
Read Time:19 Second
ԵՐԵՒԱՆ.- Ապրիլ 27-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները 7 թոն բժշկական կազմուածներով բեռցուած օդանաւ մը ուղարկեցին Հայաստան` աջակցելու՝ պսակաձեւ ժահրի դէմ պայքարին։
Այս առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Մոհամատ Իսա Ալ Զաապին ըսաւ թէ Էմիրութիւններու համար պատիւ է կատարել նմանօրինակ օժանդակութիւններ:
«Մենք կը գիտակցինք, որ միջազգային հանրութիւնը կրնայ յաղթահարել այս ժահրը միայն միահամուռ ջանքերով եւ կառուցողական համագործակցութեամբ», ըսաւ դեսպանը: