
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Առաջին անգամ ըլլալով, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ մը այցելեց Քափիթոլ Հիլ: Արդարեւ, նախագահ Բակօ Սահակեան Մարտ 13-ին, իր պատուիրակութեան հետ հանդիպումներ ունեցաւ պետական անձնաւորութիւններու հետ:
Արցախի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, Ազգային Ժողովի անդամներ՝ Դաւիթ Իշխանեան, Դաւիթ Մելքումեան եւ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր պատասխանատու՝ Դաւիթ Պապայեան: Անոնց կ՛ընկերակցէին Ուաշինկթընի մօտ, Արցախի ներկայացուցիչ՝ Ռոպերթ Աւետիսեան եւ Հ.Հ. դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան:
Հանդիպումի ընթացքին կողմերը քննարկած են կառոյցի աշխատանքներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է Միացեալ Նահանգներուն հետ փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնումն ու խորացումը` ընդգծելով, որ անոր համար ներկայացուցչութիւնը պէտք է շարունակէ իրականացնել ամէնօրեայ արհեստավարժ աշխատանք եւ յստակ յանձնարարականներ տայ այդ ուղղութեամբ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահը նաեւ այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, հանդիպած Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանին եւ դիւանագիտական անձնակազմին հետ:
Քննարկուեցան Միացեալ Նահանգներու եւ հայկական երկու պետութիւններու փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի սերտ համագործակցութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա կը հանդիսանայ նախատեսուած ծրագիրներու յաջող իրականացման առանցքային գործօններէն մէկը:
Քոնկրէսական Ֆրանք Փալոն, խօսք առնելով յայտնեց, թէ.- «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յանձնարարէ չայցելել Արցախ, որոշում մը որ անտեղի եւ սխալ է: Այդ պատճառով է, որ պատրաստեցինք թիւ 697 բանաձեւը պահանջելով, որ չեղեալ նկատուի այս որոշումը»:
Ծագումով հայ քոնկրէսական տիկին Ճէքի Սփայըր, իր կարգին շեշտեց, թէ պէտք է վերջ տալ հակահայ քարոզչական աշխատանքներուն եւ շեշտել, թէ Արցախը մաս կը կազմէ Հայաստանին:
Ծագումով այլ հայ քոնկրէսական մը՝ տիկին Աննա Իշու անդրադարձաւ անցեալ Սեպտեմբերին Հայաստան կատարած իր այցելութեան մասին եւ շեշտելով.- «Հպարտ եմ որ հայ ընտանիք մը գոյութիւն ունի Քափիթոլ Հիլի մէջ»:
Նախագահ Սահակեան, յատուկ մետալներ շնորհեց ներկայացուցիչներ՝ Ճէք Ռիտի, Տէյվիտ Սիսիլինի, Էլիոթ Ենկըլի, Ճիմ Քոսթայի, Պրէտ Շըրմընի, Ատամ Շիֆի եւ Տէյվիտ Վալատաոյի:
Նշենք, թէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Չորեքշաբթի, Մարտ 14ին բողոքագիր մը յանձնած էր Պաքուի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպըրթ Սեքութային՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի մայրաքաղաք Ուաշինկթըն այցելութեան գծով։ Պաքու քննադատած էր յատկապէս կարգ մը քոնկրէսականներու հետ Սահակեանի հանդիպումները, միաժամանակ կոչ ընելով Ամերիկային, որ յարգէ միջազգային սկզբունքները եւ վնաս չհասցնէ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան։