
ԵՐԵՒԱՆ․- Հայաստանի իշխանութիւնները անհասկնալի պատճառներով արգելք հանդիսացան, որպէսզի Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ եւ «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան այցելէ Լիբանան։
Արծուիկ Մինասեան հրաւիրուած էր Նոյեմբեր 2-ի երեկոյեան Պուրճ Համուտի մէջ տեղի ունենալիք ժողովրդային հանդիպման։
Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Հանրային կապերու գրասենեակը յայտարարութիւն մը հրապարակեց․- «Կեդրոնական Կոմիտէն իր ընդվզումը կը յայտնէ Արծուիկ Մինասեանի եւ դաշնակցական այլ պատգամաւորներու դէմ յարուցուած այս անըմբռնելի արգելքին համար` պահանջելով Հայաստանի դատական եւ ապահովական իշխանութիւններէն վերանայիլ իրենց որոշումը եւ անմիջապէս վերացնել արգելքը:
Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին մէջ պէտք է անխախտ պահել ժողովրդավարական հիմքերը, որոնք նախապայման են պետականութեան ամրակայման համար, մանաւանդ այս օրերուն, երբ Հայաստանն ու հայութիւնը կը գտնուին վտանգաւոր անկիւնադարձի ընդառաջ եւ բոլոր ժամանակներէն աւելի համահայկական ուժերու համատեղումը կենսական անհրաժեշտութիւն է: Այս ուղղութեամբ դատապարտելի կը գտնենք Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ի գործ դրուած ամէն տեսակի պառակտումի ու վրէժխնդրական փորձ եւ արարք»:
Մետասաներորդ պահուն, Արծուիկ Մինասեան փոխարինուեցաւ Ազգային ժողովի դաշնակցական պատգամաւոր եւ «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արթուր Խաչատրեանով։ Մինասեան հաւաքի ներկաներուն իր խօսքը ուղղեց «Սքայփ»-ով։ Մինասեան, առաջին հերթին ողջունեց ազգային հերոս Համբիկ Սասունեանի ապահով հայրենիք ժամանումն ու հոն հաստատումը: Իսկ անդրադառնալով Հայաստանի եւ Արցախի կացութեան` Մինասեան նշեց․- «2018-ին, երբ բոլորը գօտեպնդուած էին նոր իշխանութեամբ, մենք մտահոգ էինք, եւ արդիւնքը` այդ իշխանութիւնը մեր ազգային ներկայացուցիչները իրար դէմ հանեց, ազգային ճակատին մէջ պառակտում հրահրեց` ջանալով Արցախը Հայաստանէն անջատել։ Մենք քրէական գործ յարուցեցինք Նիկոլ Փաշինեանին դէմ, սակայն ան կը շարունակէ Հայաստանը նոր պարտութեան մղելու, դիրքեր յանձնելու պարտուողական վարքագիծը», շեշտեց Ազգային ժողովի պատգամաւորը` կոչ ուղղելով, որ Նոյեմբեր 9-ի ամօթալի զինադադարի տարելիցին առիթով Հայաստանի թէ այլ շրջաններու կողքին նաեւ Լիբանանի մէջ բողոքի ելոյթ կազմակերպուի, ցոյց տալու համար Հայաստանի իշխանութեան, որ հայ ժողովուրդը պատրաստ չէ որեւէ զիջումի, ցոյց տանք մեր դիմադրութիւնը, մենք պէտք է պարտադրենք մեր կամքը, թէ պատրաստակամ չենք նոր զիջումներու, նոր պարտութիւններու:
Ապա խօսք առաւ Արթուր Խաչատրեան, որ ընդգծեց, թէ համահայկական դիմադրութեան մէջ Լիբանանի հայ համայնքը ունի հիմնական դերակատարութիւն: Անդրադառնալով Արցախի եւ Հայաստանի կացութեան` Խաչատրեան ըսաւ. «Հարցը միայն Արցախի կամ Հայաստանի հարց չէ, այլ աւելի խորը` այստեղ ամբողջ հայ ժողովուրդի իրաւունքները հարցականի տակ են, սա մեր ազգի ապագայի՛ խնդիրն է։ Մենք չենք ըսեր, թէ յարաբերութիւն պէտք չէ ունենանք Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի հետ, բայց հարցը հայութեան դէմ սպառնացող վտանգն է: Ամբողջ հայ ժողովուրդը պէտք է դէմ կանգնի այս պայմաններուն դէմ», շեշտեց Խաչատրեան` նշելով, որ աղքատութիւնը կ՛աճի, մարդոց կենսամակարդակը ցած է, միայն տղամարդիկ չեն, որ կը մեկնին երկրէն, այլ` հայաթափում տեղի կ՛ունենայ:
Ան նաեւ նշեց, որ կայացող ու գաղտնի պահուող բանակցութիւնները պէտք է ըլլան քաղաքական եւ ոչ զինուորական բնոյթով` շեշտելով, որ Հ․Յ․Դ․-ի ներկայացուցիչները տեղեակ չեն այդ բանակցութեանց մանրամասնութիւններէն: