Փաշինեան Արդեօք Ի՞նչ Պիտի Ընէ Յաջորդին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարա՞նը Պիտի Քանդէ

0 0
Read Time:4 Minute, 14 Second

Յարութ Սասունեան

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

 

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ անոր նոյնքան ապաշնորհ ստորադասները ամիսներ շարունակ հակահայկական յայտարարութիւններ կ՛ընէին։ Սկիզբը ան նսեմացուց Արարատ լեռը, այնուհետեւ քննադատեց Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրօրէն պաշտպանուած պետական խորհրդանիշները՝ օրհներգը եւ զինանշանը։

Փաշինեան նաեւ առաջարկեց, որ Հայաստան ընդունի նոր Սահմանադրութիւն՝ ջնջելով Արցախի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յիշատակումները, որոնք ամրագրուած են Անկախութեան հռչակագիրին մէջ։ Ան շատ անգամ արհեստական տարբերութիւն կը դնէ «Պատմական Հայաստան»-ի եւ «Իրական Հայաստան»-ի միջեւ՝ նկատի ունենալով այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ Հայոց հայրենիքի մէկ փոքր մասն է։

Փաշինեան նաեւ համակուած  էր՝ թշնամական Ատրպէյճանէն խաղաղութիւն մուրալու մոլուցքով: Ատրպէյճան շահագրգռուած չէ Հայաստանի հետ հաշտութիւն կնքելու հարցով։ Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միակ նպատակը Հայաստանի լիակատար ոչնչացումն է, երկրի մը, որուն գոյութիւնը ան կը մերժէ՝ զայն անուանելով «Արեւմտեան Ատրպէյճան»։ Ցաւօք, Փաշինեան իր պարտուողական եւ զիջողական բոլոր յայտարարութիւնները կ՛արդարացնէ ՝ օգտագործելով վախցնելու մարտավարութիւնը, ըսելով որ՝ եթէ Հայաստան չկատարէ Ատրպէյճանի պահանջները, ան կը նախաձեռնէ նոր պատերազմի․․․

Իր հնազանդ ծառաներէն մէկուն միջոցով՝ Փաշինեան ներկայիս ալ կասկածի տակ կը դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտացիութիւնը՝ Ցեղասպանութեան իրական փաստերը հաստատելու պատրուակով։ Վերջին գայթակղութիւնը սկսաւ Ազգային ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան յանձնախումբի նախագահ, Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» իշխող կուսակցութեան բարձրաստիճան անդամ Անդրանիկ Քոչարեանի խիստ կասկածելի յայտարարութեամբ։ Խորանալով իր պաշտօնին հետ աղերս չունեցող թեմաներու մէջ՝ Քոչարեան կասկածի տակ առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը։ Բնականաբար, ատրպէյճանական եւ թրքական լրատուական միջոցները չափազանց գոհ էին անոր յայտարարութենէն։

14 Ապրիլին «Ազատութիւն/Ազատ Եւրոպա» ռատիոկայանի հայկական ծառայութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Քոչարեան ըսաւ, որ Փաշինեան նպատակ ունի կառուցելու Ցեղասպանութեան առնչուող «իրական հիմքեր» եւ «Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայրենակիցներու ցուցակը աւելի առարկայական դարձնելու»։ Աւելին, ան ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է ունենալ Ցեղասպանութեան ենթարկուած բոլոր հայերուն անունները եւ ստուգել, թէ «ո՞ւր, ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ» անոնք սպաննուած են։ Պնդելով իր սխալ յայտարարութիւնը, ան յաջորդ օրն իսկ զայն կրկնեց խորհրդարանին մէջ, լրագրողներու հետ ունեցած ճեպազրոյցի ընթացքին։

Արդարեւ, կոշտ քննադատութեան ենթարկուելէ ետք, Քոչարեան յայտարարեց, որ կ՛արտայայտէ ոչ թէ իր կուսակցութեան, այլ իր անձնական տեսակէտները, այսպիսով պաշտպանելով Փաշինեանը իր անպատասխանատու խօսքերէն։ Սակայն ակնյայտ է, որ Քոչարեան չէր համարձակեր նման վիճայարոյց յայտարարութիւն ընել առանց նախնական հաւանութեան իր շէֆին՝ վարչապետին, որ առանձինն կը կայացնէ կառավարական բոլոր որոշումները։ Ասկէ զատ, ինք՝ Քոչարեան, Ցեղասպանութեան մասին իր յայտարարութեան մէջ յղում ըրած էր Փաշինեանի:

«Ասիկա պարզ նպատակ ունի, որպէսզի գիտնանք մեր 1,5 միլիոն հայրենակիցներու հասցէներն ու վայրերը։ Այդ եւս շատ կարեւոր է ապագային մեր (Թուրքիոյ հետ) յարաբերութիւններու կառուցման համար», ըսաւ Քոչարեան։ «24 Ապրիլը կը մօտենայ։ 1,5 միլիո՞ն էր, թէ՞ 2 միլիոն կամ պակաս։ Այս պէտք է ճի՛շդ հասցէականացնել։ Բայց եթէ մենք այդ չարձանագրենք, ապա միւս կողմը (Թուրքիան) միշտ կրնայ ըսել, թէ նման բան չէ եղած։ Եւ մինչեւ այսօր ալ անոնք այսպէս կ՛ըսեն», աւելցուց ան:

Ասիկա չափազանց վտանգաւոր յայտարարութիւն է, որ կ՛ըլլայ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը կողմէ։ Այդ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ  թութակաբանութիւն թրքական ժխտողական թեզի, որ տասնամեակներ շարունակ նուազագոյնի կ՛իջեցնէ հայ զոհերուն թիւը՝ ըսելով, որ անիկա շատ աւելի նուազ է, քան 1,5 միլիոնը, շնականօրէն հարցնելով, թէ ո՞ւր են մահացածներուն մարմինները: Այժմ Հայաստանի իշխող կուսակցութեան անդամը կու գայ եւ վստահութիւն կը յայտնէ թրքական հերքումներուն։

Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու թիւը ճշդելու ձգտումը խնդրայարոյց է նաեւ այլ պատճառներով: Ցեղասպանութենէն հարիւր ինը տարի անց, Քոչարեան «փայլուն» գաղափար յղացած է՝ հաշուելու զոհերոուն թիւը։ Անկարելի է, որ մէկը ետ երթայ եւ փաստէ 1,5 միլիոն հայ բոլոր զոհերուն անուններն ու վայրերը: Չկան զոհերու գերեզմանները եւ  հետքերը։ Բնաջնջուած են ամբողջական ընտանիքներ՝ իրենց գերդաստաններով։

Երկրորդ, եթէ Քոչարեան շարունակէ իր անհեռատես առաջարկը, ապա ես կը կասկածիմ, որ կարելի կ՛ըլլայ գտնել երկու հարիւր հազարէն աւելի զոհերու անուններ։ Ասիկա կ՛ըլլայ ամենամեծ նուէրը, որ կրնայ մատուցուիլ թուրք ժխտողականներուն: Այն վայրկեանին, երբ կը հաւաքուի ու կը յայտարարուի զոհերու համեմատաբար փոքր թիւ, թուրք ժխտողականները կը յայտարարեն, որ հայերը պարզապէս ապացուցեցին, որ Ցեղասպանութիւն չէ եղած եւ 1,5 միլիոնէն շատ աւելի պակաս զոհեր եղած են: Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը յայտարարէ աշխարհին, որ արդէն մէկ դար է ի վեր իրենք կ՛ըսեն, որ Ցեղասպանութիւնը մեծ կեղծիք է, եւ հայերը ահա՛ վերջապէս ապացուցեցին զայն։

Ո՛չ Քոչարեան, ո՛չ  թուրք ժխտողակաները պատկերացում ունին ՄԱԿ-ի՝ ցեղասպանութեան սահմանումին մասին, որ հիմնուած է մարդոց որոշ խումբի մը «ամբողջութեամբ կամ մասամբ» սպաննելու մտադրութեան վրայ, առանց զոհերու նուազագոյն թիւը նշելու։ Այսպիսով, ամբողջ գործընթացը ոչ միայն ժամանակի կորուստ է, այլեւ՝ հակաարդիւնաւէտ:

Ես աւելի լաւ առաջարկ մը ունիմ։ Տարիներ առաջ յօդուած մը գրած էի՝ առաջարկելով, որ հայերը ստեղծեն «Ամօթի պատ» մը եւ ատոր վրայ նշեն բոլոր անոնց անունները, որոնք ժխտած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1915 թուականէն ի վեր, ներառեալ՝ թուրք եւ ոչ թուրք ժխտողականներ, որոնց շարքին նաեւ որոշ հայեր:

Իրավիճակը աւելի սրելով, Հայաստանի «Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը» անցեալ շաբաթ հեռատեսիլային հարցազրոյցի մը մէջ ցնցող կերպով ողջունեց Քոչարեանի անխոհեմ խօսքերը՝ յայտարարելով, որ «շատ կը հաւնի այդ գաղափարը»: Պէտք չէ շատ զարմանալ, որ Սինանեան հակառակ իր կոչման, բազմաթիւ յայտարարութիւններ ըրած է, որոնք կը հակասեն Հայաստանի եւ Սփիւռքի շահերուն։

Եթէ Փաշինեան շարունակէ իր հակահայկական յայտարարութիւնները, յաջորդին արդեօք ի՞նչ պիտի յայտարարէ. Երեւանի մէջ թրքական դրօշի այրման արգիլո՞ւմը 24 Ապրիլին,  թէ՞ Ցեղասպանութեան յուշարձանի եւ թանգարանի փակումը՝ օգտագործելով վախցնելու իր սովորական մարտավարութիւնը՝ որ, հակառակ պարագային, Թուրքիա կը յարձակի Հայաստանի վրայ։

Ցաւալի է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցի նախօրէին, մենք ստիպուած ենք գործ ունենալու այնպիսի հայերու հետ, որոնք Թուրքիոյ նկատմամբ մեր արդար պահանջները առաջ տանելու փոխարէն, կը ծառայեն Ցեղասպանութեան թուրք ժխտողականներու գործին:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles