Ցեղասպանութեան Գեղարուեստական Արձագանգները Սփիւռքահայ Կերպարուեստէն Ներս

0 0
Read Time:8 Minute, 40 Second
Արշիլ Կորքի «Տառապանք»

Մովսէս Ծիրանի

«Դրօշակ» – թիւ 4

Ապրիլ 2024

Խօսքը կը վերաբերի սփիւռքահայ այն կերպարուեստագէտներուն, որոնք իրենց բարձրորակ արուեստի գեղարուեստական ուժով կրցած են մարդկութեանը ներկայացնել ցեղասպանութեան արհաւիրքն ու գործած աւերները՝ ըլլայ նիւթական, թէ ոգեղէն արժէքներու պարագային: Ինչպէս՝ Արշիլ Կորքի, Ռուբէն Նաքեան, Երուանդ Քոչար, Էտկար Շահին, Խորէն Տէր-Յարութեան, Լեւոն Թիւթիւնճեան, Հովսէփ Փուշման, Արշակ Ֆէթվաճեան, Հայկ Բադիկեան, Գառզու, Ժանսեմ, Փ. Կիրակոսեան, Կիւվտէր, Զաւէն Խտշեան, Ժան Դարբինեան, Ժան Գազանճեան, Ժան Ասատրեան, Աշօտ Զորեան, Կիւվ, Գեղամ Թազեան, Արթո Չաքմաճեան, Եուրոզ, Պերճ Չաքէճեան, Գրիգոր Նորիկեան եւ այլն: Շարքը  կարելի է աւելի երկարացնել, որովհետեւ գուցէ չկայ հայ իրաւ արուեստագէտ մը, որուն վրայ հետք ձգած չըլլայ ցեղասպանութիւնը:

Արշիլ Կորքիի (Ոստանիկ Ադոյեան) ստեղծագործական կեանքը լաւագոյնս կրնայ արտահայտել  յետ Եղեռնի սերունդի ոգեղէն հայրենիք «որոնելու» տագնապներն ու անոնց անդրադարձը ազգային ու մարդկային խնդիրներու վրա: Ան ծնած է Վանայ լիճի մօտ՝ Խորգոմ գիւղը, 1904-ին: 1915-ին Ոստանիկ կը մասնակցի Վանի ապրիլեան ինքնապաշտպանական կռիւներուն՝ իբրեւ մարտիկներու օգնական եւ ըստ ոմանց վկայութեան՝ նաեւ՝ իբրեւ դիպուկահար: Այգեստանի անկումէն ետք, ընտանիքով արտագաղթի ընթացքին Իգդիրի մօտերքը կը հանդիպին խումբ մը ֆէտայիներու, որոնք զիրենք ապահով կը հասցնէն  Էջմիածին: Քանի մը շաբաթ հոն մնալէ ետք կ’երթան  ու կը տեղաւորուին Երեւանի թշուառագոյն թաղամասը՝ Կոնտ, ուր մայրը կը մահանայ «պատիհանին» վրայ անօթութեան հետեւանքով: 1919-ին կ’անցնի Թիֆլիս, ապա՝ Պաթում, Պոլիս եւ Յունաստանի վրայով 1920-ին կը հասնի ԱՄՆ: Նախ կը բնակի Պոսթըն քրոջ՝ Սաթենիկի մօտ, ապա կ’անցնի Նիու Եորք, ուր լուրջ դժուարութիւններու կը հանդիպի: Իր արուեստի հասունացման ու ծաղկման շրջանին վերջ կուտայ իր կեանքին՝ ինքնասպանութեամբ:

Ցոյց տալու համար Արշիլ Կորքիի տեղն ու դերը արուեստի պատմութեան մէջ՝ մէջբերենք Անտրէ Պրէթոնի վկայութիւնը.

«Կորքին Միացեալ Նահանգներու արուեստի պատմութեան մէջ երբեւիցէ եղած գեղանկարիչներուն ամենամեծն է եւ իւրայատուկը»: Իր նամակներէն մէկուն մէջ Կորքի կը խոստովանի. «…Այս բոլորին համար ես պարտական եմ մեր հայ արուեստին»:

Կորքին նոր երեւոյթ էր, եւ այդ պատճառով ալ Ամերիկայի արուեստաբանները չկրցան տեղաւորել զինք որեւէ «իզմ»-ի մէջ: Պարպարա Ռոզ կը գրէ. «Դեռեւս չէ ճշդուած այն հարցը, թէ Արշիլ Կորքի վերջին գերիրապա՞շտն (Surrealism)  է, թէ առաջին վերացական-արտայայտչապաշտը (Abstract-Expressionism):

Ամերիկացի արուեստաբաններէն շատեր, ինչպէս՝ Ճոն Կրահամ, Հարրի Ռանտ, Ճիւլիյըն Լէյվի եւ տասնեակէ մը աւելի ուրիշներ, բարձր կը գնահատէին անոր արուեստը, սակայն չէին կրնար հասկնալ զինք, որովհետեւ ան կ’ուգար իրենց համար անծանօթ տարբեր աշխարհէ մը եւ օժտուած էր տարբեր անհատականութեամբ ու գեղագիտական ուրոյն համոզումներով: Կորքի կ’առարկէ. «Անոնք մօրս աչքերը փիքասոյական կը համարեն, իսկ հայոց թախիծը՝ բիւզանդական կամ ռուսական. երբ կ’ուղղեմ անոնց սխալները, անոնք կը պատասխանեն, թէ այդ ուղղումները փոքր ազգերու յատուկ չափազանցուած ազգայնամոլութիւն են: Այս մէկը կը կատղեցնէ զիս…: Արուեստը ազգայնամոլութենէ վեր է եւ կը ներկայացնէ համընդհանուր մարդկային աչքը»:

Ուրիշ տեղ մը ան կը շեշտէ. «Իմ արուեստը մեր դժբախտ ժողովուրդի ինքնաարտայայտութիւնն է:»

Այո’, սփիւռքահայ կայացած կերպարուեստագէտներէն շատերու արուեստը կը տարբերի միւսներէն եւ դժուար կը տեղաւորուի որեւէ «իզմ»-ի մէջ, որովհետև անոնք էութեամբ ոգեպաշտ (hylozoist) են: Թէեւ ոգեպաշտութիւնը հին աշխարհի մէջ հայութեան մենաշնորհը չէ, սակայն ան խորապէս անթեղուած է հայ ազգային մշակոյթի հազարամեակներու խորքը ու հասած մինչև մեր օրերը: Հակառակ անոր, որ տիրող կարծիքը այն է, թէ Կորքին «վերացապաշտ-արտայայտչապաշտ» (Abstract-Expressionism) դպրոցի հիմնադիրն է, բայց իրականութեան մէջ ան ընդոծին ոգեպաշտ (hylozoist) մըն էր: Կորքիի համար ապրող բոյսերէն, քարերէն ու ոսկորներէն աւելի կենսական նշանակութիւն ունէր «ապրող երազներու» բնորոշումը, որոնք յիշողութեան ճամբով կը բացուէին իր արուեստին վրայ իբրեւ տեսիլք, իբրեւ անցեալի երփներանգ վերապրում: Կորքի կ’ըսէ. «Մենք կորսնցուցինք մեր գեղեցիկ Հայաստանը, եւ ես պէտք է վերականգնեմ զայն իմ ստեղծագործութիւններուս մէջ»: Ահաւասիկ, թէ ուրկէ՞ կը բխի ոգեղէն հայրենիք կերտելու անխուսափելի ցանկութիւնը…

Կորքիի ակնարկութիւնն առաւելաբար Արևմտահայաստանին կ’երթար, որովհետեւ ան ոչ միայն կ’ընդունէր Խորհրդային Հայաստանը, այլեւ բուռն կերպով կը ցանկար այցելել այն: Այո’, սփիւռքահայ արուեստագէտին համար մխիթարանք (ոմանց համար նոյնիսկ հպարտանք) էր Խորհրդային Հայաստանի իրողութիւնը, թէեւ շատեր կը նախընտրէին Ազատ, Անկախ Հայաստան մը:

Կորքին ամենայն համոզուածութեամբ կը պնդէր. «Մենք կարճ ժամանակի ընթացքին հարկադրաբար շատ բան տեսանք ու ապրեցանք: Տեսանք թուրքերու ոճրագործութիւնները, կոտորածն ու Եղեռնը, մեր գաղթը, մեր երկրի կործանումը: Ես կը յիշեմ այս բոլորը: Մենք՝ ողջ մնացածներս չենք կրնար այս բոլորին չհակադարձել հնարաւորին չափ մեծ ուժգնութեամբ»:

Այսպիսով՝ Կորքի ոչ միայն ինքզինք, այլ նաեւ յետ Եղեռնի ողջ սերունդը յանձնառութեան տակ կը դնէր՝ հակադարձելու հնարաւորին չափ մեծ ուժգնութեամբ: Սակայն խօսքը «ակն ընդ ական» վրէժխնդրութեան մասին չէ, այլ գեղարուեստական հզօրութեան, ինքնահաստատման  եւ յատկապէս ինքնատիպ ու բարձրորակ մշակոյթի մը պաշտպանութեան եւ նորի ստեղծման: Այդ ժամանակաշրջանին ԱՄՆ-ի մէջ տիրող կարծիքն այն էր, թէ հայերը անմշակոյթ, թշուառ  ու թափառաշրջիկ ցեղի մը մնացուկներն են, եւ այդ պատճառով ալ զանոնք կ’անուանէին «սոված հայեր» (Starving Armenians): Այս ստորացուցիչ արտայայտութենէն բացի՝ կար աւելի սարսափելի եւ ուղղակի թշնամական վերաբերումը: Օրինակի համար՝ տիտղոսաւոր ազգագրագէտ մը (կը վարանիմ անոր անունը հոս յիշելու) սնամէջ ամբարտաւանութեամբ կը յայտարարէր. «Հայերն ու յոյները շուներ են ու խոզեր: Սեփական ոչ մէկ բան ունենալով հանդերձ՝ ո’չ հայրենիք, ո’չ տուն, ո’չ կալուած, կը փորձեն չենթարկուիլ թուրքերուն»:  Երբ նմանօրինակ կարծիքներ ու կեցուածքներ կային հայութեան հանդէպ աշխարհի տարածքին (սկսեալ ամերիկեան ու եւրոպական երկիրներէն մինչեւ Ռուսաստան ու նոյնի’սկ Լիբանան), հասկնալի կը դառնայ, թէ ինչո’ւ սփիւռքահայ արուեստագէտի ազգային արժանապատուութեան վիրաւորանքը պիտի ըլլար այնքան մեծ եւ խոր, որ իբրեւ բաց վէրք իր անդրադարձը պիտի գտնէր (թէկուզ ենթագիտակցաբար) իր ստեղծագործութիւններուն մէջ: Չարամիտներու կողքին թէեւ կային շատ աւելի մեծ թիւով գթասիրտ ու խղճամիտ անձնաւորութիւններ, որոնք նոյնի’սկ օգնութեան ձեռք կ’երկարէին հայութեան, սակայն շատերու համար  այս մէկը եւս ինչ-որ տեղ տհաճ էր եւ վիրաւորական, որովհետեւ սեփական ազգային ուժ ստեղծելու եւ անոր վրայ հենուելու գաղափարը թէեւ կար, սակայն զայն իրագործելու կամ ծրագրաւորելու գործնականացումը չկար…: Ի դժբախտութիւն բոլորիս՝ այսօր ալ ցանկութիւնը կայ, սակայն զայն իրագործելու ազգային միասնական կամքն ու զայն իրականացնելու միջոցները կը պակսին մեզի:

Կորքի եւ իր ժամանակակիցները քրիստոնէաբար պատասխանեցին այդ հակամարդկային կեցուածքներուն: Ահաւասիկ, թէ ինչո’ւ անոնց արուեստի մէջ չկայ վրէժխնդրութիւն եւ կամ վայրագութեան հրահրում:

Ի հարկէ, այսօր ժամանակները փոխուած են արդէն,  եւ դժուար թէ նման յոռի կեցուածքներ եւ կամ արտայայտութիւններ տեղի ունենան հայութեան հանդէպ՝ ի բաց առեալ, անշուշտ,  մեր «երդուեալ թշնամիներէն»:

«Յիշողութիւնը արուեստագէտին սերմն է»,— կ’ըսէ Արշիլ Կորքի:

Յիշողութիւնը, իսկապէս, սերմի դեր կատարեց սփիւռքահայ բազմաթիւ կերպարուեստագէտներու ստեղծագործական կեանքին մէջ: Անոնցմէ շատեր յղացած են նաեւ Եղեռնին նուիրուած յուշակոթողներ, որոնց մէկ մասը, սակայն, դուրս գալով ցեղասպանութեան պարունակէն, կ’արտայայտէ ազատութեան, վերածնունդի եւ կամ ըմբոստութեան ու զայրոյթի գաղափարները: Օրինակի համար՝ Նիու Եորքի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ բակին տարածքին Եղեռնի առիթով դրուած են Ռուբէն Նաքեանի եւ Խորէն Տէր Յարութեանի ստեղծագործութիւնները: Առաջինը կը ներկայացնէ վերածնունդը, իսկ երկրորդը՝ զայրոյթը: Ռուբէն Նաքեան խաչի փշրուած բեկորները հաւաքելէ ետք շարած է զանոնք բրգաձեւ՝ իբրեւ տառապանքի մէջ ջրդեղուած ժողովուրդի մը միասնականութեան ու վերածնունդի խորհրդանշան: Իր հասցէին բարձր գնահատանքներ արձանագրած են բազմաթիւ հեղինակաւոր արուեստաբաններ, որոնցմէ մէկը՝Թոմաս Պ. Հէս, 1962-ին կը գրէր. «Նաքեան ամերիկեան արդի երէց արուեստագէտներուն մէջ եզակի է…ողբերգականութեամբ»: Անոր արուեստի ողբերգականութիւնը ուժգնօրէն դրսեւորուած է շարք մը ստեղծագործութիւններու մէջ: Ինչպէս՝ «Աստուածներու պարտէզը», որուն յագեցուած ողբերգականութիւնը կը տարածուի առհասարակ համամարդկային հարթակներու վրայ: Եւ ի զուր չէ, որ կը համարուի ամերիկեան «շարժուն քանդակագործութեան» (Action sculpture) հիմնադիրը: Անոր քանդակներէն շատեր զետեղուած են ամերիկեան կարևոր հրապարակներու վրայ եւ թանգարաններու մէջ Ալ. Քալտըրի եւ կամ Հենրի Մուրի նման մեծերու շարքին:

Խորէն Տէր Յարութեան «Վերածնուած Հայաստան»

Իսկ Խորէն Տէր Յարութեանի յղացքը կը պատկերէ «Ցեղասպանը», ուր պատկերուած է գիշատիչ անգղ մը, որ լափելէ ետք մարդկային մարմին մը կը պատրաստուի յօշոտելու երկրորդը: Անգղը սարսռազդեցիկ ու ահարկու տեսք ունի, ան կը դրսեւորէ կեանքը ոչնչացնելու գազանային մոլուցքը՝ արտայայտչական ապշեցուցիչ լարուածութեամբ: Այս բացառիկ յղացքով Խորէն Տէր Յարութեան կ’արտայայտէ իր ողջ զայրոյթը ընդդէմ ցեղասպանութեան ու անուղղակիօրէն ըմբոստութեան կը մղէ ակնդիրը: Ան ծնած է 1909-ին Արեւմտեան Հայաստանի Խարբերդ նահանգի Աշոտաւան գիւղին մէջ: Եղեռնի դառնութիւնը ցմրուր ըմպելէ ետք, 1921-ին կը հաստատուի Ա․Մ․Ն․, ուր կ’ապրի եւ կը ստեղծագործէ ցմահ՝ արժանանալով համաամերիկեան ճանաչման եւ գնահատման: Վաւերականօրէն յանձնառու այս արուեստագէտը իր բարեկամներէն մէկուն ուղղուած նամակի մը մէջ կը գրէ. «1926-էն մինչեւ կեանքիս վերջը ես ալ կռուած եմ եւ պիտի կռուիմ իմ մուրճով ու վրձինով տգէտ ու բարբարոս թուրքին դէմ»: Ան իրագործած է ազգային-հայրենասիրական բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ, ինչպէս՝ «Ռմբաձիգը», իսկ յուշարձաններէն՝ «Վերածնունդը»՝ դրուած Երեւանի «Յաղթանակ» այգիին կեդրոնը: «Մուսալեռցին» զետեղուած է Թէլ Աւիւի պետական համալսարանի բակը, որուն տարբերակներէն մէկը կը գտնուի Խորէն Տէր-Յարութեանի ստեղծագործութիւններուն նուիրուած Էջմիածնի թանգարանը, իսկ ուրիշ մը՝ Հայաստանի «Մուսա լեռան» յուշակոթողի ներքնամասին մէջ: Այս առումով, սակայն, իր ամենայատկանշական գործը «Փոքր Մհերն»  է, որ կը զարդարէ Ֆիլատելֆիոյ պետական պատկերասրահի եւ Օկիւստ Ռոտենի թանգարանի միջեւ ինկած «Ֆէրմունդ» զբօսայգին: Այս խմբաքանդակի կեդրոնական կերպարը՝ Փոքր Մհերը՝ սուրը գլխիվար խաչի վերածած՝ յաղթականօրէն կանգնած է քառակուսի պատուանդանի մը վրայ, որու չորս կողմերուն իրագործուած են հետեւեալ բարձրաքանդակները՝ Աւարայրի ճակատամարտը,  Հայ մշակոյթի պաշտպանը, Վերջին վերապրողն ու Հայ ազգի ապագան: Բացի յիշեալ յուշարձաններէն՝ ան ազգային-հայրենասիրական բովանդակութեամբ բազմաթիւ գործեր ունի, ինչպէս՝ «Եփրատի փրփուրները», «Յաղթանակ», «Ցեղասպանութիւններու» շարքը, «Ֆէտային», «Հերոսական Կիլիկեան» «Վերածնունդ» եւ այլն:

Փոլ  Կիրակոսեան

Յետ Եղեռնի սերունդէն ուրիշներ եւս կտակած են մեզ ազգային եւ համամարդկային բովանդակութեամբ թաթաւուն մնայուն արժէքներ, ինչպէս`Փանոս Թէրլեմեզեան, Հայկ Բադիկեան, Ռաուլ Հէյկ, Հենրի Լայըն,Սարգիս Խաչատուրեան, Երուանդ Քոչար, Գրիգոր Շիլդեան, Ճորտանօ (Ժիրայր Օրագեան), Աշոտ Զօրեան, Ժան Դարբինեան, Ժան Ասատրեան  եւ այլն:

Եուրոզ  «Ցեղասպանութիւն»

Ի դէպ, հարկաւոր է յիշել, որ մեր ոխերիմ թշնամիները Եղեռնի ընթացքին ոչ միայն սպաննեցին, լլկեցին ու պղծեցին հայ մանուկները, այլեւ անոնցմէ շատեր առեւանգեցին ու թրքացուցին: Այդ մանուկներէն մաս մը կրցաւ ճողոպրիլ ու ապաստանիլ Պոլիս ու վերապրիլ: Ատոնցմէ են Աշոտ Զօրեանն ու Ժան Դարբինեանը: Առաջինը կը հասնի Գահիրէ, իսկ երկրորդը՝ Պէյրութ: Աշոտ Զօրեանը տարբեր առիթներով անդրադարձած է Եղեռնի թեմային, իսկ Ժան Դարբինեանը, որ եղած է Կալենցի, Թէրճանի ու Ժան Ասատրեանի  ընկերը (որոնք միասնաբար աշակերտած են Միշլէի), սկզբնական շրջանին ապրելով եւ ստեղծագործելով «Քարանդինայի» հայ գաղթականներուն մէջ՝ բացառիկ յաջողութեամբ ու բծախնդրութեամբ պատկերած է անոնց կեցաղն ու առօրեան, որոնք գեղարուեստական իրենց արժէքին զուգահեռ ունին նաեւ պատմական վաւերագրական նշանակութիւն:

Ժան Դարբինեան «Հայ վերապրողները քարանթինայի մէջ»

Յաջորդ սերունդները թէեւ ականատեսներէ լսեցին Հայոց ցեղասպանութեան  մասին, սակայն անմասն չմնացին անոնց հետեւանքներէն: Ինչպէս՝ Գառզուի «Արարատ»  վիմատիպներու շարքը, Ժանսեմի՝ Եղեռնին նուիրուած շարքը, Փոլ Կիրակոսեանի «Եղեռն» եւ «Վերածնունդ» շարքերը, Զաւէն Խտըշեանի «Ազատագրում» եւ «Վերականգնում» քանդակները, Եուրոզի «Եղեռն» ու «Վերածնունդ» կտաւներն ու անոնց տարբերակները: Ինչպէս նաեւ Կիւվ, Կիւվտէր, Գեղամ Թազեան, Ժան Գազանճեան, Պերճ Չաքէճեան, Արթո Չաքմաքճեան, Մ. Մազմանեան եւ շատ շատեր անդրադարձած են այս թեմային․ Խորէն Տէր Յարութեան, Փոլ Կիրակոսեան եւ այլն: Յատկապէս այս վերջինը, որ ամբողջութեամբ երկու ցուցահանդէս նուիրեց Եղեռնի թեմային եւ անոնց հասոյթը տրամադրեց բարեսիրական նպատակներու: Ունեցած ենք նաեւ արուեստագէտներ, որոնց ոճն ու ինքնատիպութիւնը պայմանաւորուած են «Եղեռնով»: Ինչպէս՝ Արշիլ Կորքի, Կիւվտէր, Գեղամ Թազեան, Արթո Չաքմաքճեան, Ժան Գազանճեան եւ յատկապէս Լեւոն Թիւթիւնճեանը, որ մէկ կողմէ՝ կը համարուի գերիրապաշտ սերունդի ուրոյն ու ամենակարկառուն դէմքերէն մէկը եւ միւս կողմէ՝ ֆրանսական արուեստի լաւագոյն կերպարուեստագէտներէն մէկը:

Լեւոն Թիւթիւնճեան «Կարմիր դիմակ»

Եւ այսպէս՝ թէեւ «ցեղասպանութեան գաղափարը»  լայնօրէն եւ հանգամանօրէն արծարծած են  սփիւռքահայ կերպարուեստագէտները, սակայն միաժամանակ անոնք դրսեւորուած են նաեւ մարդու էութեան ազատագրման, ոգեղէն հայրենիքի, վերածնունդի եւ այլ ազգային ու համամարդկային գաղափարներ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles