
Ուիլիըմ Փեննի եւ “Լիպըրթի Պել“ի քաղաքին` Ֆիլատելֆիոյ մէջ, Հոկտեմբեր 12-ին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հայ Դատի կազմակերպած մեծարանքի հանդիսութեան ընթացքին, նախկին կառավարիչ Էտուըրտ Ռենտըլ կոչ կ՛ուղղէր, որ ամէն գնով պէտք է պայքարիլ յաչս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, որպէսզի ապագային նմանօրինակ ահաւոր աղէտներ չկրկնուին:…Միեւնոյն ժամանակ, հին ցամաքամասէն ներս, բազմաթիւ միջազգային ընկերութիւններու կեդրոն հանդիսացող Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլի մէջ, արդէն իսկ սկսած էին ժամանել հայ թէ օտար հրաւիրեալներ, Հայ Դատի գծով բարձր մակարդակի համագումար մը կազմակերպելու համար:
Վերոյիշեալ երկու ձեռնարկները շաղկապելով, եւ դեռ մօտիկ ապագային կատարուելիք այլ բազմաթիւ ձեռնարկներ իբրեւ լուսարձակ ունենալով, տեղին է նշել թէ որքան այժմէական, առաջնահերթ ու կարեւոր է Հայ Դատի գործունէութիւնը:
Այս բեղուն օրերը եւ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին այդ “մարաթոնա“ին աշխատանքը կը փաստէ թէ, Հայ Դատի ջահը կը մնայ վառ:
Տարբեր են զանազան երկիրներէ ետք որդեգրուած սովորութիւններն ու օրէնքները: Ընդհանրապէս գործելաձեւն ալ փոխուած է, սակայն իր էութեամբ, գործունէութեան դաշտն ու հետեւողական աշխատանքը, կը մնան միեւնոյնը:
Հեռաւոր Աւստրալիոյ մէջ, հետզհետէ աւելի կը խօսուի հայութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան ու Հայ Դատին մասին: Դեռ վերջերս Եգիպտոսի մէջ, ծայր առած է ալիք մը, որ ամէնայն թափանցիկութեամբ, պետական մակարդակի վրայ կ՛առաջարկուի վերաբանալ այդ մոռցուած էջերը եւ ամէնայն արդարամտութեամբ թերթատել Ցեղասպանութեան թղթածրարը:
Այսպէս, Հայ Դատի մասին շարունակ կը խօսին տարբեր երկիրներու խորհրդարաններ, որոնք հետզհետէ աւելի համարձակութեամբ, ամէնայն յանդգնութեամբ եւ հակառակ ազերի եւ թուրք հակաքարոզչական մեքենային, յանդուգն որոշումներ կու տան, օրէնքներ կ՛որդեգրեն, եւ ի նպաստ Հայ Դատին բանաձեւեր կը քուէարկեն:
Այսպէս, Պրիւքսէլի թէ Ֆիլատելֆիոյ մէջ եւ թէ այլուր, ազգային, պատմական, իրաւական, քաղաքական, մշակութային, հոգեմտաւոր, տնտեսական, կրթական եւ այլ յարաբերական առնչութիւններով պարփակուած ու բնութագրուած‘ Հայ Դատը, պարտադրած է իր եզակի հասկացողութիւնը, գործի լծելով ապագայ սերունդներ, եւ այդ ալ առանց յուսալքումի կամ յուսահատութեան:
Հայ Դատը արծարծողներուն շրջանակը այնքան մը ընդարձակ է, որ արդէն իսկ երկար ժամանակաշրջանէ մը ի վեր, հարցը հայկական շրջանակներէ դուրս գալով, բացուած է միջազգային աշխարհին: Եւ այդ իսկ պատճառով, կը խօսուի, կ’արծարծուի եւ վերլուծման կ՛ենթարկուի պետական, կուսակցական, միջազգային, կառավարական, ոչ-կառավարական եւ տեղեկատուական մակարդակներու վրայ:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Պոսթըն – Մասաչուսէց