Հ.Յ.Դ. ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՍԻՈՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ 5-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

0 0
Read Time:4 Minute, 16 Second

p13 hjay thad Սեպ­տեմ­բեր 25-26 2009-ին, Ղա­զախս­տա­նի մայ­րա­քա­ղաք Աս­թա­նա­յի մէջ գու­մար­ուե­ցաւ Աս­իոյ քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու 5-րդ հա­մա­ժո­ղո­վը (ICAPP): Հա­մա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցած էին աւե­լի քան 76 քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­ներ, որոնք կը ներ­կա­յաց­նէ­ին Աս­իոյ ցա­մա­քա­մա­սի շուրջ 40 եր­կիր­ներ:

Հա­մա­ժո­ղո­վին առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կը մաս­նակ­ցէ­ին արա­բա­կան հե­տեւ­եալ եր­կիր­նե­րը՝ Լի­բա­նան, Սուր­իա, Իրաք, Յոր­դա­նան, Պահ­րէյն եւ Պա­ղես­տին: Լի­բա­նա­նէն ներ­կայ էին Մուս­թաք­պալ հո­սան­քի, լի­բա­նան­եան ու­ժեր կու­սակ­ցու­թեան եւ Հ.Յ.Դ.-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: Հ.Յ.Դ. պատ­ուի­րա­կու­թիւնը կը բաղ­կա­նար Լի­բա­նա­նի Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ան­դամ Աւօ Կի­տան­եա­նէն եւ Մի­ջին Արե­ւել­քի Հայ դա­տի գրա­սեն­եա­կի պա­տաս­խա­նա­տու Վե­րա Եա­գուպ­եա­նէն: Հա­մա­ժո­ղո­վի գլխա­ւոր թե­ման էր »Դէ­պի աս­ի­ա­կան դար«:

Ժո­ղո­վի բա­ցու­մին խօսք առին Ղա­զախս­տա­նի նա­խա­գահ Նուր­սուլ­թան Նա­զար­պա­յե­ւի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հա­սան Նա­զար­պա­յեւ, Ղա­զախս­տա­նի Նուր Օթան կու­սակ­ցու­թեան առա­ջին տե­ղա­կալ Տախ­րան Քալ­թա­յեւ եւ վի­տէ­ո­յով ող­ջոյ­նի իր խօս­քը փո­խան­ցեց Մ.Ա.Կ.-ի ընդ­հա­նուր Քար­տու­ղար Պան Քի Մուն:

Հա­մա­ժո­ղո­վը քննար­կեց հե­տեւ­եալ թե­մա­նե­րը. »Շրջա­նայ­նու­թիւնը՝ առաջ­նորդ­ուած ու­ժա­նիւ­թով եւ տնտե­սու­թեամբ«, »Սա­տա­րու­մը՝ մեր­ձեց­ման ու հաշ­տեց­ման« եւ »ընդ­դի­մու­թիւն՝ ար­մա­տա­կա­նու­թեան դէմ«:

Տե­ղի ու­նե­ցան երեք աշ­խա­տա­նոց­ներ, առա­ջի­նը՝ »Հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սա­կան տագ­նա­պը եւ քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն դե­րը«, երկ­րոր­դը՝ »Կի­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւնը քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ ըն­կե­րու­թեան մէջ«, իսկ եր­րոր­դը՝ »Քա­ղա­քա­կան երի­տա­սարդ ղե­կա­վար­նե­րուն դե­րը«:

Ժո­ղո­վի աւար­տին հրա­պա­րակ­ուած յա­տա­րա­րու­թիւնը շեշ­տեց խա­ղա­ղու­թիւն, ապա­հո­վու­թիւն ու բա­րի դրաց­նու­թիւն հաս­տա­տող մի­ջազ­գա­յին սկզբունք­նե­րուն եւ օրէնք­նե­րուն գոր­ծադ­րու­թիւնը՝ կոչ ուղ­ղե­լով մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին իր ու­ժե­րը կեդ­րո­նաց­նե­լու սոյն ճի­գե­րուն վրայ, որոնց նպա­տակն է աւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ դարձ­նել հիւ­լէ­ա­կան զէն­քե­րու տա­րած­ման կան­խար­գի­լու­մը, նա­եւ՝ ապա­զի­նու­մի ար­դէն իսկ առ­կայ մե­քա­նիզմ­նե­րը: Ժո­ղո­վը կոչ ուղ­ղեց նա­եւ պայ­քա­րե­լու մի­ջազ­գա­յին ահա­բեկ­չու­թեան, զէն­քի ու թմրե­ցու­ցի­չի մաք­սա­նեն­գու­թեան, ինչ­պէս նա­եւ ցե­ղա­յին խտրա­կա­նու­թեան եւ ան­հան­դուր­ժո­ղու­թեան դէմ, դի­մագ­րա­ւե­լու տնտե­սա­կան վտանգ­ներն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը՝ մօ­տէն հե­տե­ւե­լով հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեան, քա­ջա­լե­րե­լու կնոջ մաս­նակ­ցու­թիւնը քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան եւ մշա­կու­թա­յին կեան­քին մէջ, աջակ­ցե­լու երե­խա­նե­րու իրա­ւունք­նե­րը պաշտ­պա­նող Մ.Ա.Կ.-ի ուխ­տին, ստեղ­ծե­լու երի­տա­սար­դու­թեան հա­մար յար­մար պայ­ման­ներ, որ­պէս­զի անոնք ըն­կե­րա­յին դրա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն ձեռք բե­րեն կեան­քի տար­բեր մար­զե­րուն մէջ, եւ վեր­ջա­պէս՝ Մի­ջին Արե­ւել­քի տագ­նա­պի լուծ­ման հա­մար դի­մե­լու դրա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու:

Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին Հ.Յ.Դ. պատ­ուի­րա­կու­թիւնը բազ­մա­թիւ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ այլ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու պատ­ուի­րա­կու­թիւն­նե­րուն եւ ժո­ղո­վի հրա­ւիր­եալ­նե­րուն հետ:

Տե­ղին է յի­շել, որ մաս­նակ­ցող պատ­ուի­րա­կու­թիւն­նե­րուն մաս կը կազ­մէ­ին պե­տա­կան երես­փո­խան­ներ, նախ­կին նա­խա­րար­ներ եւ կու­սակ­ցա­պե­տեր:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles