Յարութ Սասունեան
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
Բոլորս ալ գիտենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, բացի Արցախի կորուստէն, ինչպիսի արհաւիրքներ բերած է Հայաստանի գլխուն, իր անկարողութեան պատճառով։
Կրնանք մէջբերել Փաշինեանի բազմաթիւ սխալ գործողութիւններ եւ իրարամերժ յայտարարութիւններ: 2020-ի պատերազմին, Գերագոյն գլխաւոր հրամանատարի պաշտօնին մէջ իր լիակատար ձախողութենէն ետք, Փաշինեան հիմա կը փորձէ այնպէս ընել, որ հայերը մոռնան Արցախի կորուստին մասին՝ ջնջելով Արցախի անունը ժողովուրդին յիշողութենէն:
Փաշինեան ոչ մէկ քայլի ձեռնարկած է արցախահայերու՝ իրենց հազարամեայ հայրենիքին մէջ խաղաղ ապրելու իրաւունքի պաշտպանութեան համար: Ան նաեւ նախապատրաստութիւններ չէ տեսած Արցախէն աւելի քան 100 հազար գաղթականներու տեղաւորման համար, թէեւ գիտէր, որ 2020ի պատերազմէն ետք Արցախի հայերը, վերջին հաշուով, պիտի փախչին Հայաստան:
Գիտնալով, որ ապագայ ընտրութիւններուն Արցախի հայերը իրենց ձայնը չեն տար իր կուսակցութեան օգտին, Փաշինեան իրավիճակը վատթարացնելով՝ յայտարարեց, որ անոնք Հայաստանի քաղաքացիներ չեն: Այս մարդիկ տասնամեակներ շարունակ ունեցած են Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիրներ, որոնք ճանչցուած են ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ օտար պետութիւններու կողմէ՝ արտասահման իրենց ուղեւորութիւններուն ընթացքին: Ցաւօք, հազարաւոր արցախցիներ Հայաստանէն մեկնած են Ռուսիա՝ ապաստան եւ աշխատանք գտնելու համար, որպէսզի կարենան կերակրել իրենց ընտանիքները:
Աւելին, Փաշինեան կը մերժէ հանդիպիլ Արցախի ոեւէ պաշտօնեայի հետ եւ դէմ է, որ արցախցիները բողոքի ցոյցեր կատարեն Երեւանի մէջ՝ դժգոհելով Հայաստանի մէջ իրենց ունեցած ծանր վիճակէն:
Ահա՛ Փաշինեանի հակաարցախեան գործողութիւններու վերջին օրինակը: Անցեալ շաբաթ, Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան հարցազրոյց տուաւ ֆրանսական Le Figaro թերթին, ուր ան ըսաւ, որ Արցախի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ՝ հակառակ Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած ըլլալուն: Ան նաեւ յայտարարեց, որ գոյութիւն ունի Արցախի վտարանդի կառավարութիւն Երեւանի մէջ, ուր կը գտնուին անոր գրասենեակները:
Շահրամանեանի խօսքերը զայրացուցած էին Փաշինեանը, որ անմիջապէս պատասխանեց եւ սպառնաց, որ օրինական գործողութիւններ կը ձեռնարկուին բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը խօսին Արցախի վտարանդի կառավարութեան մասին: Առանց որեւէ փաստարկի, Փաշինեան մեղադրեց Արցախի ղեկավարները՝ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան համար սպառնալիք ստեղծելու մէջ։ Չհասկնալով «վտարանդի կառավարութիւն» եզրոյթին իմաստը, Փաշինեան ըսաւ, որ Հայաստանի մէջ կայ միայն մէկ կառավարութիւն եւ չի կրնար ըլլալ երկրորդ կառավարութիւն, թէեւ ոչ ոք կը խօսէր երկրորդ կառավարութեան ստեղծման մասին: Եթէ Փաշինեան ունենար որեւէ փորձառու խորհրդական, ապա ան իրեն կը տեղեկացնէր, որ շատ երկիրներու մէջ գոյութիւն ունին տասնեակ «վտարանդի կառավարութիւններ», որոնք ամէնուրեք ընդունուած են միջազգային իրաւունքի համաձայն:
Իրողապէս, Հայաստանի մէջ միակ մարդը, որ կը սպառնայ Հայաստանի անվտանգութեան, նոյնինքն Փաշինեանն է: Ան ոչ միայն չէ պաշտպանած իրաւունքները արցախահայերու, որոնք Հայաստանի քաղաքացիներ են, այլեւ թոյլ տուած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն՝ հատել Հայաստանի սահմանները 2021-ին եւ 2022-ին: Աւելին, երբ Ալիեւ պահանջեց, որ Հայաստան Ատրպէյճանի յանձնէ հայկական չորս գիւղերը, Փաշինեան նախզգուշացուց այդ գիւղերու բնակիչները, որ հակառակ պարագային՝ Ատրպէյճան նոր պատերազմ կը սկսի:
Շահրամանեանի ուղղուած իր կոշտ պատասխանին մէջ, Փաշինեան սպառնաց նաեւ համապատասխան միջոցներու ձեռնարկել, որպէսզի «արտաքին ուժերը չօգտագործեն որոշակի շրջանակներ (Արցախ)՝ Հայաստանի անվտանգութեան սպառնալիք ստեղծելու համար»։ Ցաւալի է, որ Փաշինեան կեղծ մեղադրանք կը ներկայացնէ արցախահայութեան, օտարներու կողմէ շահարկուելու մէջ։
Փաշինեանի իրական հարցը ոչ թէ Արցախի վտարանդի իշխանութիւնն է, այլ այն փաստը, որ արցախահայութիւնը քայլերու կը ձեռնարկէ՝ Արցախի յիշատակը վառ պահելու համար, բան մը, որ իրեն համար խիստ խայտառակիչ է, քանի որ յանձնողը ինքն է։ Մենք զիջեցանք Արցախը թշնամիին, բայց պէտք չէ զայն ջնջենք մեր յիշողութենէն։ Մենք պարտաւոր ենք ոչ միայն յիշել Արցախը, այլեւ Արցախ վերադառնալու երազանքը փոխանցել յաջորդ սերունդին: Սա շատ կարեւոր է, քանի որ եթէ ապագայ սերունդները չգիտնան, որ Արցախը հայկական հող է, ապա երբ հնարաւորութիւն ընձեռուի զայն ազատագրելու, անոնք չեն օգտուիր անկէ, այդպէսով ընդմիշտ կորսնցնելով Արցախը ոչ թէ թշնամիին ըրածին, այլ մեր իսկ անգործութեան պատճառով։
Միեւնոյն ժամանակ, մեզի կը մնայ միայն ափսոսալ, որ Հայաստանի վարչապետը, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, կը կատարէ Ալիեւի հրամանը՝ փորձելով խեղդել նոյնիսկ Արցախի մասին յիշողութիւն ու երազանք։ Աւելին, ամօթ կ՛ըլայ, եթէ Փաշինեան, գործելով ըստ իր սպառնալիքներուն, հրամայէ ձերբակալել Արցախի ղեկավարները Հայաստանի մէջ, այսպիսով միանալով Պաքուին՝ Արցախի ղեկավարները գերութեան մէջ պահելու հարցով։
Օր-օրի վրայ Փաշինեան աւելի կը սաստկացնէ իր հակահայկական գործողութիւնները։ Մինչեւ ե՞րբ պիտի լռեն հայերը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, նման ինքնակործան գործողութիւններու դիմաց։ Հայ ժողովուրդը ե՞րբ պիտի արթննայ իր քունէն, ըսելու որ «բաւակա՛ն է» եւ գտնելու ձեռնհաս նոր ղեկավար մը, որ երկիրը դուրս կը բերէ այս ճահիճէն։ Հակառակ Փաշինեանի պնդումին՝ Արցախի հարցը փակուած չէ։ Հայերը պէտք չէ շարունակեն ձեռքերը ծալած նստիլ եւ հետեւիլ, թէ աստիճանաբար Հայաստան ինչպէ՞ս կ՛անհետանայ մէկ մարդու չարագործութիւններուն պատճառով…
Վերջապէս, ամօթ կ՛ըլլայ, եթէ Փաշինեան ստիպէ Շահրամանեանի եւ Արցախի միւս պաշտօնեաներուն լքել Հայաստանը եւ իրենց վտարանդի կառավարութիւնը տեղափոխել օտար երկիր։