
Այս ամսուան սկիզբը լոյս տեսաւ “Արմինինըն Րիվիու“ի վերջին թիւը: Երկար տարիներու ոչ-թեմատիկ սովորութենէն հեռու մնալով, “Րիվիու“ի այս թիւը երկու թեմատիկ թիւերէ ետք լոյս կը տեսնէ եւ կը ներառէ չորս գիտական յօդուածներ, մի քանի գրախօսականներ եւ վերլուծականներ:
Վերջին թիւին բացումը կ՛ընէ Արա Սանճեանի քննարկումը, որ կ՛անդրադառնայ պատմաբաններուն մարտահրաւէրներուն, սահմանափակումներուն եւ հնարաւորութիւններուն, երբ խորին հետազօտութիւններ կ՛իրականացնեն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) մասին: Գրութիւնը կ՛անդրադառնայ գիտնականներու համար նիւթերու սահմանափակումին, ըլլան անոնք գիտական հետազօտութիւններ, թէ անձնական յուշագրութիւններ: Յատկապէս նշուած է արխիւային նիւթերու հասանելիութեան անհրաժեշտութիւնը, որ հնարաւորութիւնը պիտի տայ գրելու եւ գնահատելու Հ.Յ.Դ. պատմութիւնը, յատկապէս 1924 թուականէն ասդին` Սփիւռքի իր գործունէութիւնը:
Պետրոս Տէր Մաթոսեանի հեղինակութեամբ այլ գրութիւն մը` Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի արխիւային նիւթերու համապարփակ հետազօտութիւնն է: Հակիրճ նկարագրում մը կատարելէ ետք, թէ ո՞ր վայրերուն մէջ կը գտնուին անոնք, գրութիւնը մանրամասնօրէն կ՛անդրադառնայ պատրիարքարանին մօտ գտնուող արխիւային նիւթերուն: Տէր Մաթոսեան ապա արխիւները կը ներկայացնէ հիմնուելով ենթա-թեմաներու եւ թուականներու վրայ: Այս առաջին հրապարակային քննութիւնն ու վերլուծութիւնն է Երուսաղէմի պատրիարքարանի մօտ գտնուած Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուած նիւթերուն:
Երրորդ յօդուածը համատեղ աշխատանք մըն է Քէյթի Է. Փիրսի, Հաուարտ Կիլզի, Քրիսթոֆըր Հայէքի, Վալերի Պարքրի եւ Չարլզ Չօյի միջեւ ու հետաքրքիր համեմատական մըն է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու մօտեցումին մասին, իրենց համապատասխան ոստիկանութեան ուժերուն հանդէպ: Հետազօտութիւնը ոչ միայն կը քննէ քաղաքացիներու վերաբերմունքը, այլ կը փորձէ նաեւ չափել յարգանքն ու վստահութիւնը, որ քաղաքացիները կը տածեն իրենց իրաւապահ մարմիններուն: Գրութիւնը հիմնուած է մանրամասն տեսական շրջանակի վրայ եւ պատկերացում մը կու տայ իւրաքանչիւր երկրի մէջ հասարակութեան եւ իրաւապահ մարմիններու յարաբերութեանց մասին:
Չորրորդ գրութեան հեղինակն է Արմէն Պայպուրթեանի, ու գիտական հետազօտութեան մը եւ դիւանագէտի մը անհատական յուշերու միախառնումն է: Ըլլալով Հնդկաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին դեսպանը, ան անմիջականօրէն ձեւաւորած եւ հետեւած է երկկողմանի յարաբերութեանց ստեղծման: Յօդուածը կարճ պատմական մը տալէ ետք, կը կեդրոնանայ Երեւանի եւ Նիւ Տելհիի համագործակցութեան շարունակաբար աճող մակարդակին վրայ. գրութեան մէջէն հանրութեան կը ներկայացուի նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին տարիներու ռազմավարական որոշ առաջնահերթութիւնները:
Պէտք է նաեւ նշել, որ “Արմինիըն Րիվիու“ի թուայնացման աշխատանքը ընթացքի մէջ է, եւ արդէն այս աշխատանքի նախնական փուլերը աւարտած են: Անկիւնադարձային է աղբիւրներու հարստութիւնը որ հաւաքուած է վաթսուն տարիներու թիւերու մէջ: Եւ քանի կը մօտենայ մեր 65ամեակը, “Րիվիու“ի խմբագրական կազմը իր նուիրուածութիւնը կը հաստատէ նման արդիւնաւէտ ապագայի մը համար: Աջակցելու համար եւ յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմեցէ՛ք խմբագրին editor@armenianreview.org
Տարեկան բաժանորդագրութեան սակն է Ա.Մ.Ն. 30 տոլար անհատներու համար եւ Ա.Մ.Ն. 60 տոլար հաստատութիւններուն համար` Ա.Մ.Ն.-ի մէջ, իսկ Միացեալ Նահանգներէն դուրս` 35 եւ 70 Ա.Մ.Ն. տոլար: Բաժանորդագրութիւնները կը կատարուին մեր կայքէջին միջոցով: Բոլոր բաժանորդագրութեան, ապսպրանքի եւ նորոգման հայցերը պէտք է ուղղուին`
Armenian Review, Inc.,
80 Bigelow Avenue,
Watertown, MA 02472-2012
Ե-նամակովorders@armenianreview.orgկամ հեռաձայնելով (617) 926-4037