Յօդուածներ
Համբիկ Սասունեանը Հա՛յ Ազատամարտիկ Է Եւ Ո՛չ Թէ Միայն Հատուածի Մը Պարծանքը
ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ
Համբիկ Սասունեանի նման հայ արդարադատ մարտիկներու տեսակը ինքնասիրութենէ չի տառապիր: Նմաններուն անձնուրացութիւնը պիտի չարտօնէր իրենց, որ պճնանքի եւ նարսիսականութեան վերածէին ամէն մէկ կենաց, ամէն մէկ լուսանկար, ամէն մէկ լորձնաշուրթն դիմատետրեան գովասանք:

