Մոսկուայի Եւ Կարսի Համաձայնագիրներու 100-Ամեակ.- Երեւանի Մէջ Միջազգային Գիտաժողով

0 0
Read Time:5 Minute, 51 Second

ԵՐԵՒԱՆ.- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19-ին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ «Հայաստանը եւ տարածաշրջանը. դասեր, արժեւորումներ, հեռանկարներ» խորագիրով եռօրեայ միջազգային գիտաժողովը` նուիրուած 1921 թուականին կնքուած Մոսկուայի եւ Կարսի համաձայնագիրներու 100-ամեակին: Գիտաժողովը կ՛իրականանայ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդին եւ «Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն» գիտահետազօտական հիմնադրամի միացեալ նախաձեռնութեամբ:

Գիտաժողովին օրհնութեան խօսքեր արտասանուեցան Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն կողմէ:

Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ, ակադեմիկոս Աշոտ Սաղեան, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռոպերթ Ղազարեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Գիտաժողովին` «Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրերը. դասեր 100-ամեայ հեռաւորութիւնից» եւ «Արժեւորումներ պատմաիրաւական եւ քաղաքական տեսանկիւնից» եւ այլ նիւթերով զեկուցումներով հանդէս կու գան անուանի պատմաբաններ, հայաստանցի եւ միջազգային մասնագէտներ, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գիտաշխատողներ եւ արտասահմանեան անդամներ:

Գիտաժողովը իր աշխատանքները կը շարունակէ 20-21 հոկտեմբերին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան շէնքին մէջ:

Գիտաժողովի բացման նիստին,  Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի ելոյթը Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներու 100-ամեակին նուիրուած «Հայաստանը եւ տարածաշրջանը. դասեր, արժեւորումներ, հեռանկարներ» խորագիրով միջազգային գիտաժողովին.

«Գերաշնո՛րհ սրբազան հայրեր, գիտաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի յարգելի՛ անդամներ, յարգարժա՛ն զեկուցողներ, պատուարժա՛ն հիւրեր եւ սիրելի՛ մասնակիցներ,

Քեմալա-պոլշեւիկեան փոխհամաձայնեցուած ռազմաքաղաքական համագործակցութեան հետեւանք հանդիսացող Մոսկուայի 1921 թուականի մարտի 16-ի եւ անոր ածանցեալ Կարսի 1921 թուականի Հոկտեմբերի 13-ի պայմանագիրները հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու կոպիտ ոտնահարումներ են եւ Սեւրի դաշնագիրի չէզոքացման փորձ: Կարսի փաստաթուղթի վաւերականութեան հարցը արդիական է նաեւ մեր օրերուն, քանի որ անով պայմանաւորուած է ներկայի հայ-թրքական սահմանը: Ակնյայտ իրողութիւն է, որ այդ պայմանագիրները անարդարութեան դրսեւորումներ են հայութեան նկատմամբ. սակայն, հիմնախնդիրը ո՛չ այնքան այդ անարդարութեան մասին վերահաստատում ընելն է, որքան նոր անարդարութիւններէ խուսափելու ելքեր որոնելը:

Միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն թէ՛ Մոսկուայի, թէ՛ Կարսի պայմանագիրները անօրինական գործարքներ են եւ չեն կարող իրաւական ուժ ունենալ: Զանոնք կնքող կողմերէն եւ ոչ մէկը այդ օրերուն կը հանդիսանար միջազգային իրաւունքի ենթակայ:

Անշուշտ այդ պայմանագիրները պատմագիտականէ անդին քաղաքական հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն: Հնարաւոր սխալներէ խուսափելու, նախկին սխալները չկրկնելու համար, այնուամենայնիւ կարեւոր են այդ պայմանագիրներու գիտական քննարկումները: Անհրաժեշտ է անոնցմէ բխող առաջարկները ներկայացնել թէ՛ քաղաքական դաշտին եւ թէ՛ հասարակութեան: Այլ կերպ ըսած` այս գիտաժողովը պատմաճանաչողական նշանակութենէն աւելի գիտական, գործնական եւ քաղաքական նշանակութիւններ պիտի ունենայ:

Բնականաբար 100 տարի անց այս պայմանագիրները իրենց ամբողջ էութեամբ կը մտատանջեն հայ ժողովուրդը եւ անոր բարեկամները: Տարածաշրջանին մէջ այսօրուան աշխարհաքաղաքական զարգացումները բազմաթիւ նմանութիւններ ունին 100 տարի առաջ եղած իրավիճակին հետ: Այս հանգամանքն ալ նաեւ կը ստիպէ վերաքննել այդ օրերուն տեղի ունեցածը:

Պէտք չէ մտահան ընել նաեւ, որ ուղղակի կապ կայ այս պայմանագիրներու վերանայման հարցին եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման եւ անժամանցելի իրաւունքներու վերականգնման միջեւ: Այս պայմանագիրներու իրաւականութեան, անոնց վերանայման հնարաւորութիւններուն, անոնցմէ բխող հետեւանքներուն եւ հարցերուն պատասխանն է, որ կ՛ակնկալենք ստանալ նաեւ այս գիտաժողովէն:

Անշուշտ, մեր պատմագիտական միտքը անդրադարձած է այս իրողութեան, նաեւ քաղաքական շահարկումներ եւ անդրադարձներ ալ եղած են: Այս պայմանագիրները վերլուծումներու ենթարկուած են թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ: Սակայն մենք կը կարծենք, որ տակաւին քննարկումներու տեղ կայ: Թերեւս այս առումով իսկ կարեւոր էր նաեւ Հայաստանէն դուրս մասնագէտներու ներգրաւումը: Գիտաժողովի մասնակիցներու կազմը` ներկայացուցչական է եւ պատկառելի, ինչ որ յոյս կը ներշնչէ, որ այս բարձրորակ գիտաժողովը իր աւարտին հետաքրքրական եւ օգտակար եզրակացութիւններու պիտի յանգի:

Հայաստանի անկախ հանրապետութեան վերընձիւղման նախորդող հարիւրամեակի ընթացքին հայ ժողովուրդը անցած է արհաւիրքներէ, ճաշակած` աննկարագրելի դառնութիւններ, բայց միշտ ալ վերագտած է իր գոյատեւելու, պայքարելու վճռակամութիւնը: Այսօր ալ, արցախեան երկրորդ պատերազմի աղէտէն մէկ տարի անց

համահայկական ցնցումի եւ յուսալքութեան ալիքը դեռ կը յամենայ. Վստահ ենք, սակայն, որ այդ ընկճուած վիճակը շուտով կը դադրի եւ մենք կը դիմենք ապագային` վերականգնելու եւ նոր յաղթանակներ կերտելու յանձնառութեամբ:

Մեր խորին շնորհակալութիւնները հայրենի ու տարբեր երկիրներէ ժամանած ականաւոր զեկուցաբերներուն, մասնակիցներուն եւ հիւրերուն, որոնք ընդառաջելով մեր հրաւէրին այսօր համակողմանի քննարկման պիտի ենթարկեն այս պայմանագիրներու ազդեցութիւնը Հայաստանի ու տարածաշրջանի ճակատագիրին վրայ եւ պատմութեան դասերէն մեկնած կատարեն արժեւորումներ ու ներկայացնեն հաւանական հեռանկարներ:

Շնորհակալութիւն եւ յաջողութիւն»:

Շահան արք. Սարգիսեան կարդաց Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական օրհնութեան գիրը, զոր կու տանք ստորեւ..-

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու պայծառ ապագայի տեսլականով կ՛ողջունենք ձեզ, եւ Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք ներկայ գիտաժողովը կազմակերպողներուն:

Վտանգալից զարգացումներով լեցուն Կովկասի եւ յատկապէս Հայաստանի պատմութեան ներկայ փուլին տեղի ունեցող այս գիտաժողովը կոչուած է դառնալ տարբեր` ակադեմական այլ գիտաժողովներէն: Տարբեր` իր բնոյթով. տարբեր` իր պատգամով. տարբեր` իր այժմէականութեամբ. տարբեր` մանաւանդ իր մարտահրաւէրով:

Արդարեւ, 1921 թուականի հոկտեմբեր 13-ին մէկ կողմէն` Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի եւ միւս կողմէն` Թուրքիոյ միջեւ, Ռուսիոյ մասնակցութեամբ ստորագրուած «Կարսի պայմանագիր» անունով ծանօթ տխրահռչակ պայմանագիրին համաձայն, Թուրքիոյ կը փոխանցուի Կարսի մարզը ամբողջութեամբ եւ Սուրմալուի գաւառը ու Արարատ լեռը իրենց յարակից շրջաններով. իսկ Ազրպէյճանի կը փոխանցուի Նախիջեւանը, որպէս ինքնավար մարզ: Փաստօրէն Ստալինի ճնշումով Խորհրդային Հայաստանը կը կորսնցնէ իր տարածքին շուրջ կէսը, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կը գծուի նոր սահմանագիծ եւ Հայաստանը կը ճանչնայ Թուրքիոյ ներկայ սահմանները, այլ խօսքով` հողային ամբողջականութիւնը: Այսպէս, կարճ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, Հայոց ցեղասպանութենէն եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան Խորհրդայնացումէն ետք, հայ ժողովուրդը կը ստանայ այս երրորդ ահաւոր հարուածը:

Պատմագիրներ ու իրաւագէտներ արդարօրէն հարցականի տակ կ՛առնեն յիշեալ պայմանագիրին օրինականութիւնը (legitimacy) եւ իրաւականութիւնը (legality), որովհետեւ ան չի համապատասխաներ միջազգային օրէնքին եւ միջպետական համաձայնագիրներու սկզբունքներուն եւ գործընթացներուն: Խնդրայարոյց է նաեւ օրինական ընթացքով պայմանագիրին վաւերացուած ըլլալու հարցը: Հետեւաբար, իրաւական հիմքերէ զուրկ անօրինական եւ անվաւեր յիշեալ պայմանագիրի գործադրութիւնը եղած է ապօրէն, համաձայն միջազգային օրէնքին: Վստահաբար այս եւ յարակից հարցերը լայնօրէն պիտի քննարկուին գիտաժողովին կողմէ:

Այսօր, երբ աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակ է ստեղծուած Կովկասի մէջ, երբ Ազրպէյճան նոր պահանջներ ու պայմաններ կը դնէ Հայաստանի առջեւ, երբ Ազրպէյճանի յաղթանակ պարգեւած Թուրքիան այսպէս կոչուած բարի դրացնութեան ձեռք կ՛երկարէ Հայաստանին եւ դրական արձագանգ կը ստանայ Հայաստանէն, եւ երբ Ռուսիան եւ Թուրքիան իրենց ազգային եւ հասարակաց շահերէն մղուած սկսած են տիրական ներկայութիւն դառնալ շրջանին մէջ, Կարսի պայմանագրի վերարժեւորումը ու անոր այժմէականութեան վերաշեշտումը աւելի քան հրամայական է:

Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակի Մեր պատգամին մէջ յիշեցուցած էինք, թէ` ռազմաքաղաքական շահերու վրայ հաստատուած ու ծաւալապաշտական հեռանկարներէ առաջնորդուած եւ համաթրքական նոր դաշնակցութիւն մը սկսած է կազմաւորուիլ Կովկասի մէջ` Թուրքիոյ առաջնորդութեամբ ու Ազրպէյճանի մասնակցութեամբ միաժամանակ` տարածաշրջանէն անդին երթալու նշաններ ցոյց տալով: Արդարեւ, Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրները փաստօրէն պարտադրուեցան Հայաստանին: Այսօր Հայաստանին նոր պայմանագիրներ պարտադրելու բացայայտ մթնոլորտ մը կը տիրէ տարածաշրջանին մէջ: Զգո՜յշ® պատմական Հայաստանէն մնացած կտոր մը հողի վրայ իր անկախութիւնը վերահաստատած Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձեալ զոհ չդառնայ իր շուրջ տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական նոր խմորումներուն:

Շրջանի աշխարհագրութիւնը կարելի չէ փոխել: Սակայն, կարելի է եւ` հրամայակա՛ն, աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ պայմաններուն համահունչ այնպիսի մօտեցումներ որդեգրել, որոնք չեն վտանգեր Հայաստանի Հանրապետութեան գերագոյն շահերն ու անոր ապագան: Դիւանագիտութեան մէջ հարկ է ըլլալ ճկուն, բայց ո՛չ պարտուողական. իրատես, բայց` ո՛չ զիջող: Հայաստանի անկախութեան ու գերիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան ու անվտանգութեան անվթար պահպանումը մեր ժողովուրդին համար ազգային սրբութիւն է:

Հայաստանը շրջապատող վտանգները ճիշդ չէ կառավարական ընթացիկ որոշումներով դիմագրաւել: Հրամայական է, ինչպէս յաճախ յիշեցուցած ենք, ճակատագրական կարեւորութիւն ներկայացնող հիմնահարցեր համազգային տարողութեամբ քննարկել ու համապատասխան դիրքորոշումներ ճշդել: Հայութեան մեծամասնութիւնը կազմող սփիւռքը իր հարուստ փորձառութեամբ ու բազմակողմանի կապերով իր ըսելիքը ու ընելիքն պէտք է ունենայ համազգային բնոյթ ու տարողութիւն ունեցող խնդիրներու գծով:

Այս մտածումներով ու մանաւանդ սպասումով դարձեալ կ՛ողջունենք ձեզ` մաղթելով յաջողութիւն ձեր քննարկումներուն մէջ:

Հայրական սիրով ու օրհնութեամբ,

Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

18 հոկտեմբեր 2021
Անթիլիաս, Լիբանան»

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles