէպքեր, որոնք անջնջելի յիշատակներ ու հետքեր թողած են ո՛չ միայն մեր, այլ նաեւ Միջին Արեւելքի պատմութեան մէջ, Ա. Աշխարհամարտի օրերուն ու անոր յաջորդած տարիներուն։
Հայկազ Թրթռեան Քեսապի զաւակ է. թէեւ կեանքին մեծ մասը ապրած է Քեսապէն դուրս, սակայն գրեթէ բոլոր քեսապցիներուն պէս, ամուր կառչած է իր արմատներուն եւ ահա, այս փոքրածաւալ գրքոյկով նորագոյն վկայութիւն մը կու տայ յանձնառու հայու իր նկարագիրին մասին։ Տասնամեակներ շարունակ ուսուցչական ասպարէզին ծառայելով, ան հայրենասիրութիւն ներշնչած է իրերայաջորդ սերունդներու, առանց քողարկելու իր քեսապասիրութիւնը։ Հադորը այլապէս հայելի մըն է այս յատկանիշներուն։
«Քեսապի Պզտիկ Հանրապետութիւնը» խորքին մէջ յիշատակարան մըն է երկու մեծ իրադարձութիւններու, որոնց խորագիրներն են Հայկական Լեգէոնն ու Արարայի Ճակատամարտը, եւ անոր յաջորդած՝ Քեսապի վերականգնումն ու թրքական թշնամանքին կազմակերպ դիմակայումը։
Յառաջաբանին մէջ, հեղինակը կը հաստատէ, որ այս հատորով, կը հետապնդէ հիմնական նպատակ մը. նոր սերուդներուն ու մասնաւորաբար երիտասարդութեան յիշեցնել, որ մեր պատմութեան մէջ ունեցած ենք յաղթանակի պանծալի դրուագներ, որոնք միայն անցեալին չեն պատկանիր, այլ անոնցմէ պատգամներ ու ժառանգութիւններ կը հասնին նաեւ այսօրուան սերունդներուն։ Այլ խօսքով, ան նոր պատմութիւն չի հիւսեր, այլ մոռացութեան դարակներէն դուրս կը բերէ անմոռանալին։
Գիրքը ունի երկու գլխաւոր գլուխ. առաջինը՝ 5 ենթաբաժանումներով, հպանցիկ կերպով կը ներկայացնէ Բ. Աշխարհամարտի օրերուն, Անգլիոյ ու Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ «Օտարերկրացիներու զօրաբաժին»ին կազմութիւնն ու ճակատումներ. ֆրանսական բանակին կողքին կազմուած զօրամասը շուտով կոչուեցաւ «Հայկական Լեգէոն», իբրեւ օժանդակ գունդ՝ Միջին Արեւելքի՝ Պաղեստին-Սուրիա ճակատին վրայ Թուրքիոյ դէմ պատերազմող դաշնակից բանակներուն։ Պատմութիւնը ծանօթ է. Հայկական զօրաբաժինը, որ կþընդգրկէր նաեւ փոքրաթիւ արաբներ, ապրեցաւ կազմաւորման եւ պատրաստութեան փուլերը, իր ճակատագրական դեր ունեցաւ Պաղեստինի մէջ, պարտութեան մատնելով թուրք-գերմականական բանակները՝ նախապէս անյաղթահարելի նկատուող Արարայի բարձունքին, որմէ ետք, այս ճակատը փուլ եկաւ ու դաշնակից ուժերը յառաջացան մինչեւ Թուրքիա։ Քաջաբար կռուող հայերուն տրուած էր խոստում, որ Կիլիկիոյ մէջ պիտի ստեղծուի հայկական ինքնավար շրջան՝ ֆրանսական վերահսկողութեամբ, սակայն միւս երեսն ալ ծանօթ է՝ դաշնակից ուժերուն դաւաճանական թողլքումը եւ քեմալական Թուրիոյ հետ սիրաբանութիւնը, որուն զոհ գնաց հայկական Կիլիկիան։ Մինչ այդ, սակայն, լէգէոնականները, մասնաւորաբար անոր մաս կազմած քեսապցիները համախմբուեցան Քեսապի շրջանին մէջ ու կերտեցին ինքնիշխան կարճատեւ շրջան մը, պատուհասելով բռնատէր թուրքերը եւ ապահովութիւն ներշնչելով նաեւ շրջանի արաբերուն եւ յոյներուն։ Ահաւասիկ այս ժանամակաշրջանին կþակնարկէ հեղինակը՝ «Պզտիկ Հանրապետութիւն» ըսելով, եւ այդ դիպաշարին պատումը կը կատարէ երկրորդ բաժինով, ընդամէնը 9 սեղմ ենթաբաժանումներով, ընթերցողին թելադրելով եզրակացութիւն մը, որ Սուրիոյ իշխանութեան տակ մնացող Քեսապը այդ օրերէն սկսեալ պահպանած է իր հայկականութիւնը։ Հպանցիկ ակնարկութիւն մը կþընէ Ալեքսանտրէթը Թուրքիոյ նուիրելու ֆրանսացիներու խարդաւանանքին, սակայն չþակնարկեր այն դէպքերուն, որոնք տեղի ունեցան աւելի քան երեք տարի առաջ, նոյն թուրքերուն կողմէ Քեսապի գրաւումով, կողոպուտով ու վերստին ազատագրումով…
Անձնական յիշատակներու եւ ծանօթութիւններու կողքին, հեղինակը լայնօրէն վստահած է 5 աղբիւրներու՝ յուշագրութիւններ ու պատմական ուսումնասիրութիւններ, որոնք լոյս կը սփռեն ընդգրկուած պատմական իրադարձութեանց վրայ, անոնցմէ կը կատարէ լայն մէջբերումներ եւ կը թելադրէ ընթերցողին, որ ծանօթանայ այդ ու այլ հեղինակներու գործերուն։
Ուշագրաւ է նաեւ, որ հատորը ամբողջութեամբ «արտադրուած» է Սուրիոյ մէջ. բովանդակութեան պատրաստութիւնը կատարուած է Քեսապի մէջ, իսկ տպագրութիւնը՝ Հալէպ, «Արեւելք» տպարանէն։ Սա, իր կարգին, այլ գործնական վկայութիւն մըն է, որ Հալէպի մեր գաղութը վերստին կը քալէ մշակութային-հրատարակչական այն ուղիէն, որ զինք յատկաշած է տասնամեակներէ ի վեր, որ պահ մը դանդաղումի մատնուեցաւ ահաւոր պատրերազմին հետեւանքով։ Աւելի քան տարիէ մը ի վեր, հայկական աշխարհը աճող գոհունակութեամբ կը հետեւի գաղութի վերականգնումին։