Ա.Ա.
Տաւուշ – Ղազախ շրջանի չորս գիւղերու Ատրպէյճանի յանձնման հոլովոյթը պատճառ դարձաւ,որ Երեւանի իշխանութիւնները եւ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններ կատարեն։ Խորհրդարանական «Հայաստան» խմբակցութեան դաշնակցական պատգամաւոր Արթիւր Խաչատրեան արդարօրէն հարց տուաւ,որ ինչ համաձայնութեան մասին է խօսքը, երբ Տաւուշի շրջանի չորս գիւղերուն դիմաց Հայաստան ոչինչ ստացաւ եւ 31 գիւղերու տարածքները, որոնք Ատրպէյճանի բանակին կողմէ գրաւուած են, չվերադարձուեցան։
Հողի յանձնումը իբրեւ կարեւոր ձեռքբերում ներկայացնելու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ճիգը սուր քննադատութիւններու թիրախ դարձաւ, պարզապէս որովհետեւ Տաւուշ- Ղազախ շրջանի չորս գիւղերը Ատրպէյճանի վերադարձնելու դիմաց, հայկական կողմը ոչինչ ստացաւ։ Հակառակ այս իրողութեան, Փաշինեան չորս գիւղերու յանձնումը համարեց ձեռքբերում, նշելով,որ առաջին անգամ ըլլալով՝ Հայաստան եւ Ատրպէյճան սեղանի շուրջ բանակցութեան ճամբով հարց լուծեցին։ Հակառակ Փաշինեանի լաւատեսութեան, Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութիւնը այս քայլը համարեց պարտութիւն, որովհետեւ ինչպէս նշեցինք, Հայաստանի 31 գիւղերու բռնագրաւեալ տարածքները չվերադարձուեցան։
Հայաստանեան ընդդիմութեան համաձայն, չորս գիւղերուն յանձնումը կը վտանգէ ոչ միայն շրջանը, այլեւ ամբողջ Լոռիի մարզը։ Ազգային ապահովութեան եւ պաշտպանութեան տեսակէտէ, նման վտանգ իր չափազանց ժխտական հետեւանքները ունի՝ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող սահմանամերձ ճամբաներու, մայրուղիներու եւ կազատարի անվտանգութեան իմաստով։
Մասնագէտներու եւ փորձագէտներու կարծիքով, սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներուն սկսելէ առաջ, կենսական էր, որ հաստատուէր աշխատանքի մեթոտաբանութիւն, օրինական հիմքեր եւ սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներու օրինականութեան յստակ կանոնակարգ, որպէսզի կատարուած աշխատանքը հապճէպ եւ անհիմն չըլլայ, այլ հիմնուած ըլլայ յստակ եւ որոշ տուեալներու եւ չափորոշիչներու վրայ։ Այս իմաստով կանոնակարգը նաեւ կարեւոր է, որպէսզի հոլովոյթը միակողմանի զիջման գործընթացի մը չվերածուի։
Հայաստան – Ատրպէյճան սահմանազատումն ու սահմանագծումը անխուսափելի է եւ անկարելի է շարունակել այնպէս մը, թէ սահմանային բարդ խնդիրներ գոյութիւն չունին եւ ամէն ինչ բնական է։Երկու երկիրներու միջեւ, որոնք երեսուն երկու տարիներու ընթացքին երկու անգամ պատերազմած են, սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթը շատ խրթին է, որովհետեւ թշնամանքն ու ատելութիւնը չեն արտօներ, որ բանականութիւն եւ հանդուրժողականութիւն տիրէ։Այս պատճառով ալ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացին ճիշդ եւ առարկայական ըլլալուն համար, կենսական է ճշգրիտ քարտէսներու վրայ հիմնուած կանոնակարգը, որպէսզի հողային զիջումներու պատճառ չհանդիսանան սահմանագծման աշխատանքները։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն միջեւ կատարուած՝ Տաւուշ – Ղազախ շրջանին մէջ սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքը առաւելաբար արդիւնք է քաղաքական որոշման մը, որ ոչ մէկ կապ ունի ճշգրիտ քարտէսներու վրայ հիմնուած կանոնակարգի մը հետ, որուն հիմամբ միայն կարելի է ճշգրտօրէն կատարել առաջադրուած աշխատանքը՝ խուսափելով հող զիջելու չափազանց վտանգաւոր քայլերէ, որոնք ի վերջոյ զիջող կողմին ռազմավարական բոլոր հաշիւները կրնան խանգարել եւ իր նախընթացը չունեցող վտանգաւոր կացութիւններու առաջնորդել հող զիջող երկիրը։ Նման իրավիճակէ խուսափելու միակ միջոցը սահմանազատումը եւ սահմանագծումը քաղաքական որոշումի մը հիմամբ չկատարելն է, այլ գործընթացը հիմնել եւ խարսխել երկու կողմերէն ընդունելի ընդհանուր կանոնակարգի մը վրայ։