
ԱԹԷՆՔ.- Հռչակաւոր օփերայի երգիչ Փլասիտօ Տոմինկոյի նախագահութեամբ, գումարուած ծ “Եուրոփա Նոսթրա“ կազմակերպութեան յիսնամեակի յոբելենական հաւաքին առիթով, մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, հաստատուեցաւ թէ` Մարտինի Սուրբ Գէորգ Հայկական Եկեղեցին, Եւրոպայի Ամենէն աւելի վտանգուած յուշարձաններէն մէկն է:
Մշակութային ժառանգութեան պաշտպան կանգնող “Եուրոփա Նոսթրա“ի տարածած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի. “Եւրոպայի մշակութային եւ բնութեան ժառանգութեան այդ գանձերը սպառնալից վիճակի մէջ են` անհրաժեշտ գումարներու կամ փորձաքննութեան բացակայութեան, վատ ծրագրումի, անփութութեան, բնական աղէտներու եւ քաղաքական տագնապներու հետեւանքով“:
Հանդէս գալով մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, “Եուրոփա Նոսթրա“ի նախագահ, մեծահռչակ թենոր Փլասիտօ Տոմինկօ ըսած է. “Այս յուշարձաններն ու վայրերը ընտրուած են ոչ միայն այն պատճառով, որ անոնք կը պատմեն մեր ընդհանուր անցեալէն մասնիկներ, այլ որովհետեւ, անոնք արժէքաւոր են իրենց պահպանութեան պարտաւորութիւնը կրող տեղական համայնքներուն համար“:
“Մօտաւորապէս 15 դար, Սուրբ Գէորգ եկեղեցին Մարտին քաղաքի մեծ հայ համայնքին հոգեւոր օճախը հանդիսացած է: Պատմական յուշարձան դասակարգուած սոյն շինութիւնը կառուցուած է 420ին եւ օգտագործուած է հայ բնակչութեան կողմէ մինչեւ 1915, մինչեւ հայերուն կողմէ քաղաքը լքելը“, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Միաժամանակ կը նշուի, որ յուշարձանը փրկելու մտահոգութիւնը “Եուրոփա Նոսթրա“ին ներկայացուած է` Մարտինի Հայ Կաթողիկէ համայնքի հիմնադրամին աջակցութեամբ:
“Եօթ ամենավտանգուած վայրեր“ ծրագիրը մեկնարկած էր 2013ի Յունուարին, որմէ ետք 21 եւրոպական երկիրներ ներկայացուցած էին 40 թեկնածու: Այս ծրագիրին կ՛աջակցի Եւրոպական ներդրումներու դրամատունը:
Յուշարձաններու եօթնեակը կ՛ընդգրկէ նաեւ մշակութային ժառանգութեան օրինակներ` Ալպանիայէն (Տիւրէսի հռովմէական ամփիթատրոնը), Կիպրոսէն (Նիկոսիոյ քաղաքի կեդրոնը), Ֆրանսայէն (Պրիանսոն շրջանի Վօպան պարիսպը), Փորթուկալէն (Սեթուպալի վանքը), Իտալիայէն (Սան Պենետեթոյի վանքը), եւ Ռումանիայէն (Ռօզիա Մոնթանա շրջանը):