Մեր մամուլի էջերուն հրատարակուած հպարտառիթ լուր մը վստահաբար շոյեց իւրաքանչիւր հայու ազգային արժանապատուութիւնը եւ ապացոյց հանդիսացաւ, որ կարելի է մինչեւ իսկ համեմատաբար սահմանափակ ուժերով նահանջ պարտադրել Ցեղասպանութիւնը ուրացող իշխանաւորներուն:
Արժանթինի հայութեան ճիգերուն շնորհիւ, Թուրքիոյ վարչապետ Էրտօղան հարկադրուած զգացած է ջնջելու Արժանթին իր 31 Մայիսի այցելութիւնը ու գլխիկոր իր երկիրը վերադարձած է: Հայ Դատի յանձնախումբը՝ պերճախօս ներկայացուցիչը արժանթինահայերուն, յիշեցուցած է Պուէնոս Այրէսի քաղաքային իշխանութիւններուն, ու անոնց ճամբով՝ երկիր իշխանաւորներուն, որ Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիրի կոչումը վայելող Մուսթաֆա Քեմալ հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող մըն էր եւ ուրացումի իր վարքագիծը ժառանգ թողած է իր հետնորդներուն, որոնց շարքին՝ Թուրքիոյ այսօրուան վարիչներուն: Ըստ այնմ, պատկան իշխանութիւնները մերժած են արտօնել Մուսթաֆա Քեմալի յուշարձանին զետեղումը իրենց քաղաքին մէջ:
Արժանթին եղած է առաջիններէն, որոնք ճանչցած են հայկական Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը եւ հետւողական կերպով կանգնած է մեր արդար պահանջատիրութեան կողքին, առանց ամօթալի բառախաղեր ընելու: Էրտողանին »երթաս բարի» ըսելու ժեսթը նորագոյն արտայայտութիւնն է Արժանթինի ու խրամատակիցներու արդար կեցուացքին: Անիկա երկնատուր ներշնչումի արդիւնք չէ, այլ, կրկնենք, արդիւնքն է Արժանթինի պահանջատէր հայութեան ու անոր կամքին թարգմանը եղող Հայ Դատի յանձախումբի հետեւողական աշխատանքներուն:
Պէ՞տք է հարց տալ, թէ ի՞նչ կրնայ ըլլալ արդիւնքը՝ մեր արդար պահանջներուն ի խնդիր նմանօրինակ ճիգերու, եթէ անոնք լիարժէքօրէն վայելեն մեր հայրենի պետութեան կարողականութիւններուն նեցուկը:
Տակաւին, կ’արժէ անգամ մը եւս ընդգծել, որ նման արդիւնքներ կախեալ չեն իրաւատէր ժողովուրդի տուեալ մէկ գաղութի թիւին մեծութենէն կամ փոքրութենէն: Փաստօրէն, այլ գաղութներու բաղդատած՝ Արժանթինի համեմատաբար փոքրաթիւ մեր գաղութը՝ բուռ մը՝ աշխարհացրիւ հայութենէն, կարեւոր կոլ մը նշանակած է Թուրքիոյ բերդէն ներս, շնորհիւ հետեւողականութեան ու արդարութեան դրօշը բարձր բռնելուն, մինչդեռ մեր բերդին մէջ կը շարունակենք այլուր կոլեր ստանալ…
Ս.Մ.