ԱՅՍ ՏԱՐԻ ՕԳՈՍՏՈՍ 10-ԻՆ ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆԻ ՄԻՆՈՒՃԱՐ ՇԻՐԻՄԻՆ ԾԱՂԻԿ ՊԻՏԻ ՉՏԱՆԻՄ

0 0
Read Time:3 Minute, 7 Second

 Յ. Պալեան 

            Յանցաւորի զգացումով: Յանցաւոր՝ ես, մենք, հոլովուած «համաշխարհային ազգ»…

            Օգոստոսին, Ֆրանսան, եւ մասնաւորաբար Փարիզը, արձակուրդի տենդով վարակուած կ’ըլլան: Օգոստոսին յաճախ Փարիզ կը մնամ: Այս տարի Հայաստան պիտի գտնուիմ եւ ինքզինքս ու Աւետիս Ահարոնեանը (1866-1949) պիտի զրկեմ մեր միշտ ներկայ անդենականի հետ զրոյցէ:

            Կ’ուզեմ հաւատալ, որ բազմամբոխ Փարիզէն, աշխարհի չորս կողմերէն եւ Հայաստանէն եկող հայ զբօսաշրջիկներէն գէթ մէկ հոգի վարդ մը առած Փէր Լաշէզի գերեզմանատունը կ’երթայ, յիշելու եւ յիշեցնելու համար, որ Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած Առաջին Հանրապետութեան պատուիրակութեան նախագահը չէ մոռցուած:

            Կրնա՞մ յուշել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը ինք պարտք պէտք է համարէ յիշել եւ Աւետիս Ահարոնեանի շիրիմին ծաղկեփունջ մը տանիլ, մեր ժողովուրդին եւ աշխարհին յիշեցնելով, որ շարունակութիւն ենք: Բիզնեսէն եւ տուրիզմէն առաջ եւ վերջ:

            Եթէ միջոց ունենայի, եւ եթէ հնարաւոր ըլլար, հարցախոյզ մը կը կազմակերպէի, գիտնալու համար, թէ գէթ Oգոստոս 10ին Փարիզ գտնուող հայերէն քանի հոգի պիտի յիշեն, կը յիշեն, որ այդ օրը 98րդ տարեդարձն է Սեւրի դաշնագրի ստորագրութեան, Հայաստանի անկախութեան եւ Հայաստան հայրենիքի տարածքներու միջազգային ճանաչման: Հայրենիքը հողով կ’ըլլայ:

            Այդ դաշնագրով Հայաստան կը դադրէր սոսկ աշխարհագրական բացատրութիւն մը ըլլալէ:

            Առանց սեփական ժողովուրդի պատմութեան գիտակցութեան եւ անոր իրաւունքներու որպէս սեփականութիւն ճանաչման, ազգ չի պահուիր, ժամանակ մըն ալ կը տեւեն հիւրընկալ երկիրներու հաճոյք պատճառող ծագումով հայերու համայնքներ, հիւրեր՝ մինչեւ որ մոռնան որ հիւր են: Մոռացումները գումարուելով կ’ըլլան անհետացում, եւ երբեմն ասդին-անդին փայլող խօսքի մարզանքները եւ ճամարտակումները չեն կրնար ընել այնպէս, որ, օրինակ, հրաշիւք իմն՝ Անիի աւերակները դառնան վաճառաշահ եւ բնակուած հայու քաղաք:

            Օգոստոսի սպասուած արձակուրդը կարելի չէ խանգարել (՜ ՜ ՜), Էյֆէլի Աշտարակի վարը եւ վերը լուսանկարուելու հայ զբօսաշրջիկներու երջանկութիւնը, կամ իրենք զիրենք կրկնող դաշտահանդէսները տեղ չունին ոչ 10 օգոստոսին ստորագրուած դաշնագրին եւ ոչ ալ վաթսուն տարի առաջ աշխարհէն հեռացած ազգին ծառայած մարդուն հետ,- որ նաեւ գրող էր,- անոր յիշատակին համար արձակուրդ չի խանգարուիր:

            Թէեւ կը սիրենք խօսիլ «Ուիլսընեան սահմաններ»ու մասին: Այդ «սահմաններ»ը Սեւրի միջազգային յանձնառութեամբ ընդունուած դաշնագրին հետեւանք էին: Ամերիկայի նախագահը պիտի գործադրէր դաշնագրի որոշումը՝ գծելով սահմանները: Պիտի գործադրէր, նոր որոշում պիտի չկայացուէր: Բայց նոյնինքն Ամերիկան չհետեւցաւ իր նախագահի յանձնառութեան:

            Երբեմն պէտք է յիշել եւ յիշեցնել: Կոշտութեամբ:

            Ազգի իրաւունքի ճանաչման տեսանկիւնէ աւելի կարեւոր չէ՞ միթէ միջագային դաշնագիրը, որ կարծէք կը մոռցուի, քան՝ բարոյական մխիթարութեան սահմաններուն վրայ թափառող ցեղասպանութեան ճանաչումները:

            Սեւրի դաշնագրով օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ գտնուող բազմաթիւ երկիրներ անջատուեցան եւ անկախացան: Հակառակ միջազգային յանձնառութեան, հայկական բռնագրաւուած տարածքները չվերադարձուեցան Հայաստանի: Մեծերը տէր չկանգնեցան իրենց խօսքին եւ ստորագրութեան:

            Պարզ խօսելով, դաշնագիրը ստորագրած երկիրները չյարգեցին իրենց յանձնառութիւնը: Այդպէս է միջազգային քաղաքականութիւնը եւ անոր բորոյականը:

            Հայաստան եւ սփիւռքներու քաղաքական նախաձեռնութիւնները, ինչ կը վերաբերի ցեղասպանութեան եւ հայկական ինչքի վերադարձին, մասնակի երեւոյթներ են՝ բաղդատած Հայաստանի ամբողջացման, որ երազ-ցանկութիւն չէ, ան միջագային որոշում է, ստորագրուած նաեւ Թուրքիոյ կողմէ:

            Սկսելու համար, մենք պէտք է յիշենք եւ սեփականացնենք մեր պատմութիւնը, որպէսզի ազգը հասնի գիտակից յանձնառութեան: Աւետիս Ահարոնեանի շիրիմը երբ կը դադրի խորհրդանիշ ըլլալէ, կը մոռցուի, անոր հետ հնհնուքներու ձեղնայարկը կը նետուի իրաւունքի գիտակցութիւնը, եւ անկարելի կ’ըլլայ կանգուն պահել տոկալու եւ տեւելու կամքը, այսինքն՝ հայրենատիրութիւնը:

            Մեծերու շիրիմները խնամքով կը պահուին, կ’ըլլան յուշարձան, ուխտատեղի: Այդ կը տեսնէք երբ կը թափառիք թանգարանի նմանող Փէր Լաշէզ գերեզմանատան մէջ: Եթէ օր մը Աւետիս Ահարոնեանի դամբանի յուշաքարը եւ տապանաքարը վերցուին ամբարիշտներու կողմէ, ինչպէ՞ս պիտի իմանանք, ո՞վ տիրութիւն պիտի ընէ:

            Հաւաքականութիւնները խորհրդանիշներու պէտք ունին իրենք զիրենք ճանչնալու համար: Միացեալ Հայաստանի խորհրդանիշ է Սեւրի դաշնագիրը, որուն տակ ստորագրած են  երէկի եւ այսօրուան հզօրները, որոնցմէ չենք պահանջեր յարգել իրենց ստորագրութիւնը, որ յարգեն իրենք զիրենք:

            Բայց, ի հարկէ, նախ պէտք է յիշենք եւ ապրեցնենք խորհրդանիշը: Սկսելու համար տէր ըլլալով Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած Հայաստանի պետութեան պատուիրակութեան նախագահի շիրիմին, որպէսզի ան չըլլայ սոսկ քար: Քար՝ քար սրտերու պէս:

            Անդրանիկ Հանրապետութեան 100ամեակ տօնախմբեցինք:

            Օտարութեան մէջ քար յիշատակ դարձած քաղաքական գործիչի եւ հայու ցաւի երգիչի դամբանը այցելու չունի:

            Ժլատ ենք: Նոյնիսկ ծաղիկ մը եւ խունկի գուլայ մը չենք տանիր, ըսելու համար՝ որ երախտաւորները չեն մոռցուիր:

            Ինչպէ՞ս կարելի է, տեւել երբ երախտաւորներէն կը խորթանանք:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles