

Հինգշաբթի, 16 Փետրուարին, Սրբոց Վարդանանց տօնին առթիւ, Ա.Մ.Ն. Աարեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ․ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան պատարագեց ու քարոզեց Սրբոց Վարդանանց (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) եկեղեցւոյ մէջ ։ Սուրբ Պատարագին ներկայ էին, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ․ Սահակ Ծ․ Վրդ․ Եմիշեանի, Արժպ. Տ․ Նարեկ Քհն․ Թրթռեան՝ հովիւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), Արժպ. Տ․ Մեսրոպ Քհն․ Լագիսեան՝ հովիւ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք) եւ Արժպ. Տ․ Վահան Քհն․ Գույումճեան՝ Ազգ. Առաջնորդարանի արտահաս հովիւ։ Սուրբ Պատարագին նաեւ մասնակցեցան, հետեւելով տարիներու աւանդութեան, «Յովնանեան» վարժարանի վերին կարգերու աշակերտներն ու ծնողները։
Սրբազան Հայրը, իր խօսքին մէջ վեր առնելով Վարդանանց տօնի խորհուրդը՝ «իմացեալ մահով անմահութիւնը», պատմութեան էջերուն ընդմէջէն արագ ակնարկով յայտնաբերեց այս ոգիին ներկայութիւնը հայ կեանքին մէջ։ Իր խօսքը ուղղելով յատկապէս տեղւոյն «Յովնանեան» վարժարանի աշակերտութեան, քաջալերեց զիրենք այլ գիտութեանց կողքին գիտակցաբար եւ ուրախութեամբ լիցքաւորուիլ ու զրահաւորուիլ հայ հաւատքով, հայոց պատմութեամբ եւ մշակոյթով, որպէսզի անվթար մնայ իրենց ինքնութիւնը եւ ամենայն հպարտութեամբ իրենց ներդրումը բերեն ընկերութեան յառաջդիմութեան մէջ։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական ճաշկերոյթը, պատրաստուած Տիկնանց Միութեան կողմէ։ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանի աղօթքէն ետք, Հայր Սուրբը բարի գալուստ մաղթեց ծխականներուն, «Յովնանեան» վարժարանի ընտանիքին եւ առհասարակ հիւրերուն, մաղթելով որ բոլորի կեանքին մէջ վառ մնայ Վարդանանց զոհաբերութեան ոգին։ Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկնանց Միութեան իրենց պատրաստած համադամ ճաշերուն համար։ Այնուհետեւ, «Յովնանեան» վարժարանի աշակերտները երգի ու արտասանութեան կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուցին, անգամ մը եւս յոյսի գեղեցիկ նշոյլներ արթնցնելով ներկաներու սրտերուն մէջ։
Հուսկ ապա, Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Սրբոց Վարդանանց եւ «Յովնանեան» վարժարանի տասնամեակներու վրայ երկարող համագործակցութիւնը։ Սրբազանը յիշեցուց, թէ այս յարկին տակ էր որ կէս դար առաջ, օրուան Առաջնորդ՝ Գերշ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս, հետագային կաթողիկոս, նուիրեալ ազգայիններու հետ, գլխաւորաբար՝ Վահագն Յովնանեանի, Կարապետ Գինոսեանի եւ Պետրոս Թաշճեանի, խիզախ գաղափարը յղացան Արեւելեան Թեմէն ներս ամէնօրեայ վարժարան ունենալու, որմէ ծնունդ առաւ բոլորիս ծանօթ «Յովնանեան» վարժարանը։
Սրբազան Հայրը ուրախութիւն յայտնեց, ըսելով թէ այն ինչ որ անցեալ դարուն հայ աշակերտը կ՛երգէր եւ անով կ՛ոգեւորուէր, այսօր կը շարունակուի այդ գեղեցիկ ոգին՝ անցեալի եւ ներկայի երգերու կատարողութեամբ: Ան գնահատեց տնօրէնութեան եւ ուսուցչական անձնակազմին անսակարկ նուիրումը եւ ծնողաց թանկագին զոհողութիւնը, ի խնդիր վարժարանին հզօրացման եւ բարգաւաճման։ Ճաշկերոյթը փակուեցաւ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեանի աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով։