«ՔԱՐՆԷԿԻ ՀՈԼ»Ի ՄԷՋ…ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՆՄՇԱԿ ՀԱՄՈՅԹԸ

0 0
Read Time:55 Second

Հինգշաբթի Հոկտեմբեր 7ին, տեղի ունեցաւ  մութ հաշիւներ հետապնդող..մշակութային անմշակ համոյթ մը, Նիւ Եորքի մշակութային համալիր՝ «Քարնէկի Հոլ»ի «Զէնքըլ» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ տեղւոյն Թուրքիոյ հիւպատոսարանին եւ մասնակցութեամբ թուրք եւ հայ երաժիշտներու, որոնց կարգին դաշնակահար Շահան Արծրունի եւ Պոլսահայ երգիչ Գէորգ Դաւիթեան: Այս առթիւ, Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի Հայ Դատի գրասենեակը լոյս ընծայած էր գունազարդ բացիկ մը, որուն մէջ նկարներով եւ յակիրճ տեղեկութիւններով, կը փոխանցէ թէ այս անգամ մշակոյթի բնագաւառը օգտագործելով՝ Թուրքիա անգամ մը եւս խոյս կու տայ Հայոց Ցեղասպանութեան պատշաճ ճանաչման գործընթացէն: Խումբ մը երիտասարդներ, սոյն բացիկները բաժնեցին, սրահի մուտքին, որոշ հետաքրքրութիւն ստեղծելով հանդիսատեսներու մօտ եւ անշուշտ ջղագրգռելով կազմակերպող մարմինը: Ապահովական խիստ միջոցառումներ առնուած էին:

Այս ձեռնարկը հեռու էր մշակութային բնոյթ ունենալէ եւ փոխանակ զուտ մշակութային արմատներ ունեցող հիմնարկի, կը վայելէր պետութեան մը՝ Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը, տեղւոյն հիւպատոսարանին միջոցաւ:

Նշենք թէ օրին, Ա.ՄՆ. Արեւելեան շրջանի Ռ.Ա.Կ.ն ու Հ.Յ.Դ.ն ալ միացեալ յայտարարութիւնով յայտնած էինն թէ բացայայտ իրողութիւն է, որ այս նախաձեռնութեան ճամբով, Թուրքիան՝ կը փորձէ միջազգային համայնքին ու հայ ժողովուրդին ներկայանալ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանի քօղով:

Նախքան այս ձեռնարկը, մանհաթընի մէկ թրքական ճաշարանին մէջ կատարուած էր դրամահաւաք:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles