
Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Վարժարանի խնամակալ մարմինը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր` շրջանաւարտներու անուանատախտակի զետեղումով յարգել վարժարանը աւարտած 75 աշակերտներն ու աշակերտուհիները:
Մայիս 19, 2011ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, դպրոցի սրահ կը մտնէին աշակերտները, այս անգամ արդէն որպէս շրջանաւարտներ: Ոմանց կ՛ընկերակցէին իրենց կեանքի ընկերներն ու փոքրիկները: Ներկայ էին` դպրոցին նկատմամբ իրենց անվերապահ աջակցութիւնը բերող կազմակերպութիւնները եւ մտահոգ անհատներ:
Բացման խօսքը կատարեց եւ յայտագիրը վարեց Խնամակալ Մարմնի ատենապետ Դոքթ. Հրանդ Մարգարեան: Յաջորդաբար խօսք առին Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ ներկայի եւ անցեալի հովիւները` Արժ. Տէր Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան եւ Տէր Մուշեղ Աւգ. քհնյ. Տէր Գալուստեան, Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ` Պր. Սեդրակ Ակոնեան, Հ.Օ.Մ.ի “Մայր“ Մասնաճիւղի ատենապետուհի` Անայիս Չոլաքեան, Համազգայինի ատենապետ` Ընկ. Աւետիս Հաճեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ներկայացուցիչ` Եղբ. Վարգէս Վարդանեան, նախկին տնօրէն` Դոկտ. Արա Գաբրիէլեան, ներկայ տնօրէնուհի` Քրիստին Րիկըլհոֆ, եւ Խնամակալ Մարմնի կողմէ Մարտօ Անաստասեան: Արտայայտուողները շեշտեցին հայ վարժարանի կոչումն ու առաքելութւնը: Շնորհաւորեցին շրջանաւարտները եւ փափաք յայտնեցին` որ անոնք նուիրուին ազգային կեանքին: Ապա Խօսք առին շրջանաւարտներէն` Տոքթ. Արտաշ Անաստասեան, Փաստաբան Սիմոն Պարտիզպանեան, Նորիքա Պոյաճեան եւ Հրայր Պէրպէրեան: Բոլոր շրջանաւարտները անխտիր, շեշտեցին Վարժարանէն ստացած Հայեցի բացառիկ ուսումը, շրջապատեցին եւ խոր երախտագիտութիւն յայտնեցին` Վարժարանի Հայերէնի ուսուցչուհի` Զմրուխտ Մարգարեանին:
Այս առթիւ, Հ.Օ.Մ.ի Մայր մասնաճիւղը, որ մի՛շտ զօրաւիգ կանգնած է Վարժարանին, իր 1000 տոլարի սրտաբուխ նուէրը յայտարարեց: Ներկաները խանդավառութեամբ դիմաւորեցին Հ.Օ.Մ.ի այս ազնիւ եւ հոգատար կեցուածքը:
Յայտագրի վերջին մասը, անուանատախտակի բացման հանդիսութիւնն էր: Անուանատախտակի շուրջ հաւաքուեցան շրջանաւարտները, հոգեւոր հայրերը, ուսուցչական կազմը եւ խնամալ մարմնի անդամները: Անուանատախտակի վարագոյրի բացման պատիւը շնորհուեցաւ վարժարանի հիմնադրութենէն իվեր գործող դաստիարակ Օր. Զմրուխտ Մարգարեանին:
Պէտք է շեշտել` որ շրջանաւարտներէն ոմանք արդէն ազգային մեր կեանքին մէջ գործօն մասնակցութիւն ունին: Անոնցմէ` Սիմոն Պարտիզպանեան, թէ՛ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչական անդամ է, թէ՛ Վարժարանի խնամալ մարմնի անդամ: Հրայր Պէրպէրեան Ս. Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամ է: Նորիքա Պոյաճեան Ս. Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհի է եւ Համազգայինի ձեռնարկներուն յաճախակի մասնակցող:
Մայիս 19, 2011ը անմոռանալի օր պիտի ըլլայ Նիւ Եորքի համայնքին համար, որովհետեւ, համայնքը ականատես կ՛ըլլար իր հաւաքակա՛ն ճիգի արդիւնքին: Ցանքը հունձք տուած էր` 75 շրջանաւարտ: Խորհուրդը օրուա՞ն` Հայ վարժարանը ազգային մեր կեանքի կառուցմա՛ն եւ յարատեւմա՛ն ամենազօրաւոր ազդակն է:
Կը շնորհաւորենք շրջանաւարտները, ծնողները, օժանդակող կազմակերպութիւնները, Ս. Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ զոյգ հովիւները, հոգաբարձական կազմը, բարերարները եւ ուսուցչական կազմը եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք Վարժարանին: