Ատրպէյճանական Յարձակում․- Արցախցի 3 Ոստիկան Զոհուած  

0 0
Read Time:54 Second


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Կիրակի, Մարտ 5-ին Ատրպէյճանի զինեալ ուժեր ներթափանցած են Արցախ եւ սպաննած երեք ոստիկան։ Արցախի ներքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, թէ զոհուած ոստիկաններն են՝ փոխգնդապետ` Արմէն Մայորի Բաբայեան, հարիւրապետ` Դաւիթ Վալերիի Դանիէլեան եւ տասնապետ` Արարատ Թելմանի Գասպարեան: Այլ ծառայող` տասնապետ Դաւիթ Աշոտի Յովսէփեանը, վիրաւորուած է եւ կը գտնուի հանրապետական բժշկական կեդրոնին մէջ:

Ատրպէյճանական ներթափանցող խումբը դարանակալած էր ճանապարհամերձ անտառապատ տարածքին մէջ եւ այնտեղէն յարձակած էր մեքենային վրայ: Դէպքի վայր հասած են Ռուսիոյ դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբի միաւորումները:

Ներքին գործոց նախարարութիւնը այս ծանր պահուն կը կիսէ զոհուած ոստիկաններու կորուստի վիշտը, զօրակցութիւն կը յայտնէ անոնց ընտանիքներու անդամներուն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Արցախի ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց որ Արցախի ոստիկանութեան ծառայողներու եւ Խայփալու կոչուող տեղանքին յարակից դիրքին մէջ գտնուող Պաշտպանութեան բանակի զինուորներու ինքնապաշտպանական ու զսպիչ գործողութիւններուն շնորհիւ Ատրպէյճանական կողմը մարտի ընթացքին նոյնպէս ունեցած է զոհեր ու վիրաւորներ` ետ շպրտուելով ելման դիրքեր: Ատրպէյճանական կողմը կեղծ փաստեր կը ներկայացնէ` պնդելով, որ իբրեւ թէ ոստիկանական մեքենայով զէնք կը տեղափոխուէր Հայաստանէն Արցախ: Մինչդեռ իրականութեան մէջ ո՛չ միայն որեւէ զէնք չէր տեղափոխուէր, այլեւ` ոստիկանութեան ծառայողները Ստեփանակերտէն կ՛երթային դէպի ճամբուն վրայ գտնուող իրենց հերթափոխի վայր:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles