ՊԱՐՏԱԴԻՐ ԿՈՒՏԱԿՈՒՄ ԵՒ ՇԱՀԱԳՈՐԾՈՒՄ

0 0
Read Time:1 Minute, 31 Second

p1 khemp

 

 

 

 

 

 

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

 

ՊԱՐՏԱԴԻՐ ԿՈՒՏԱԿՈՒՄ ԵՒ ՇԱՀԱԳՈՐԾՈՒՄ

Հայրենաբնակ հայորդիին համար, այս տարուան “Ձմեռ Պապ“ին նուէրը իւրայատուկ էր: Իրականութեան մէջ նուէր ալ չէր, այլ ընդհակառակը` տուրք եւ տուգանք:

Արդարեւ, տարուան առաջին օրէն իսկ` Յունուար 1-էն, գործադրութեան դրուեցաւ պարտադիր կուտակուած կենսաթոշակային համակարգը, յաւելեալ սեղմելով արդէն իսկ նիւթապէս դժուար պայմաններու տակ գտնուող հայորդին:

Հինգ առ հարիւր տոկոսով սեղմում, կրնայ ահաւոր ազդեցութիւն ունենալ բանուորի մը, պաշտօնեայի մը վրայ, որ հազիւ կրնայ բարեկեցիկ կեանքէն շա՜տ հեռու, կեանք մը ապրիլ:

Ըստ երեւոյթին, ամիսներէ ի վեր եւ ցայսօր բողոքող հազարաւոր մարդոց ձայնը “բարբառոյ յանապատի“ կացութիւն մը ստեղծած է եւ ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցած` օրէնսդիր ու գործադիր իշխանութիւններուն վրայ:

Ամենէն աւելի զարմանալին այն է թէ, պարտադիր կուտակային համակարգը կ՛որդեգրուի այն յառաջացած երկիրներու պարագային, ուր գոյութիւն ունի եւ հետեւողականօրէն ու հաստատ հիմերու վրայ կը գործէ օրինաւոր տնտեսութիւն: Հայաստանի պարագան, այսպէս չէ: Ցարդ գոյութիւն չունի կարգին գործող տնտեսական համակարգ: Իսկ, նմանօրինակ գաղափար մը իրագործելու համար, դիմել ժողովուրդի լումային, այդ մէկը շատ աւելի անվստահութիւն, մտահոգութիւն եւ անել կացութիւն կը ստեղծէ:

Շահագործուողէն աւելի շահագործողը, նոյնինքն ղեկավարութիւնը չենթագիտակցիր թէ, կատարուած որոշումը որքա՜ն վտանգաւոր եւ “մահացու“ է:

Այսպէս, խոյս տալու համար նմանօրինակ պարտաւորութիւններէ, աշխատաւորներ պիտի համոզեն իրենց գործատէրը, որպէսզի ապօրինի ձեւ որդեգրուի եւ գէթ իր ամսականին կամ ապրուստին մէկ մասը կանխիկ ստանալով, փորձէ կարելի եղածին չափ քիչ կուտակել իր ապագայի (այսինքն 63 տարեկանէն ետք, հանգստեան կոչուելէ ետք) ստանալիք գումարը:

…Գումար մը, թէ ինչպիսի՞ պայմաններու տակ պիտի կուտակուի, այդ ալ այլ մեծ հարցական մըն է:

Սակայն, մինչ այդ վերադառնալով ստեղծուած կացութեան, խուսափելու համար այս կացութենէն, յաւելեալ“տակից“ վճարումներ կատարուելով պիտի ստեղծուի անիշխանական ա՛յլ մտահոգիչ կացութիւն մը, որ կարելի է ամփոփել “ստուերային տնտեսութիւն“ բացատրութեամբ:

Ահաւասիկ այլ կուտակուած բաղադրիչ մը, կամ փորձանք մը, արդէն իսկ կուտակուած կենսաթոշակային համակարգին վրայ:…Եւ դեռ կուտակուած այլ հարցեր` Եւրասիական Մաքսային միութեան միանալու թնճուկը, տնտեսական դաժան պայմաններն ու արտագաղթը:  ….Եւ դեռ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles