Սփիւռքի Կարողական Ուժին Մասին

0 0
Read Time:2 Minute, 4 Second

ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Հսկայ է սփիւռքի կարողական ուժը իր երեք երեսներով` նիւթական-տնտեսական, մարդուժի, քարոզչական-յարաբերական:

Ներկայիս այդ ուժին միայն մէկ չնչին մասը կը գործածուի: Այսպէս, ա) բարեկեցիկ եւ հարուստ  աշխարհատարած խաւին նիւթական պատկառելի ուժը հայութեան միայն աննշան օգուտ կը բերէ (յաճախ օտարի՛ն կը ծառայէ), բ) հայութեան գրեթէ ոչ մէկ օգուտ կը բերէ նաեւ արժէքաւոր գիտութեամբ եւ փայլուն կարողութիւններով օժտուած մեր աշխարհատարած մարդուժը (ոչ անպայման հայախօս, բայց` հայկական ծագում եւ ոգի ունեցող):

Խելամտօրէն եւ արդիական մեթոտներով սփիւռքը վերակազմակերպելու պարագային կարելի է այս հսկայ ննջող ուժը կեանքի կոչել: Այդ ուժը կրնայ բազմիցս աւելցնել Հայաստանի կարողութիւնները` ապահովական, տնտեսական, գիտական, կրթական եւ այլ մարզերու մէջ: Այդ ուժը կրնայ նոյնը ընել նաեւ իրե՛ն (սփիւռքի) համար` միաժամանակ մեծապէս դանդաղեցնելով ձուլումի ընթացքը:

Ինչո՞ւ կը գործենք այնպէս, որ այդ կարողական ուժը մնայ չօգտագործուած եւ հետզհետէ նուազի, հիւծի:

Սփիւռքի ուժը տեղաշարժի ենթարկելու կապակցութեամբ, դեր խաղալու ի վիճակի էին (եւ են) երկու բեւեռներ. 1) Հայրենի իրերայաջորդ իշխանութիւնները, եւ 2) սփիւռքի ղեկավարութիւն դառնալու կարելիութիւնը ունեցող համասփիւռքեան կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու եւ կրօնական կառոյցներու հաւաքականութիւնը: Այդ հաւաքականութիւնը կոչենք «Սփիւռքի կարողական ղեկավարութիւն»:

Անդրադառնանք այս երկու բեւեռներու սփիւռքի հետ առնչուող աշխատանքին:

1) Հայրենի իրերայաջորդ իշխանութիւններու մօտեցումները, երեւութական տարբերութիւններէ անդին, իրենց հիմնական գիծերուն մէջ եղած են նոյնը.

Ա) Սիրաշահելով անհատներ, անմիջական-պարագայական օգուտ քաղել սփիւռքահայերու նիւթական եւ մարդուժային կարողութիւններէն,

Բ) Սփիւռքահայութեան խորհուրդը ունկնդրելու տպաւորութիւն ստեղծել` կազմակերպելով ձեւական խորհրդաժողովներ,

Գ) Սփիւռքի կարիքներուն պարբերաբար անդրադառնալ` առանց գործադրելու անոր հիմնական խնդիրներուն լուծում բերող եւ միասնականութիւնն ու կազմակերպուածութիւնը ամրապնդող հեռահա՛ր ծրագիրներ:

2) «Սփիւռքի կարողական ղեկավարութեան» անդամներուն մասին երբ խօսինք այստեղ, համայնքային-տեղական տարողութիւն ունեցողներուն մասին չէ, որ պիտի մտածենք, այլ` միայն համասփիւռքեան տարողութիւն ունեցողներուն: Որո՞նք են այս վերջիններուն գործունէութեան կարեւոր երեսները:

Ա) Անմիջական օգնութիւններ հասցնելով` սփիւռքեան համայնքներու նահանջը դանդաղեցնել,

Բ) Կարճ վազքի կամ միջին վազքի արդիւնքներու հասնելու համար աշխատիլ մասնագիտացած մարզերու մէջ (կրթական, մշակութային, ընկերային, մարզական, մարդուժի, կրօնական, քարոզչական, յարաբերական, քաղաքական կամ Հայ դատի աշխատանքներու մարզեր),

Գ) Անմիջական եւ պարագայական նիւթական կամ մարդուժին փոքր օժանդակութիւններ հասցնել Հայաստանին, Արցախին եւ բռնագաղթուած արցախահայութեան,

Դ) Սփիւռքի կարիքներով զբաղիլ` առանց գործադրելու անոր հիմնական խնդիրներուն լուծում բերող եւ միասնականութիւնն ու  կազմակերպուածութիւնը ամրապնդող հեռահա՛ր ծրագիրներ,

Ե) Ընդհանրապէս գործել առանձի՛ն` իրարու հետ գործակցելով միայն պարագայաբար եւ փոքր չափերով:

* * *

Վերջապէս, սփիւռքի կարողական ուժը կեանքի կոչելու ուղղութեամբ լուրջ գործակցութիւն չկայ նշուած երկու բեւեռներու՛ն միջեւ:

* * *

Ինչպէ՞ս բացատրել սփիւռքի կարողական ուժը տեղաշարժի ենթարկելու եւ այդ նպատակով սփիւռքը վերակազմակերպելու ուղղութեամբ հեռահար գործի բացակայութիւնը:

Ինչպէ՞ս բացատրել զանազան դերակատարներուն միջեւ նշուած նպատակով  գործակցութեան չգոյութիւնը:

Պէտք է յուսալ, որ հայաշխարհի ներկայ ծանր տագնապին հակազդելով, դերակատարները ճամբայ կը հանեն սփիւռքի վերակազմակերպումը` անոր կարողական մեծ ուժը կեանքի կոչելու նպատակով:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles