ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺՆԵՐՈՒ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՏՈՒԷ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՓԻԹԸՐ ԳՈՒԹՈՒՃԵԱՆԸ

0 0
Read Time:4 Minute, 24 Second

amer 1  Հոկ­տեմ­բեր 3-ի երե­կոյ­եան, Ամե­րի­կա­հայ Առող­ջա­պա­հա­կան Ար­հես­տա­վարժ­նե­րու Ըն­կե­րակ­ցու­թիւնը յա­տուկ ձեռ­նար­կով մը պատ­ուեց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Փի­թըր Գու­թուճ­եա­նը, որ տա­րի­ներ շա­րու­նակ անա­չա­ռօ­րէն օժան­դա­կած է տեղ­ւոյն գա­ղու­թի զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս:

Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Գու­թուճ­եան գո­վա­սան­քի ար­ժա­նա­ցաւ իր գթա­սիրտ աշ­խա­տան­քին հա­մար, դառ­նա­լով ձայ­նը՝ ան­ձայն­նե­րուն, երե­խա­նե­րուն, ծե­րե­րուն, աղ­քատ­նե­րուն, ան­կա­րող­նե­րուն, եւ նա­հան­գի այլ բնա­կիչ­նե­րուն:  Ան, բազ­մա­թիւ այլ աշ­խա­տանք­նե­րու կող­քին,  գոր­ծա­տե­ղի­նե­րէն ներս ծխե­լը ար­գի­լե­լու, բռնա­բա­րու­թեան զո­հե­րուն շտապ դար­մա­նում մա­տու­ցե­լու, առող­ջա­պա­հա­կան մար­զէն ներս բժշկա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ (stem cell research) ընդ­լայ­նե­լու, անձ­նաս­պա­նու­թիւն­նե­րու առաջ­քը առ­նող մի­ջոց­նե­րու մա­սին գի­տակ­ցու­թիւնը տա­րա­ծե­լու, հար­բու­խի բարդ հիւան­դու­թեան (flu pandemic) պատ­րաստ­ուե­լու քայ­լե­րը բա­րե­լա­ւե­լու, դպրոց­նե­րէ ներս անսնն­դա­բեր ու­տես­տե­ղէն­ներ չար­տօ­նե­լու ու ճա­շա­րան­նե­րէ ներս վտան­գա­ւոր իւ­ղի (trans-fats) գոր­ծա­ծու­թիւնը ար­գի­լե­լու, եւ հան­րա­յին առող­ջա­պա­հու­թեան բա­ժան­մունքն ու հիմ­նար­կը զօ­րաց­նե­լու հա­մար հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք կա­տա­րած է:

Նշենք թէ ձեռ­նար­կը նա­խա­տես­ուած էր, որ կա­տար­ուէր շքեղ »Հա­յըթ Ռէ­ճըն­սի« պան­դո­կին մէջ, սա­կայն մե­տա­սա­նե­րորդ վայրկ­եա­նին պա­տա­հե­ցաւ վայ­րի փո­փո­խու­թիւն, նկա­տի ու­նե­նա­լով որ այս վեր­ջին հաս­տա­տու­թիւնը գոր­ծէ դուրս ար­ձա­կած էր տե­ղա­ցի պաշ­տօն­եա­ներ եւ փո­խա­րէն հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը կնքած էր օտար եր­կիր­նե­րու աշ­խա­տա­ւոր­նե­րու հետ: Շնոր­հիւ Ալին Քէ­օ­միւրճ­եա­նի ճի­գե­րուն, կա­րե­լի եղած էր հե­զա­սա­հօ­րէն կա­տա­րել այս անակն­կալ փո­փո­խու­թիւնը:

amer 3Այս օր­ուան առ­թիւ, »Շե­րը­թըն Քո­մեն­տըր«  (Քէյմպ­րիճ, Մա­սա­չու­սէց)պան­դո­կին մէջ կա­տար­ուած ձեռ­նար­կին յա­ջոր­դա­բար խօսք առին Ճոն Օուըր­պաք  (Յանձ­նա­կա­տար՝ Մա­սա­չու­սէ­ցի Հան­րա­յին Առող­ջա­պա­հու­թեան բա­ժան­մուն­քի), Ճիմ Գա­լուստ­եան (Նա­խա­գահ՝ Պոս­թը­նի »Հայ­կա­կան Ժա­ռան­գու­թիւն« պար­տէ­զին), Մայ­րըն Ալիւք­եան Կրտսեր ( Նախ­կին նա­խա­գահ՝ Ամե­րիկ­եան Հան­րա­յին Առող­ջա­պա­հա­կան Միու­թիւն) եւ Տէն Տը­լէյ­նի (Մա­սա­չու­սէ­ցի հան­րա­յին առող­ջա­պա­հու­թեան բա­ժան­մունք օրէնսդ­րու­թեան զբա­ղում­նե­րու վա­րիչ):

Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րե­ցին դե­ղա­գործ­ներ Հէ­րըլտ Բար­թամ­եան եւ Արա Տէ­միրճ­եան:  Խօսք առաւ նա­եւ Սօն­իա Ներ­սէս­եա­նը, Մա­սա­չու­սէ­ցի Հան­րա­յին Առող­ջա­պա­հու­թեան Միու­թեան, Առող­ջա­պա­հու­թեան Խոր­հուր­դի­ եւ Ամե­րի­կա­հայ Փաս­տա­բան­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեան ատե­նա­պե­տու­հին, որ նշեց Գու­թուճ­եա­նի ներդ­րու­մը, Հայ­կա­կան Ժա­ռան­գու­թիւն Պար­տէ­զի կա­ռոյ­ցին աշ­խա­տան­քէն ներս, հե­տե­ւո­ղա­կան ձե­ւով նա­եւ գոր­ծած է առող­ջա­պա­հա­կան եւ մարդ­կա­յին մա­տու­ցում­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէ ներս:

Իր կար­գին, շնոր­հա­կա­լան­քի խօս­քին մէջ Գու­թուճ­եա­նը նշեց իր հայ­կա­կան ժա­ռան­գու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւնը, եւ իր նա­խա­հայ­րե­րու ըրած զո­հո­ղու­թիւն­նե­րը, որ­պէս­զի ինքն ու իր ըն­տա­նի­քը ներ­կա­յիս կեան­քին ար­ժա­նա­նան:

Օրուան գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տագ­րին ելոյթ ու­նե­ցան Ճոն Պա­պոյ­եան եւ Տի­ Ճէյ Էտի Ք.:

Նշենք թէ այս ձեռ­նա­կը կազ­մա­կեր­պող Ամե­րի­կա­հայ Առող­ջա­պա­հա­կան Ար­հես­տա­վարժ­նե­րը կազմ­ուած է տե­ղա­կան չորս կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէ.- Ամե­րի­կա­հայ Դե­ղա­գործ­նե­րու Ըն­կե­րակ­ցու­թիւն, Ամե­րի­կա­հայ Բժշկա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թիւն, Ամե­րի­կա­հայ Հիւան­դա­պա­հնե­րու Խոր­հուրդ, եւ Ամե­րի­կա­հայ Ատամ­նա­բուժ­նե­րու Միու­թիւն:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles