Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
Պէյրութ
Տեսարանը կը ներկայացնէ փոքր հրապարակ մը: Հրապարակին մէկ անկիւնը աստիճաններու վրայ նստած է որբ տղեկ մը եւ դիմացի հարուստ տան աղմուկը մտիկ կ’ընէ: Դեկտեմբեր 31ի գիշերն է եւ ամէն տունէ ուրախութեան ձայներ կը լսուին:
ԾԵՐԸ.- Սիրելի՛ հանդիսատես, շողշողուն տուներուն ակնարկ մը նետելէ ետք այցելեցի այն խրճիթը, ուր կ’ապրի որբ տղեկ մը: Նայեցայ այդ խրճիթին պատուհանէն ներս, փնտռեցի այդ անծանօթ որբ տղեկը, բայց չգտայ զայն: Դրան առջեւ երկար սպասեցի իր վերադարձին: Չեկաւ: Յուսահատ վերադարձայ իմ խուցը: Այդ գիշեր քունը այցի չեկաւ ինծի, անվերջ այդ որբ տղեկին մասին կը մտածէի: Ինծի համար շատ կարեւոր էր զինք տեսնելը, քանի որ իրեն նամակ մը եւ նուէր մը ունիմ մօտս:
Յուսացի զինք տեսնել այս փոքր հրապարակին վրայ: Եւ՝ հրա՜շք. փոքր տղեկը հոս, տան մը աստիճաններուն վրայ նստած, անցնող ուրախ մարդիկը կը դիտէր անմեղ աչքերով:
(Ծերը քիչ մը անդին կը կենայ եւ մտիկ կ’ընէ տղեկին):
ՏՂԵԿԸ.- Այսօր Կաղանդի գիշեր է եւ բոլորը ուրախ են, մանաւանդ իմ տարիքիս պզտիկները: Բոլորը իրենց Կաղանդ Պապան ունին, իսկ ես մէկը չունիմ: Արդեօք եթէ դիմացի տան դուռը զարնեմ՝ զիս կ’ընդունի՞ն: Բայց կը վախնամ որ զիս մուրացիկ կարծելով վռնտեն: Ոչ, չեմ ուզեր անոնց դուռը զարնել: Ցուրտ է եւ իմ հոգին տաքնալ կ’ուզէ:
(Երաժշտութիւն: Քիչ ետք որբ տղեկը քնացած կ’երեւի աստիճաններուն վրայ: Ծերը կը մօտենայ եւ տղեկը կ’արթնցնէ):
ԾԵՐԸ.- Բարե՛ւ, փոքրիկ: Ի՞նչ կ’ընես հոս առանձին:
ՏՂԵԿԸ.- Կը սպասեմ:
ԾԵՐԸ.- Կը սպասես: Որո՞ւ կը սպասես:
ՏՂԵԿԸ.- Կաղանդ Պապային:
ԾԵՐԸ.- Ժամադրուա՞ծ ես:
ՏՂԵԿԸ.- Ոչ:
ԾԵՐԸ.- Հապա ինչո՞ւ կը սպասես, եթէ չես ժամադրուած:
ՏՂԵԿԸ.- Կաղանդ Պապան դիմացի տունն է: Կը սպասեմ որ դուրս գայ ու տեսնուինք:
ԾԵՐԸ.- Եթէ տեսնուիք՝ ի՞նչ ունիս ըսելիք իրեն:
ՏՂԵԿԸ.- Պիտի հարցնեմ թէ ինչո՞ւ ինծի ալ չ’այցելեր: Ինչո՞ւ մեր տուն չի գար:
ԾԵՐԸ.- Չե՞ս կարծեր որ Կաղանդ Պապան կրնայ նեղուիլ այդ խօսքերէդ: Չե՞ս կարծեր որ քիչ մը վիրաւորանք կայ բառերուդ մէջ:
ՏՂԵԿԸ.- Վիրաւորա՞նք: Կաղանդ Պապայի՞ն:
ԾԵՐԸ.- Այո, վիրաւորանք:
ՏՂԵԿԸ.- Ոչ մէկ վիրաւորանք, այլ պարզ հարցում մը, թէ ինչո՞ւ ինծի չ’այցելեր:
ԾԵՐԸ.- Կրնայ մոռցած ըլլալ:
ՏՂԵԿԸ.- Ինչո՞ւ միւս պզտիկները չի մոռնար եւ միայն զիս կը մոռնայ:
ԾԵՐԸ.- Քանի՞ տարի է որ քեզ մոռցած է:
ՏՂԵԿԸ.- Հօրս ու մօրս մահէն ետք մոռցած է մեր տան ճամբան:
ԾԵՐԸ.- Բայց չե՞ս խորհիր որ Կաղանդ Պապան այդ տունէն դուրս գալու ուշանայ եւ դուն այսպէս դուրսը, ցուրտին մսիս եւ հիւանդանաս:
ՏՂԵԿԸ.- Դուն շատ բարի ծերուկ կ’երեւիս եւ լաւ կը մտածես իմ մասին:
ԾԵՐԸ.- Ես քեզի տակաւին անակնկալ մը ունիմ:
ՏՂԵԿԸ.- Անակնկա՞լ:
ԾԵՐԸ.- Այո՛, անակնկալ:
ՏՂԵԿԸ.- Ի՞նչ անակնկալ:
ԾԵՐԸ.- Քեզի նամակ եւ նուէր եմ բերեր:
ՏՂԵԿԸ.- Նամակ եւ նուէր ո՞վ ղրկեր է:
ԾԵՐԸ.- Մի՛ հարցներ, թէ ո՞վ ղրկած է: Ինծի պատուիրած են որ չըսեմ ղրկողին անունը:
ՏՂԵԿԸ.- Քանի այդպէս է՝ մի ըսեր:
ԾԵՐԸ.- Հրամմէ նամակը եւ նուէրը:
ՏՂԵԿԸ.- Շատ շնորհակալ եմ:
ԾԵՐԸ.- Բարի գիշեր, ով պզտիկ: Շուտով տուն գնա, դուրսը ցուրտ է, կը մսիս, տուն գնա՛:
ՏՂԵԿԸ.- Գիշեր բարի, ծերո՛ւկ: Ես քեզ երբեք չեմ մոռնար:
(Հազիւ ծերը կը հեռանայ, տղեկը նամակը կը բանայ եւ կը սկսի կարդալ):
«Սիրելի՛ փոքրիկ, իմ կրտսեր զաւակս, նախ կը շնորհաւորեմ Նոր Տարիդ եւ Սուրբ Ծնունդը: Քիչ ետք երբ բանաս քեզի ղրկուած նուէրը, վստահ եմ որ պիտի զարմանաս եւ միաժամանակ շատ պիտի ուրախանաս, որովհետեւ այդ նուէրին մէջ պիտի հանդիպիս հօրդ, իր խրատներով: Այդ նուէրին մէջ պիտի գտնես ուրախութիւնդ, սփոփանքդ, բոլոր հարցերուդ եւ պէտքերուդ լուծումը: Հոն պիտի գտնես գութ ու կորով, իմաստութիւն եւ լոյս, նաեւ պիտի գտնես ուժ եւ դիմադրականութիւն: Հոն է որ քու կեանքի յաղթական ճամբուդ ուղղութիւնը պիտի տեսնես: Քալէ՛ անվախ այդ ճամբէն, Աստուծոյ ճամբէն, յաջողութիւն քեզի իմ բարի կեանքի ճամբորդս»:
(Տղեկը նուէրը կը բանայ ու կը տեսնէ Աստուծաշունչ գիրքը, կը համբուրէ եւ ուրախ ցատկռտելով կը վերադառնայ իր խրճիթը, զոր իր անմեղ աչքերով պալատ կը տեսնէ հիմա…):