Պարգեւ Սրբազան Կը Խօսի…

0 0
Read Time:3 Minute, 47 Second

p7 barkev

«Մենք առանձին ենք աշխարհի դիմաց բայց Աստուծմով յաղթեցինք… Մեր միակ ապաւէնը Աստուած ու մեր բանակն են. ես կոչ եմ անում իւրաքանչիւր Հայի իր միջոցների մէկ տոկոսը, միայն մէկ տոկոսը նուիրել Հայոց բանակին եւ մենք հրաշքներ կը գործենք…»։
Այսպէս արտայայտուեցաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13-ին Հայաստանի հեռատեսիլի Շանթ կայանի լուրերու Հորիզոն երեկոյեան հաղորդումի ատեն, Շուշիի իր առաջնորդարանէն կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին։ Որպէս բանբերը Արցախի, Սրբազանը բազմիցս այցելած է Սփիւռքի գրեթէ բոլոր անկիւնները եւ ծանօթ է «ազգային կեանքով» ապրող, հետաքրքրուող բաւական լայն շրջանակներու, խաւերու։ Ան մեր այսօրուան ողջ եկեղեցական դասուն մէջ իսկապէս եզակի դէմք մըն է. հաւատաւոր, «իր անձը իր ոչխարներուն վրայ դրած» նուիրեալ, անձնուէր հովիւ։ Արցախահայութեան բարոյական ուժը, հոգին ու ոգին, նոյնացած՝ անոր։ Սրբազանը այն մարդոցմէ է թերեւս որոնցմէ՝ դարը մէկ հատ կը ծնի։ Եթէ համարձակինք անոր նախորդող նմանութիւններ փնտռելու, արդեօք պիտի չըսե՞նք որ ԺԹ. դարուն Խրիմեան Հայրիկ մը ունեցանք եւ Ի. դարուն ալ Գարեգին Արք. Յովսէփեանց մը (Կիլիկիոյ ապագայ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսը – 1943-1952-, որ 1918 Մայիսին, Սարդարապատի մէջ ձի հեծած, խաչը ձեռին գրեթէ անզէն աշխարհազօրայինները յաղթանակի մղեց)։
Արցախահայութեան պահանջատիրութեան առաջին օրերուն իսկ, 1988-ի գարնան, երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վերականգնեց Արցախի թեմը եւ հազիւ 34 տարեկան Պարգեւ վարդապետը եպիսկոպոս ձեռնադրելով՝ զինք առաջնորդ կարգեց։ Սրբազանը այն ատեն սեփ-սեւ մօրուքով, Մարսէյի իր առաջին այցելութիւնը տուաւ 1990-ի Վարդանանցին. առաւօտուն պատարագեց, քարոզեց. իսկ երեկոյեան, հրապարակային ելոյթի մը ատեն ըսաւ հետեւեալը.- «Մեր դատը արդար է, բաւ է որ ունենանք ազգային միասնականութիւն. ես համոզուած եմ որ եթէ 10.000 հոգի հրապարակին վրայ (Երեւանի, այն ատեն տակաւին Լենինի անունը կրող) ծունկի գան ու աղօթեն, մենք անպայմա՛ն կը յաջողինք, կը յաղթենք»։ Տեսլապաշտ, visionnaire մարդու խօսքեր միայն, թէ ոչ Նարեկացիին նման «ի խորոց սրտէ» բխած, համոզումի խօսքեր. ունկնդիրը անպայման առինքնող։ Չեմ գիտեր, թէ այդ 10.000 հոգին ծունկի եկա՞ն, աղօթեցի՞ն։ Բայց թերեւս Պարգեւ սրբազանի աղօթքը բաւեց որ նորակազմ Հայոց բանակը յաղթէ…։
26 տարի անց սրբազանը մնացած է նոյնը. նոյն տպաւորող, նոյն առինքնող խօսքը, միայն մազն ու մօրուքն են ճերմկած…։ Հարց տանք մենք մեզի. եթէ մեր եկեղեցին 20 հատ Պարգեւ սրբազան ունենար այսօր, եւ նուիրապետական սանդուխին մինչեւ բարձրագոյն աստիճանները, ի՞նչ տարբեր պատկեր պիտի պարզէր ոչ միայն ան, այլեւ ամբողջ Հայ ազգը…։
Բնականաբար, ասուլիսի ամբողջ տեւողութեան Հայոց բանակը Պարգեւ սրբազանի մշտական ուշադրութեան առարկան էր. ան չխնայեց իր հիացական խօսքերը այն «տղոց» հանդէպ որոնք 1994-ի հրադադարին դեռ ծնած չէին, եւ որոնք ի՛նչ հերոսութեամբ, պարտականութեան ի՜նչ բարձր գիտակցութեամբ պաշտպանեցին հայրենի սուրբ հողը եւ խորտակեցին տասնապատիկ աւելի զինուած թշնամիին blitzkrieg-ը։ «Փառք Աստուծոյ, անգամ մը եւս յաղթեցինք» կրկնեց ան, կրկին կոչ ընելով նիւթապէս օգնելու բանակին, երբ Հայ զինուորը իր արիւնը, իր կեանքը չի խնայեր։
Սրբազանի խօսքերը զիս աւելի քան վեց տասնամեակ ետ տարին երբ Ֆրանսական հանրապետութեան «լայիք» լիսէի աշակերտ էի։ Եւ ինծի յիշեցուցին այս երկրի պատմութեան հետեւեալ դրուագը։ 1870-ին Ֆրանսա Գերմանիայէն ծանր պարտութիւն կրած էր, կորսնցուցած Ալզասի եւ Լոռէնի գաւառները։ Ֆրանսան լաւ մը ծունկի բերելու մտօք, Փռուսիոյ «երկաթէ վարչապետ» Օթթօ Ֆոն Պիսմարք, Ֆրանքֆուրթի դաշնագրով հինգ միլիառ ոսկի ֆրանք պատերազմական տուգանք ալ պարտադրած էր, հինգ տարիէն վճարելի։ Մինչ այդ գերմանական բանակը Ֆրանսայի մէկ-երրորդը գրաւման տակ կը պահէր։ Ֆրանսայի երրորդ Հանրապետութեան առաջին նախագահ Ատոլֆ Թիէր «ազգային հողի ազատագրման համար փոխառութիւն սահմանեց (emprunt pour la liberation du territoire national)։ Փոխան սպասուած 5 միլիառին, ժողովուրդը պետութեան տուաւ 43 միլիառ ոսկի ֆրանք!!!։ Ապշած, Պիսմարք ծունկերը ծեծեր էր – «Ես ինչո՞ւ 15 միլիառ չուզեցի» ըսելով։ Եւ տուգանքը շուտով վճարուած ըլլալով, գերման բանակը 1872-ին արդէն պարպեր էր իր գրաւած հողամասերը…։ Մեր պատմութեան գիրքին վրայ զետեղուած սեւ-ճերմակ լուսանկարը այնքա՛ն հարազատօրէն ցոյց կու տար Ֆրանսայի ռամիկները որոնք իրենց քսակները բռնած հերթի կեցեր էին Հանրային գանձի իրենց գիւղաքաղաքի գրասենեակին առջեւ իրենց ոսկին տրամադրելու հայրենի հողին ազատագրութեան համար։ Այս է ճշմարիտ հայրենասիրութիւնը։ Որպէսզի այդ պատկերը այսօր հայութեան մէջ կրկնուի, ո՞ր հեղինակաւոր անձնաւորութիւնները կամ կազմակերպութիւնները կը նախաձեռնեն Պարգեւ սրբազանի ձայնը իւրաքանչիւր Հայու հասցնելու, լսելի դարձնելու գործին։
Սա ամէն տարուան ֆոնեթոններէն, թելեթոններէն տարբեր բան է։ Ինչպէս հեռատեսիլը ցոյց տուաւ, Հայաստանի մէջ հոս ու հոն արդէն գանձանակներ դրուած են։ Բայց հայութեան նիւթական ուժը երկրէն դուրս, Սփիւռքի մէջ է. եւ ոչ միայն տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայ միլիառատէրերով, միլիոնատէրերով, այլ նոյնիսկ ամենէն «աղքատ» նկատուած Հայով։ Ֆրանսերէն ասոյթով՝ l’argent est le nerf de la guerre։ Ապրիլ 2-էն 5-ի պատերազմը կրնայ վերջինը չըլլալ քանի միջազգային դիւանագիտութիւնը միշտ Պիղատոսի դիրքերու վրայ կը մնայ ի խնդիր նիւթական գձուձ շահի…։ Իսկ թրքական մտայնութիւնն ալ կեավուրին պարտուիլը դիւրին-դիւրին չի մարսեր։ Մանաւանդ երբ Ազէրպայճան աշխարհին ասպարէզ կարդացող Էրտողանի մը նեցուկը կը զգայ իր թիկունքին։
Մինչ այդ Պարգեւ սրբազանի խօսքերով իսկ «աշխարհի դիմաց առանձին» Հայոց բանակը հսկայական գումարներու պէտք ունի արդիական զինանոցով օժտուելու համար։ Այսօր իսկ, քանի վաղը կրնայ ուշ ըլլալ։

Ստեփան Պօղոսեան
Մարսէյ – Ֆրանսա
«Յառաջ»

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles