Մկրտութեան Արարողութիւն՝ Աղաւնոյի Մէջ

0 0
Read Time:45 Second


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ («Ապառաժ»)․- Հոկտեմբերի 3-ին Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ համայնքի Նահատակաց Սուրբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ մկրտութեան արարողութիւն:
Աղաւնոյ համայնքի ղեկավար, Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Անդրանիկ Չաւուշեանը շեշտեց, թէ, այս արարողութիւնը վաղուց նկատի առնուած էր։
«Թշնամին պէտք է իմանայ, որ հայն իր հողի վրայ ապրում է, համախմբուած է եւ, անկախ օրուայ իրավիճակից, հաւատարիմ է իր հողին ու հաւատին», յայտնեց Անդրանիկ Չաւուշեան: Այսպէս, մկրտութեան սրբազան արարողութեամբ իրենց հաւատքը հաւաստագրեցին Աղաւնոյի 59 բնակիչները:
Մկրտութեան արարողութիւնը կատարեց Արցախի թեմի Առաջնորդ Տ. Վրթաննէս եպիսկոպոս Աբրահամեանը:
Նշենք, թէ Ամերիկայի Հայ Մշակութային Ընկերակցութեան «Արցախ Ֆոնտ»-ը զանազան ծրագրերով իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աղաւնոյի վերականգնման եւ վերաշինութեան։ Յատկապէս տեղւոյն դպրոցի եւ գիւղապետարանի շէնքին կացութեան վերանորոգման գործին նպաստներ կը տրամադրուին:
Այս գծով տարեսկիզբին, «Արցախ Ֆոնտ»-ի ներկայացուցիչները ժամանած էին Աղաւնոյ, իրենց հետ բերելով կենցաղային իրերու եւ սնունդի բաւարար քանակ, Նիւ Ճըրզի եւ Նիւ Եորք շրջանի մէջ հաւաքուած հագուստներ, որոնք տրամադրուեցան Աղաւնոյ ընտանիքներուն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles