
Յունուար 29-ին ամբողջացաւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադիր, ներքին գործոց նախարար Արամ Մանուկեանի մահուան 95-ամեակը: Բուն անունով Սարգիս-Սերկէյ Յովհաննիսեան: Ծնած Ղափանի Զէյվա գիւղը, ան 1901ին կ՛աւարտէ Երեւանի թեմական դպրոցը եւ որպէս դաշնակցական կը վարէ բազմաթիւ գործեր: 1907ին կը մասնակցի Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհ. Ժողովին, Վիեննա, ապա կը վերադառնայ Վան, ուր կը հանդիսանայ Վասպուրականի շրջանի Հ.Յ.Դ. ղեկավարը: Առաջին Համաշխարհային պատերազմին Վասպուրականը կ՛ազատագրուի շնորհիւ Արամի, որ կը դառնայ շրջանի նահանգապետը: 1917ին, Ազգային Խորհուրդի կողմէ, իբրեւ լիազօր ներկայացուցիչ կ՛ուղղարկուի Երեւան, ուր իրեն եւ Դրոյի կը վիճակուի պատմական դեր Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ կառավարութեան մէջ Արամ կը ստանձնէ պարենաւորման եւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը: Կը մահանայ Յունուար 29, 1919-ին: Այդ օրը, Երեւանի իր անշուք բնակարանին մէջ, բծաւոր տիֆէ վարակուած ու մարմնապէս լրիւ հիւծած` իր բոցավառ աչքերը առյաւէտ փակեց Արամ:
Արամ Մանուկեանի մահուան 95-ամեակին նուիրուած յիշատակի օրը սկսաւ Ոստիկանութեան շէնքին մօտ: Ոստիկանութեան աշխատակիցները ծաղիկներ զետեղեցին առաջին հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարի կիսանդրիին մօտ:
Մինչ այդ, նախաձեռնութեամբ Հ.Յ.Դ. Երեւանի մարզային կոմիտէին, բազմաթիւ հայորդիներ ուղղուեցան դէպի Երեւանի քաղաքային պանթէոն, ուր կը գտնուի Արամ Մանուկեանի շիրմաքարը` յարգանք մատուցելու համար մեծ հայորդիի յիշատակին:
Այս առիթով Հայաստանի Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան ըսաւ.- “Արամ Մանուկեան ցոյց տուաւ, որ առանց ազգային մտածողութեան կարելի չէ կայացնել, ուժեղացնել պետութիւնը եւ կարելի չէ ըլլալ արժանապատիւ քաղաքացի“: