
“Հայրենիք“ի անցեալ շաբթուայ թիւին մէջ տեղեկացուցած էինք թէ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 26-ի առաւօտեան, խմբագրութիւնս այցելած էր Հիւսիսային Ամերիկայի Կաթողիկէ համայնքի Արհիապատիւ Առաջնորդ Միքայէլ Եպս. Մուրատեան, ընկերակցութեամբ Պելմոնթի (Մասաչուսէց) Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ` Ռաֆայէլ Անտոնեանի: Այս առթիւ, կարելի է եղաւ հարցազրոյց մը կատարել Առաջնորդին հետ: Ստորեւ յապաւումով կը ներկայացնենք այս հարցազրոյցը.-
Հ.- Կարելի՞ է կարճ պատմական մը ներկայացնել Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մասին:
Պ.- Քիչ մը մեր բոլորին սովորական պատմութիւնն է, որ սկսած է Մասաչուսէցէն, յատկապէս Ուստըրէն, որ 1800-ականներուն ծանօթ է իր բազմաթիւ գործարաններով: Այսպէս Ցեղասպանութենէն առաջ իսկ, ժամանած այս հայորդիներուն մէջ կային կաթողիկէ համայնքին պատկանող անհատներ, որոնք հետզհետէ տարածուեցան եւ այսօր Հիւսիսային Ամերկայի զանազան քաղաքներու մէջ բնակութիւն հաստատեցին:
Հ.և Այսօր, մասնաւորաբար ո՞ր քաղաքներէն ներս կը գործէ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին:
Պ.- Գանատայի երկու մեծագոյն քաղաքներուն` Թորոնթոյի եւ Մոնրէալի մէջ ունինք մէկական եկեղեցի, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ, կը գործեն եօթ եկեղեցիներ` վեց քաղաքներու մէջ: Լոս Անճելըսի մէջ կը գործեն երկու եկեղեցիներ, իսկ մնացեալ հինգը կը գործեն Արեւելեան շրջանէն ներս.- Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Ֆիլատելֆիա, Պոսթըն եւ Տիթրոյթ:

Այս եկեղեցիներուն կողքին կը գործեն նաեւ երեք առաքելութիւններ` Սան Տիէկօ, Սան Ֆրանսիսքօ եւ Լոս Անճելըս (գոյութիւն ունեցող երկու եկեղեցիներուն կողքին): Այս գծով, հաւանական է, որ յառաջիկայ տարիներուն, Սան Տիէկոյի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի գաղութները օժտուին եկեղեցիներով:
Հ.- Կարելի՞ է հակիրճ պատմական մը տեղեկացնել Առաջնորդարանին մասին:
Պ.- 1981-ին հիմնուեցաւ Առաջնորդարանը Նիւ Եորքի մէջ, որ մինչեւ անցեալ տարի գործեց եւ ապա փոխադրուեցաւ Լոս Անճելըս: Պաշտօնը ստանձնելէս ետքն է որ Առաջնորդարանը փոխադրուեցաւ Լոս Անճելըս: Մինչ այդ Առաջին Առաջնորդն էր Արհիապատիւ Ներսէս Սէթեանը, ապա` Արհ. Յովհաննէս Դերձակեանը եւ վերջապէս Արհ. Մանուէլ Պաթաքեանը:
Ընդամէնը վաթսուն հազար հաշուող գաղութի մը համար, հետեւողական աշխատանք կայ կատարուելիք:
Հ.- Գործունէութեան գծով, կարելի՞ է յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցել:
Պ.- Բնականաբար առաջնահերթութիւն է կրթական բնագաւառը: Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ կը գործեն հինգ հայ հաթողիկէ վարժարաններ` Մոնրէալի “Նարեկ“ Բարձրագոյն Վարժարանը, Պոսթընի “Ծիծեռնակաբոյն“ Վարժարանը, Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու դպրոցը եւ Լոս Անճելւսի “Մխիթարեան“ եւ Հայ քոյրերու կրթօճախները: Ասոր կողքին, կը գործեն շաբաթօրեայ դպրոցէն, որոնց կարգին յատկապէս յիշատակելի է Թորոնթոյի գաղութը, ուր կը յաճախեն 160-ի շուրջ աշակերտներ: Կը գործէ նաեւ Պատանեկան Միութիւն մը, Լոս Անճելըսի մէջ:
Հ.- Տարիներ շարունակ Հայաստանի մէջ գործած ըլլալով, կարելի է՞ քանի մը խօսք փոխանցել Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մասին:
Պ.- 1700-ականներուն Վրաստանի սահմաններէն սկսած, ապա Մուշ, Ալաշկերտ եւ Կարս փոխադրուած հայ կաթողիկէ եկեղեցին կը գործէր մինչեւ Հայաստանի Խորհրդայնացումը: Յատկապէս Հայաստանի հիւսիսային շրջաններէ ներս իննիսունի շուրջ գիւղեր ամբողջութեամբ կաթողիկէ էին: Գրեթէ բոլորն ալ ունէին իրենց եկեղեցին: Սակայն Համայնավար ղեկավարութիւնը օրին հրկիզեց եւ պայթեցուց բազմաթիւ եկեղեցիներ եւ այսօր 37 կաթողիկէ գիւղեր կը գործեն քսանի շուրջ եկեղեցիներով: Ջաւախքի մէջ ալ ազդեցիկ ներկայութիւն է հայ կաթողիկէ եկեղեցին, զանազան շրջաններէ ներս, որոնց կարգին Հեշտեայ, Տուրցք, Ախալքալաք:
Այսօր Երեւանի եւ Շիրակի մէջ կը գործեն Առաջնորդարանիստ եկեղեցիները: Ներառեալ ներքին Սփիւռքը, հայ կաթողիկէներու թիւը կը հասնի չորս հարիւր հազարի:
Հ.- Վերջերս, Լիբանան այցելութեան ընթացքին, Պենետիքթոս Պապը նաեւ այցելեց Զմմառու Վանք եւ այս առթիւ ալ ներկայ եղաւ Յակոբ Մեղապարտի արձանի բացման հանդիսութեան: Այս գծով, ին՞չ ունիք փոխանցելիք:
Պ.- Պապին Լիբանան կատարած պատմական այցելութեան կարեւոր հանգրուաններէն մէկը հանդիսացաւ Զմմառու Տիրամօր հայ կաթողիկէ 263-ամեայ վանքը: Արդարեւ, այս այցելութիւնը համայն քրիստոնեայ աշխարհին ուշադրութեան եւ հետաքրքրութեան առարկան դարձուց Լեռնալիբանանի մէկ ծովահայեաց բարձունքին վրայ 1749-ին հաստատուած վանքը: Այո՛, պատմական էր այս այցելութիւնը: Աշխարհը հետեւեցաւ արարողութեան եւ այս գծով մօտէն ծանօթացաւ մեր եկեղեցւոյ եւ Զմմառու Վանքի պատմութեան:
Իր պատմական այցելութեամբ, Պապը ապացոյցը տուաւ իր նախորդներուն` Պենետիքթոս ԺԴ.-ի, Պենետիքթոս ԺԵ.-ի եւ իր անմիջական նախորդին‘ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի հայ ժողովուրդին հանդէպ ունեցած սիրոյ զգացումով իր տոգորումին:
Պապը օրհնեց հայ տպագրութեան առաջին մատեանին` “Ուրբաթագիրք“-ին տպագրիչ- հրատարակիչ Յակոբ Մեղապարտի նորակերտ արձանը, որ կառուցուեցաւ հայկական տպագրութեան 500-ամեայ յոբելեանին առիթով: Այս այցելութեամբ եւ հայ առաջին հայատառ մատեանի տպագրութեան 500-ամեակին նուիրուած Յակոբ Մեղապարտի կիսանդրիին օծումը կատարելով` Պենետիքթոս ԺԶ. վերահաստատեց Վատիկանի համակրութիւնն ու զօրակցութիւնը հանդէպ հայ ժողովուրդին:
Հ.- Այս այցելութեան առթիւ, յատկապէս միջազգային գետնի վրայ, ի՞նչ էր անդրադարձը:
Պ.- Պենետիքթոս ԺԶ. պապը ներկաներուն ուղղած ողջոյնի իր խօսքին, յստակօրէն շեշտած էր թէ խորին երախտագիտութիւն կը յայտնէ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին իր հրաւէրին համար եւ իր խօսքերուն: Ան շեշտեց թէ այս հանդիպումը կայացաւ Զմմառու վանքին մէջ, այնքան խորհրդանշական Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար: Ան նաեւ նշեց թէ Յակոբ վանականը, կոչուած Մեղապարտ, օրինակ է աղօթքի, ձերբազատութեան նիւթական արժէքներէ, եւ հաւատարմութեան հանդէպ Քրիստոս Փրկիչին:
Հ.- Սուրիահայութեան ներկայ իրավիճակին գծով, ին՞չ է ձեր պատկերացումը:
Պ.- Ահաւոր է կացութիւնը: Այս գծով միասնաբար աշխատանք կը տարուի օժանդակելու համար երբեմնի այդ բազկերակ գաղութին: Հալէպի մէջ ունինք հինգ եկեղեցի եւ չորս վարժարան, իսկ Գամըշլիի, Հասաքէի, Դամասկոսի եւ Քեսապի մէջ ալ ունինք կառոյցներ, որոնք վտանգի տակ են:
Հ.- Գաղութի օժանդակութեան գծով, ինչպէ՞ս կը գնահատէք գործընթացը:
Պ.- Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմինը հետեւողական ձեւով խորհրդակցական նիստեր կը գումարէ: Այս առիթով ժողովականները գոհութիւն կը յայտնեն Աստուծոյ եւ երախտագիտութիւն հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու աշխարհական ղեկավարութեանց, Սփիւռքի եւ Հայրենիքի մէջ, բարեսիրական կազմակերպութեանց, թեմակալ Առաջնորդներու, Համայնքապետերու, Ազգային Իշխանութեանց ու Համայնքային Մարմիններու, Միութեանց ներկայացուցիչներու այս տագնապը շրջանցելու համար յառաջացած օժանդակող յանձնախումբերուն, յատկապէս բարերար հայ ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք փութացին նիւթաբարոյական միջոցներով աջակցիլ եւ զօրակցիլ իրենց հարազատներուն, որոնց ազնիւ նուէրները արդէն կը հասնին եւ կը բաշխուին հայրենակիցներուն` համապատասխան կարիքներուն: Կը հաւատանք մեր ժողովուրդի միասնակամութեան, կարողականութեան ու տագնապները յաղթահարելու իմաստութեան: