
ՆԱՅԻՐԻ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ-ՊԱԼԱՆԵԱՆ
Ա. Վռամեան ըսած է.- «Ազգերու մայրը կինն է, կ՛ըսեն իմաստունները,- մենք ըսենք՝ ազգերու ամբողջ բարոյական աղբիւրը: Հասարակ ճշմարտութիւն մըն է եղած, որ հոն, ուր կինը ստրուկ է, ուր ոտնակոխ եղած արարած մըն է ան – հոն բարքերը կոպիտ են ու ինկած»: Կնոջ տալու համար ոյժ, պատեհութիւն իր կարողութիւնները սպաս դնելու իր Ազգին համար եւ ունենալու իր արժանի տեղը, Սեպտեմբեր 1910¬ին, Ակնունին՝ Խաչատուր Մալումեանը Ամերիկայի մէջ հիմնեց Հ.Յ.Դ. Կարմիր Խաչը, որուն Առաջին Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ Համաշխարհային Ա. Պատերազմի օրերուն, 1915ի Մայիս 30-31ին: Այդ ժողովը կը զբաղէր օրուան անմիջական ու հրատապ հարցերով եւ կը կազմէր իր աշխատանքի ծրագիրը հետեւեալ կէտերով.-
– Հանգանակութիւն՝ օգնութեան հասնելու համար հայ բեկորներուն,
– Հանդերձահաւաք՝ Կովկաս ապաստանած գաղթականներու համար,
– Հիւանդապահներու մարզում, զանոնք պատերազմի ճակատ ղրկելու
– Անդամներու յատուկ հայերէն դասընթացքներ,
– Անդամարշաւ,
– Հայկական դպրոցներու դասընթացքներու հաստատում Հայաշատ վայրերու մէջ՝ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան համար:
Մեր Պատմութեան ամենացաւալի օրերուն, երբ մեր Ազգը իր գողգոթան կ՝ապրէր, մեր Ազգի առաջնորդները, գիտակցելով Հայ Դպրոցի անհրաժեշտութեան, որոշեցին բանալ միօրեայ դպրոցներ, որոնցմէ մեծ խումբ մը տակաւին կը շարունակէ գործել զանազան հայաշատ գաղութներէ ներս:
Արդէն Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցին դարերէ ի վեր գիտակցելով Հայ Դպրոցի կարեւորութեան, եկեղեցւոյ կողքին, միշտ բացած է դպրոց մը եւ 1961¬ին, միանալով Հ.Օ.Մ.-ի կազմեցին Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը, որ կազմուած է Ազգային Առաջնորդարանի ներկայացուցիչներէ եւ Հ.Օ.Մ.-ի ընկերուհի ներկայացուցիչներէ, Առաջնորդի գլխաւորութեամբ, բարոյապէս օգնելու եւ նիւթեր հայթայթելով սատարելու Միօրեայ վարժարաններու:
ՇԻՔԱԿՈՅԻ ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՄԻՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ
Շիքակոյի Դանիէլ Վարուժան Միօրեայ վարժարանը հիմնուած է 1969-ին եւ հովանաւորուած Հ.Օ.Մ.-ի եւ Ազգային Խորհուրդի կողմէ:
Վարժարանը մեծ դեր խաղացած է Շիքակոյի Ամերիկա Հայ գաղութին համար, սորվեցնելով մանուկներուն Հայերէն գրել, կարդալ, խօսիլ եւ քերականութիւն, այդպէս վառ պահելով Հայ Լեզուն: Անոնք մօտէն ծանօթացած են Հայ երաժշտութեան, կրօնի եւ բանաստեղծութեան: Մեծապէս քաջալերուած են զօրաւոր բարեկամական կապեր հաստատելու իրենց ընկերներուն հետ: Բարեկամութիւն, որ բոլոր կեանքի ընթացքին պիտի շարունակուի:
Վարժարանը ունի 95-100 աշակերտներ եւ 15 ուսուցիչներ եւ օգնականներ:
Տեղւոյն Հ.Օ.Մ.ի «Զապէլ» մասնաճիւղն ու Հոգաբարձութիւնը կը հովանաւորեն վարժարանը, պատրաստելու այսօրուայ եւ ապագայ Հայ Սերունդները լաւագոյն Հայկական Կրթութիւն հայթայթելով:
ՏԻԹՐՈՅԹԻ ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՄԻՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ
Տիթրոյթի Զաւարեան վարժարանը սոյն դպրոցներէն մէկն է: Տիթրոյթի Հ.Օ.Մ.ը կազմուած է 1913ին, «Տէյըրլի» անունով, որ ապա կոչուած է «Աստղիկ» մասնաճիւղ եւ 1915¬ին հիմնած են վարժարան մը Զաւարեան Ակումբին մէջ եւ ունեցած մեծ թիւով աշակերտներ:
1956¬էն մինչեւ 1964 կը կազմուին զանազան Հ.Օ.Մ.ի մասնաճիւղեր Տիթրոյիթի զանազան շրջաններուն մէջ եւ իւրաքանչիւրը կը հովանաւորէ իր միօրեայ դպրոցը:
1942¬ին կը կազմուի Հ.Օ.Մ.ի Միջ-Վարչական մարմինը, որ կը ներկայացնէ Հ.Օ.Մ.-ի հինգ քոյր մասնաճիւղերը եւ պատասխանատուն է Հ.Օ.Մ.ի Զաւարեան Միօրեայ Վարժարաններուն եւ անոնց ծախսերուն:
1973-ին Տիրպորն Միշիկըն քաղաքին մէջ կը բացուի Հ.Օ.Մ.ի Ամէնօրեայ վարժարանը քսան աշակերտներու համար եւ դասերը տեղի կþունենային Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ յարակից դասարաններուն մէջ: 1976-ին Տիթրոյիթի հայութեան ճիգերով եւ Հ.Օ.Մ.ի օժանդակութեամբ դպրոցը ունեցաւ իր նոր շէնքը, 123 աշակերտներու համար, Մանկապարտէզէն մինչեւ 5¬րդ դասարան: 13 տարիներ շարունակուելէ ետք, աշակերտութեան թիւի սակաւացման եւ նիւթական պատճառներով վարժարանը իր դռները կը փակէ, սակայն Զաւարեան Միօրեայ վարժարանը կանգուն կը մնայ, նախ չորս տարբեր արուարձաններու մէջ, Ա-Ե դասարանները եւ 2009-էն ի վեր չորս դպրոցները միացած են Ամերիկեան Վարժարանի մը մէջ, շաբթուան մէջ օր մը, ժամը 5:30-7:30: Ամերիկածին մեր չորրորդ սերունդին կը դասաւանդուին Հայերէն լեզու, Հայոց Պատմութիւն, երգ եւ պար: Ունի տնօրէն, երեք ուսուցիչներ եւ երկու օգնականներ, երեսուն աշակերտներ 4-16 տարիքով:
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՀԱՄԱՍՏԵՂ ՄԻՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ
Համաստեղ վարժարանը հիմնուած է զօրաւոր եւ շատ լաւ կազմակերպուած հիմերու վրայ: Ունեցած է եւ ունի նուիրեալ տնօրէններ եւ ուսուցիչներ եւ մեծ թիւով աշակերտներ: Դասերը տեղի կ`ունենան Կիրակի եւ կը սորվեցնեն Հայերէն կարդալ, գրել, խօսիլ, երգել պարել, կրօնագիտութիւն, Հայոց Պատմութիւն, Մշակոյթ եւ Ազգային Ժառանգութիւն:
Հ.Օ.Մ.-ի Ազգային Միօրեայ վարժարանները կը բոլորեն իրենց Հարիւրամեակը: Հիմնուած են նուիրեալ անձերու երազականով եւ պահպանուած անոնց տքնաջան ու համոզուած աշխատանքով ու ջանքերով:
Լուսաւորչի Կանթեղը փոխանցուած է այսօր մեզի: Եկեղեցին Հ.Օ.Մ.ի եւ այլ կազմակերպութիւններու կողքին այսօր պէտք է մեծ ջանք թափէ քաջալերելու Հայկական Վարժարաններուն, որովհետեւ որպէս Ազգ գոյատեւելու եւ մեր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին զօրաւոր պահելու համար մենք պէտք ունինք Հայրենասէր, նուիրուած եւ ինչու չէ մասամբ հայախօս ապագայ սերունդի մը:
Ընկ. Հուրի Իփէկեան ըսած է «Դարերէ ի վեր, մեր Հ.Օ.Մ.¬ի նպատակը եղած է միշտ պահպանել անցեալը, փրկել, կազմակերպել ներկան եւ ապահովել ապագան»:
ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՄԻՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ
Ֆիլատելֆիոյ Հայկազեան վարժարանի Ծննդոցը կ՝երթայ մինչեւ 1910ը, երբ դասընթացքները տեղի կ~ունենային տուներէ ներս, կամ վարձուած սրահներու մէջ, մինչեւ 1926, երբ գնուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հին շէնքը եւ դպրոցը շարունակուեցաւ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ մինչեւ 1934 երբ փակուեցաւ եկեղեցին, սակայն վարժարանը շարունակուեցաւ երկու վայրերու մէջ, Ֆիլատելֆիոյ Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններուն մէջ, հովանաւորութեամբ Հ.Օ.Մ.ի ընկերուհիներուն: Արեւելեան շրջանի վարժարանը կոչուեցաւ Հայկազեան վարժարան, իսկ Արեւմտեանը՝ Վարուժան, որ տեւեց մինչեւ 1957-ը: Նոյն տարին Հ.Օ.Մ.-ի միացան Հ.Յ.Դ.-ը, Արաբկիրի եւ Մալաթիոյ Հայրենակցական Միութիւնը, Հոգաբարձութիւնն ու Տիկնանց Միութիւնը, սատարելու Հայկազեան Վարժարանի գոյատեւման: Երկու ինքնաշարժներու շնորհիւ աշակերտները կը փոխադրուէին վարժարան: Սկսաւ նաեւ երէցներու համար Հայերէնի դասընթացքներ, որ տեւեց երեք տարիներ:
1961-էն ի վեր Հայկազեան վարժարանը կը կառավարուի Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի, ինչպէս նաեւ մասնաւոր յանձնախումբի մը կողմէ, կազմուած Հ.Օ.Մ.ի զոյգ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն, հոգաբարձութեան ներկայացուցիչին եւ Տէր Հօր:
Հայկազեան Վարժարանը շնորհիւ իր նուիրեալ ուսուցչական կազմին կը շարունակուի եկեղեցւոյ յարակից դասարաններուն մէջ: Ունի 20-23 աշակերտներ 3 ուսուցչուհիներ, օգնականներ եւ Պատւոյ Տնօրէնն է Տէր Հայրը: Զանազան ժամանակաշրջաններ ունեցած է նաեւ տնօրէն: Հայկազեանը ունի նաեւ երէցներու երեկոյեան դասընթացք:
Հայկազեան վարժարանի աշակերտները կը մասնակցին Հ.Օ.Մ.¬ի շարադրութեան մրցման, ապահովելով սքանչելի արդիւնքներ: Առաջին հանդիսացան Համազգայինի Արեւելեան Շրջանի կազմակերպած Ընդհանուր Զարգացման Մրցման: Մասնակցեցան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած գծագրութեան մրցման, ուր աշակերտներէն մին յիշատակութեան արժանացաւ: Ամէն տարի Հայկազեան Վարժարանը գաղութին կը ներկայացնէ եզակի Հանդէս մը, երգերու, պարերու եւ ներկայացումներու հաւաքածոյ մը:
ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՍԻՒԶԱՆ ԵՒ ՅՈՎՍԷՓ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Սբ. Սարգիս Սիւզան եւ Յովսէփ Յակոբեան Շաբաթօրեայ վարժարանը հիմնուած է 1960ի սկիզբները, վարժարանի բարերարներու՝ Տէր եւ Տինին Սիւզան եւ Յովսէփ Յակոբեաններու կողմէ: Ժամանակի ընթացքին աշակերտութեան թիւը բազմացաւ եւ դասարանները Մանկամսուրէն մինչեւ 6-րդ դասարան: Դպրոցը ունի մասնայատուկ դասարան մը շրջանաւարտներու համար, պատրաստելու աշակերտները Համազգայինի կազմակերպած Ընդհանուր Զարգացման մրցման, ապահովելով բացառիկ յաջողութիւն, աշակերտները ճիշտ պատասխանելով բոլոր հարցումներուն: Ներկայիս դպրոցը ունի 72 աշակերտներ, 9 լեզուի, մէկ պատմութեան ուսուցիչներ, մէկ երաժշտութեան ուսուցիչ մը որ դաշնակահար է, քարտուղար մը եւ երեք օգնականներ: Դպրոցը ունի Արեւելահայերէնի եւ Արեւմտահայերէնի դասեր, սկսեալ Առաջին դասարանէն մինչեւ վեցերորդ:
ՍՈՒՐԲ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Սուրբ Լուսաւորիչ Միօրեայ վարժարանը հիմնուած է 1930 ին, Ուաշինկթըն Հայթց, Նիւ Եորքի՝ Պրոնքսի շրջանին մէջ, ապա փոխադրուած է Ս. Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը, Մանհաթըն Նիւ Եորք:
1975-1990 Շաբաթօրեայ վարժարանը գործած է Ուտսայտ, Նիւ Եորքի մէջ:
1977-ին կը սկսի Ս. Լուսաւորիչ Ամէնօրեայ վարժարանը, սակայն Շաբաթօրեան ալ կը շարունակուի մինչեւ 1990:
2013ի սկիզբը Ս. Լուսաւորիչ Շաբաթօրեայ Վարժարանի փորձնական շրջանը կը վերսկսի Ուտսայտի Նիւ Եորքի մէջ: Ամէնօրեայ վարժարանը դժբախտաբար կը փակուի:
Աւելի լուրջ, դպրոցական լրիւ տարեշրջան սկսած են 2014 Սեպտեմբերին, 23 աշակերտներով:
2014-2015 տարեշրջանը աւարտած են 19 աշակերտով (3-12 տարեկան), բաժնուած՝ 3 հիմնական դասարաններու:
Անունով, առաքելութեամբ եւ ենթակայութեամբ կարելի է այս դպրոցը նկատել նախապէս գործող Ս. Լուսաւորիչ Ամէնօրեայ Վարժարանի շարունակութիւնը:
ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՆԱՐԵԿ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ
Ռիճֆիլտի Սրբց. Վարդանանց Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան յաջորդող տարին, 1960-ին հիմը դրուեցաւ «Նարեկ» Վարժարանին:
Սկզբնական շրջաններուն աշակերտները կը խմբուէին եկեղեցւոյ հովիւին եւ մի քանի դաստիարակներու շուրջ, որոնք ոչ գիրք ունէին ոչ ծրագիր, բայց գիտակից ազգայիններ էին եւ կը փոխանցէին Ազգին երեւելի դէմքերուն ու դէպքերու պատմութիւնը եւ գոյատեւելու պաքարը, կը սորվեցնէին տոհմիկ երգն ու պարը վառ պահելով մշակոյթը այդ մատղաշ հոգիներուն մէջ: Հետզհետէ, Առաջնորդարանի Ազգային Ուսումնական խորհուրդի (ANEC) մշակած ծրագրին հետեւելով, Նարեկ Շաբաթօրեայ Վարժարանը ունեցաւ օրինաւոր կառոյց իր մանկապարտէզէն մինչեւ 7-րդ դասարաններ:
Նարեկ Վարժարանը իր գոյութիւնը կը պարտի ազգասէր բարերարներու, Հայ Օգնութեան Միութեան, դպրոցին խնամակալ եւ օժանդակ մարմիններուն, նուիրեալ տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ անձնազոհ ծնողներու, որոնք ի գին ամէն զոհողութեան, իրենց զաւակները կը փութացնեն ամէն շաբաթ օր այս լոյսի օճախին:
ՊՈՍԹԸՆԻ ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ
Պոսթընի շուրջ գտնուող տարբեր աւաններուն մէջ Հ.Օ.Մ.-ը սկսած է դասընթացքներ 1937-ին միացնելով վերածած է միօրեայ վարժարանի: Երբ Կիլիկիոյ Թեմը կը հաստատուի 1960¬ին, Հ.Օ.Մ.-ը Ազգային Իշխանութեան կը յանձնէ շաբաթօրեայ դպրոցները, այն ատեն դպրոցը կը կոչուի Մեծագոյն Պոսթընի Սբ. Ստեփանոս Շաբաթօրեայ Հայ Դպրոց: Մինչեւ 1987 դպրոցի բարձրագոյն դասարանն էր 8-րդ կարգը, ապա հաստատուեցաւ 9-րդ, որ շարունակուեցաւ մինչեւ 1999-2000 դպրոցական տարեշրջան: 2000-2001 տարեշրջանին հաստատուեցաւ 10րդ դասարանը հիմը դրուելով Երկրորդական բաժնին: 2003 Յունիսին դպրոցը տուաւ երկրորդականի առաջին իր հունձքը:
Ներկայիս դպրոցը ունի Մանկամսուրէն մինչեւ 12-րդ դասարան: Աշակերտութեան թիւն է 152: Տնօրէնուհիի կողքին դպրոցը ունի 15 ուսուցիչ, ուսուցչուհիներ, 2 օգնական ուսուցչուհիներ եւ մէկ կամաւոր օգնականուհի, որ դպրոցի շրջանաւարտներէն է եւ 4 փոխ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ: Դպրոցը բոլորեց իր 78-րդ տարեշրջանը:
Դպրոցի դասընթացքը շաբաթը միայն երեք ժամ է: Շաբաթ օրերը. կը դասաւանդուին Հայերէն, գրականութիւն, Հայոց Պատմութիւն, հայկական պարն ու երգը:
Դպրոցը իր մասնակցութիւնը կը բերէ եկեղեցական արարողութիւններուն՝ Ճրագալոյցի եւ Խթման երեկոները, Ս. Գիրքի ընթերցումներ կատարելով: Մեծ Պահքի շրջանին հսկումի արարողութեան դարձեալ կը մասնակցին, ինչպէս նաեւ Ս. Վարդանանցի Պատարագէն ետք եկեղեցւոյ մէջ յատուկ յայտագրով հանդէս կու գան աշակերտները, Մանկամսուրէն մինչեւ 9-րդ դասարան:
Տարւոյն ընթացքին 10¬րդ դասարանը կը պատրաստէ «Սփիւռք» պարբերաթերթը, որ կը բաժնուի աշակերտութեան:
Դպրոցի տնօրէնուհին 2004էն սկսեալ, կը հրատարակէ «Շողեր» տարեգիրքը, օգնութեամբ 11-րդ եւ 12-րդ կարգի աշակերտներուն, որոնք կը հետեւին իրենց ուսուցիչներուն ցուցմունքներուն: Սոյն տարեգիրքը կը բաժնուի հանդէսի օրը: Աշակերտները կը մասնակցին Հ.Օ.Մ.-ի շարադրութեան մրցման, ապահովելով փայլուն արդիւնքներ:
ՄԵՐԻՄԱՔ ՎԵԼԻԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԵՒ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ
Մերիմաք Վելիի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ Հայերէնի եւ Կիրակնօրեայ դպրոցները կը գործեն 1970էն ի վեր, ղեկավարութեամբ Թոմ Վարդապետեանի եւ Սօսի Ճգնաւորեանի:
Աշակերտները ծառայած են որպէս սարկաւագներ եւ օգնականներ Հայաստանի մէջ: Անոնք Ցեղասպանութեան դաստիարակութիւնը տարած են տեղական դպրոցները եւ նուազագոյնը երկու հաստատութիւններու նուիրած Եռագոյնը: Շահած են շարադրութեան մրցումներ, օգնած Լուոըլի Տօնավաճառի Հ.Օ.Մ.¬ի խցիկին, եղած խորհրդատու Հայաստան ճամբարին մէջ: Ներկայացուցած, դրօշակներ բռնած ու երիտասարդներու խօսած են Ցեղասպանութեան մասին:
Ամէն տարի հանդէսին մօտաւորապէս 40 աշակերտներ հանդէս կու գան երգերով, հայկական տարազներով ու պարերով: Ամենակարեւորը, անոնք կը պատրաստուին դեսպաններ ըլլալու Հայաստանի համար, ցոյց տալով իրենց ինքնաբուխ խանդավառութիւնը հայ մշակոյթի եւ ժառանգութեան հանդէպ:
Ուսուցիչները մարմնացումն են կամաւոր նուիրուածութեան, դասաւանդելով կրօնք եւ Հայերէն: Մեծապէս երախտապարտ են Ազգային Ուսումնական Խորհուրդին եւ կրօնականներուն, որոնք տարիներ շարունակ սատարեցին դպրոցի գոյատեւման:
ՓՐՈՎԻՏԵՆՍԻ ՄՈՒՐԱՏ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ
1890էն ի վեր Փրովիտենսի մէջ կազմուած էր փոքր Հայկական Գաղութ մը, որ միշտ կը մտածէր հիմնել եկեղեցի մը եւ բանալ Հայկական Դպրոցը: 1913-ին հիմնուեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց Եկեղեցին եւ 1928-ին բացուեցաւ Հայերէն Լեզուի դպրոց: Սակայն 1934ին, Հ.Յ.Դ.-ի, Հ.Օ.Մ.-ի եւ Հ.Ե.Դ.-ի նախաձեռնութեամբ հիմնուեցաւ նոր դպրոց մը ու Սեբաստացի Մուրատի անունով կոչուեցաւ Մուրատ վարժարան, աշակերտութեան սորվեցնելու Հայերէն, Ազգային Ժառանգութիւն, Մշակոյթ եւ Հայոց Պատմութիւն:
Վարժարանը ունի երկու տնօրէններ եւ սքանչելի եւ նուիրուած ուսուցիչներ, որոնք խղճամտօրէն կը ջանան պատրաստել ապագայ հայրենասէր Հայ սերունդը: Անոնք միշտ հրամցուցած են գեղեցիկ Հանդէսներ, աշակերտները Հ.Օ.Մ.ի Շարադրութեան մրցման ունեցած լաւագոյն արդիւնքներ:
Ծանօթ.- Այս յօդուածին տեղեկութիւնները տրամադրուած են դպրոցներու տնօրէնութեանց կողմէ։