ԱզգայինՅօդուածներ

ՆԻՒ ԵՈՐՔ ՆԱՀԱՆԳԻ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻՆ ԲԵՄԻՆ ՎՐԱՅ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ՆՈՐ ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԸ

Նիւ Եորքաբնակ հանրածանօթ թատերագիր Հրանդ Մարգարեանի Անգլերէնով նոր թատերախաղին՝ »Լռութիւն՝ բոլորաձեւ ծիածանի մէջ« անդրանիկ ընթերցասանութիւնը տեղի պիտի ունենայ՝ Նիւ Եորք Նահանգի Թատերական Ինսթիթութի հովանաւորութեամբ, Ապրիլ 31, Մայիս 1 եւ 2 օրերուն:
Այս առաջին անգամն է, որ Նիւ Եորք Նահանգի հռչակաւոր թատերական այս ինսթիթութը Հայ թատերագրի մը գործը կը ներկայացնէ: Ներկայացման գլխաւոր դերակատարն է հանրայայտ Լօրէյն Սրապեան, որ բազմաթիւ դերակատարութիւններ ըրած է՝ Պրոտուէի, Օֆֆ Պրոտուէի եւ հեռատեսիլի վրայ: Բեմադրութեան ղեկավարն է Րըսըլ Սէյճ Գոլէճի Թատերական բաժնի վարիչ Տէյվիտ Պէյքըր: Փրօտիւսըրն է՝ Փատրիշա Տի Պէնէտէթօ Սնայտեր:
Թատերախաղին նիւթը՝ մարդկային կորուստն է եւ անոր տառապալից փնտռտուքը: Իսկ պատմութիւնը Ընտանիքի մը մայրն է, որուն բժիշկ ամուսինը կը դատապարտուի դաւաճանութեամբ եւ կը սպաննուի 1915ին: Ան կը կորսնցնէ նաեւ իր չորս տարեկան զաւակը: Ազատելով ջարդերէն, իր կեանքին նպատակը կը դարձնէ գտնել իր զաւակը: Եւ կը սկսի ոդիսականը:
Հրանդ Մարգարեան անծանօթ անուն մը չէ: Ան գիտնական է, թատերագիր, բանաստեղծ, թատերագէտ, գրաքննադատ, բեմադրիչ եւ դերասան: Ծնած է Պասրա, Իրաք 1938ին: Նախնական ուսումը ստացած է Մարկիլի Հայ Ազգային Վարժարանին մէջ ապա յաճախած պետական երկրորդական վարժարան: Աւարտած է Պաղտատի Գիտութեանց Գոլէճը եւ 1962ին Իրաքի պետական կրթաթոշակով անցած է Ամերիկա, ուր ստացած է Մագիստրոսի ապա Տոքթորայի վկայականները տարրաբանութեան մէջ եւ Մագիստրոս վկայականը Management of Technology ճիւղին մէջ: Եղած է գիտական հետազօտող ապա՝ տարրաբանութեան Փրոֆէսոր Նիւ Եորք Նահանգի պետական համալսարանին մէջ:
Տոքթորայի ուսման զուգահեռ, թատերական դաստիարակութիւն ստացած է յաճախելով Circle in the Square, Նիւ Եորք Համալսարան եւ Schrieber Studio թատերական նշանաւոր դպրոցները:
Առաջին անգամ բեմ բարձրացած է 1956ին, Մարկիլ, Պասրա, Իրաք, Յակոբ Պարոնեանի՝ Մեծապատիւ Մուրացկաններու մէջ »բանաստեղծի«ն դերով: Առաջին բանաստեղծութիւնը հրատարակած է 1957ին Պաղտատի Գոյամարտ շաբաթաթերթին մէջ: Առաջին բեմադրութիւնը կատարած է 1958ին Պաղտատի Հայ Երկսեռ Երիտասարդաց Միութեան մէջ, իր հեղինակած բարեկենդանի սքէչներով յունական կեդրոնական ձեւաւորումով: 19581961 բեմականացումներ պատրաստած է Պաղտատի Հ.Մ.Ը.Մ.ի բեմին վրայ:
Մարգարեանի թատերական գործունէութիւնը ծաւալած է Միացեալ Նահանգներու մէջ: 19641966 բեմադրութիւններ կատարած է Հայ Գրականութեան Բարեկամներ Միութեան համար (Ռ. Սեւակի »Ջարդի խենթը«, Պ. Սեւակի՝ »Անլռելի Զանգակատուն«ը, Յակոբ Պարոնեանէն՝ թատերական պատկերներ: Պատրաստած է բազմաթիւ լսատեսողական յայտագիրներ՝ »Անիի Հազարամեակ«, »Անթիլիասի Յիսնամեակ«, »Հ.Օ.Մ.ի Յիսնամեակ« »Խ. Հայրիկ 80 ամեակ«: Գրախօսականներ հրատարակած է գրականբանաստեղծական եւ թատերական երկերու մասին:
1967ին հիմնադրած է Մասիս թատերախումբը որը յետագային վերակոչուեցաւ Համազգայինի Թատերախումբ: 2005ին հիմնադրեց Նիւ Ճըրզիի »Համազգայինի պատանեկան թատերախումբը«: Մարգարեան 19851995 վարած է »Վարագ« Պարբերաթերթի խմբագրի պաշտօնը: 2006էն իվեր անդամ է Համազգայինի Բագին Պարբերաթերթի խմբագրական կազմին:
Ան վարած է Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Նիւ Եորքի մասնաճիւղի եւ Ա.Մ.Ն.ի Արեւելեան Շրջանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետութիւնները եւ անդամ եղած է Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան 19911998:
1967էն ցայսօր, ամբողջ 43 տարի, ղեկավարն է Համազգայինի Նիւ Եորքի թատերախումբին: Հեղինակ է 27 թատերախաղերու 24 Հայերէն, 2 Անգլերէն, 1 Հայանգլերէն: Ղեկավարած է 55 թատերական ելոյթներ: Կատարած է 55 տիպարներու դերեր որոնցմէ մէկը Assignment Berlin շարժանկարին մէջ: Հրատարակած է 7 թատերախաղեր, բանաստեղծական հատոր մը՝ »Ենթաեսէն Փշրուած« եւ »Քարաձայն Պատարագ« Արեւմտեան Հայաստան կատարած ուխտագնացութեան առթիւ: 2006ին Հայաստանի Գրողների Միութեան հրաւէրով, խմբագրեց »Հայաստանի թատերագիրներ« Անգլերէն գիրքը: Իր թատերախաղերը ներկայացուած են Ա.Մ.Ն., Գանատա, Հայաստան, Լիբանան, Սուրիա, Յունաստան եւ Անգլիա:
Մարգարեան, մշակութային իր գործունէութեան համար արժանացած է հետեւեալ շքանշաններուն 1980ին »Մետալ«, Համազգայինի Ա.Մ.Ն.ի եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութիւններու կողմէ: 1987ին »Ս. Մեսրոպ Շքանշան« ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա.ի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ: 1992ին »Սփիւռքահայ Լաւագոյն Թատերագիր« Հայաստանի Գրողներու Միութեան կողմէ: 2004ին »Ոսկիայ Մետալ« Հայաստանի Մշակոյթի Նախարարութենէն: 2005ին »Ճերեճեան Թատերական Մրցանակ« Լիբանան: 2008ին »Հ.Օ.Մ.ի Ակնունի« Շքանշան, Ա.Մ.Ն.ի Շրջանային Վարչութեան կողմէ: 2008ին Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան շքանշան: 2008ին Հայաստանի Ազգային Գրադարանի »Յակոբ Մեղապարտ« շքանշանը: 2009ին Հայաստանի Թատերական Գործիչների՝ Արտաւազտ մրցանակը: Մարգարեան անդամ է նաեւ Հայաստանի Գրողների Միութեան 1992էն ի վեր :
Մարգարեան հետեւեալ չափանիշներու տէր է Միացեալ Նահանգներու մէջ, կը հանդիսանայ միակը, որ 43 տարի առանց ընդմիջումի հայկական ներկայացումներ հրամցուցած է հանրութեան: Սփիւռքի մէջ, ան միակն է, որ 19 անդրանիկ բեմադրութիւններ ներկայացուցած է: Միակ հայ բեմադրիչն է, որ հայկական խումբով Նիւ Եորքի ՕֆֆՊրոտուէյ ելոյթ է ունեցած: Համազգայինի միակ Թատերախումբն է, որ հրաւիրուած է Հայաստան 1991ին մասնակցելու Սփիւռքահայ Թատրոնի Փառատօնին: Մարգարեանի անգլերէն »Mirrors« (Հայելիներ) գործը ներկայացուած է Նիւ Եորք, ՕֆֆՊրոտուէյ, Լոնտոն, Լոս Անճըլըս, Սան Ֆրանսիսքօ, Պոսթըն, Նորթ Անտովըր եւ Նիւ Եորքի՝ Քոլումպիա եւ Քուինզ Գոլէճ համալսարաններուն մէջ: Իր մասին գրուած է՝ »Էթնիք Թատրոնը Ա.Մ.Ն.ի մէջ« գրքին մէջ եւ Միրըրս պիեսը տպուած է՝ »Ամերիկահայ թատերագիրներ« գիրքին մէջ, վերջին երկու գիրքերն ալ Անգլերէն:
Եւ ահաւասիկ նոր չափանիշ մը Հրանդ Մարգարեանին, որպէս առաջին Հայ թատերագիրը, որ կ’արժանանայ Նիւ Եորք Նահանգի Թատերական հիմնարկի բեմին վրայ բեմադրուելու:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button