Տաւուշի Բնակիչները Դէմ Են Գիւղերու Յանձնումին

0 0
Read Time:4 Minute, 17 Second

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու 19 Ապրիլին գումարած նիստին յաջորդած յայտարարութենէն ժամեր ետք, Տաւուշի բնակիչները փակեցին Կիրանց-Իջեւան եւ Բաղանիս-Նոյեմբերեան հատուածը՝ շեշտելով, որ կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւնները, այսինքն Տաւուշի շրջանի չորս գիւղերը Ատրպէյճանին յանձնելու նախնական համաձայնութիւնը կը հակասեն օրեր առաջ իրենց գիւղին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ըսածներուն:

Շաբաթ երեկոյեան, անոնք որոշ ժամանակ բացին ճամբան, ապա դարձեալ փակեցին Վրաստան տանող ուղին՝ Կիրանց-Ոսկեպար հատուածին մէջ: Անոնք շեշտեցին, որ իրենց շարժումները հետեւողական պիտի ըլլան՝ դիտել տալով, որ 22 Ապրիլին, փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հետ տեղի ունենալիք հանդիպումի պարզաբանումներէն յայտնի պիտի ըլլան իրենց յառաջիկայի ընելիքները:

Տաւուշի մարզպետ Հայկ Ղալումեան եւ ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեան հանդիպում ունեցան, ապա զրուցեցին բնակիչներուն հետ, սակայն քաղաքացիները մերժեցին բանալ ճամբան՝ պնդելով, որ այս հատուածին մէջ սահմանազատում կատարելը հայկական կողմէ միակողմանի զիջում է:

Անոնք մտահոգուած էին՝ նշելով, թէ «անվտանգութեան ոչ մի երաշխիք իրենց չեն տալիս, իշխանութիւնների խօսքերին չեն հաւատում, ճանապարհն ազատել չեն պատրաստւում»:

Կացութիւնը աւելի լարուեցաւ, երբ ոստիկանական ուժերը արգիլեցին բնակիչներուն եւ  Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանին Ոսկեպարի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին երթալ: Աւելի ուշ յայտարարուեցաւ, որ զինուորականները տեղւոյն վրայ ականազերծում կը կատարեն:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երկու օրուան լռութենէ ետք տեղեկացուց, որ Տաւուշի մարզին մէջ տեղի կ՛ունենան ականազերծման աշխատանքներ: Սակայն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման վերաբերեալ պայմանաւորուածութեան դէմ իրենց բողոքը արտայայտող Տաւուշի մարզի բնակիչները կասկածով մօտեցան այս աշխատանքներուն՝ դիտել տալով, որ ականազերծում կը կատարուի, որպէսզի տարածքը յանձնեն Ատրպէյճանին: Այս պարունակին մէջ խօսակցութիւն շրջան կ՛ընէ այն մասին, որ Ոսկեպարի եկեղեցին եւս սահմանազատում իրականացնելէ ետք պիտի անցնի Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ:

Հայաստանի փոխվարչապետ, Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակը հերքեց 6էն 7րդ դարերու Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին յանձնելու վերաբերող լուրերը:

Ապրիլ 22-ին, եկեղեցւոյ մօտերը հաւաքուած բնակիչներուն արտօնութիւն տրուեցաւ երթալ եկեղեցի՝ պայմանով, որ նկարահանումներ չկատարեն, նաեւ արանց թոյլ չտալու, որ լրագրողները տեսախցիկներով մօտենան եկեղեցւոյ: Ճամբան բանալէ անմիջապէս ետք բնակիչները՝ Բագրատ սրբազանին ընկերակցութեամբ, մտան եկեղեցի:

Ցուցարարներուն եւ ճամբայ փակողներու կարգին էր 96ամեայ Լենա Ղարդաշեան, որ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատեց, թէ որքան պէտք ըլլայ պիտի մնայ եւ պիտի պայքարի:

Թէեւ տաւուշցիները ակնկալեցին, որ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումը տեղի ունենայ իրենց նստացոյց կատարած վայրին մէջ, սակայն Տաւուշի չորս համայնքներու ղեկավարներուն եւ մարզային իշխանութիւններուն հանդիպումը՝ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հետ տեղի ունեցաւ Երեւանի կառավարութեան շէնքին մէջ:

Նշենք, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Մենք ուրախութեամբ կ՛ողջունենք ձեռք բերուած համաձայնութիւնը 30 տարի բռնագրաւուած 4 գիւղը Ատրպէյճանին վերադարձնելու եւ սահմանազատման աշխատանքներու շարունակման վերաբերեալ: Ուղղակի բանակցութիւններու միջոցով ձեռք բերուած այս դրական զարգացումը կարեւոր քայլ է խաղաղութեան վերջնական համաձայնագիրի ստորագրման ուղղութեամբ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր կարգին յայտնեց․ «Կ՛ողջունենք յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը համաձայնած են 1991-ի Ալմա Աթայի յայտարարութեան շուրջ` իբրեւ երկու երկիրներուն միջեւ սահմաններու սահմանազատման հիմք: Ասիկա կարեւոր քայլ է կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման համար»:

Մ․Ա․Կ․-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսն ալ ողջունեց պետական սահմանի սահմանազատման վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը: Ան կողմերուն կոչ ուղղեց շարունակելու սահմանի մնացեալ հատուածներու սահմանագծումն ու սահմանազատումը եւ լուծելու բոլոր երկկողմանի խնդիրները` յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման հասնելու համար:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել իր կարգին ողջունեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ 1991-ի Ալմա Աթայի հռչակագիրին վերաբերեալ համաձայնագիրը` իբրեւ երկու երկիրներու միջեւ սահմաններու սահմանազատման հիմք:

Իսկ, Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար «Էսք»-ի վրայ գրեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման հարցերով պետական յանձնախումբերու Տաւուշի հանդիպումները յուսադրած են Եւրոպական Միութիւնը:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ գոհունակութիւն յայտնեց. «1991 թուականի Ալմա-Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման մասին համաձայնութիւնը կը վերացնէ խաղաղութեան համաձայնագիրի ճամբուն մեծ խոչընդոտը: Գերմանիան պատրաստ է ցուցաբերել ամբողջ հաւանական աջակցութիւնը կայուն խաղաղութեան ճամբուն վրայ»:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան հարցերու յանձնաժողովին կից երկու աշխատանքային խումբեր պիտի կազմուին: Այս մասին որոշումը տուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Մէկ աշխատանքային խումբը Բաղանիս (Հայաստան) – Բաղանիս Այրում (Ատրպէյճան), Ոսկեպար (Հայաստան) – Աշաղը Ասկիպարայ (Ատրպէյճան), Կիրանց (Հայաստան) – Խէյրումլի (Ատրպէյճան) եւ Բերքաբեր (Հայաստան) – Կըզըլ Հաջիլի (Ատրպէյճան) բնակավայրերի միջեւ սահմանագծի համապատասխան հատուածների՝ տեղանքում երկրաբաշխական չափումների արդիւնքում համակարգերը կը յստակեցնի ու համապատասխան Արձանագրութիւն-նկարագրութեան նախագիծ կը կազմի: Աշխատանքային խմբում կը ներգրաւուեն ոլորտային մասնագէտներ՝ գէոդեզիստներ եւ քարտէզագիրներ: Կը հաստատուի աշխատանքային խմբի անհատական կազմը: Խմբում կ՛ընդգրկուեն Հ․Հ․ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան բաժանմունքի պետ աշխատանքների կազմակերպման համակարգող Դաւիթ Սանամեանը, Հ․Հ․ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Արման Սարգսեանը, Հ․Հ․ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքների նախարարի տեղակալ Յովհաննէս Յարութիւնեանը, Հ․Հ․ գրանցամատեանի կոմիտէի նախագահի տեղակալ Արամ Գուգարացը, Հ․Հ․ զինուած ուժերի գլխաւոր շտաբի պետի տեղակալ Կարէն Գրիգորեանը, Հ․Հ․ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերի հրամանատարի Էտկար Յունանեանը, Հ․Հ․ զինուած ուժերի գլխաւոր շտաբի ռազմատեղագրական ծառայութեան պետ Սերգէյ Պետրոսեանը», կ՛ըսուի վերոնշեալ որոշումին մէջ:

Իսկ պաշտպանութեան նախարարին, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարին, Գրանցամատեանի կոմիտէի ղեկավարին եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնին՝ վարչապետին որոշումով, յանձնարարուած է անհրաժեշտ օժանդակութիւն ապահովել խումբի աշխատանքներուն:

«Միւս աշխատանքային խմբում կ՛ընդգրկուեն Տաւուշի մարզպետ (աշխատանքային խմբի ղեկավար) Հայկ Ղալումեանը, Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեան համայնքի ղեկավար (համաձայնութեամբ)Արսեն Աղաբաբեանը, Տաւուշի մարզի Իջեւան համայնքի ղեկավար (համաձայնութեամբ) Արթուր Ճաղարեանը, Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեան համայնքի ղեկավարի տեղակալ (համաձայնութեամբ) Մհեր Աղամեանը, Տաւուշի մարզի Ոսկեպար բնակավայրի վարչական ղեկավար (համաձայնութեամբ) Իշխան Աղբալեանը, Տաւուշի մարզի Բաղանիս բնակավայրի վարչական ղեկավար (համաձայնութեամբ) Գէորգ Սահակեանը, Տաւուշի մարզի Բերքաբեր բնակավայրի վարչական ղեկավար (համաձայնութեամբ) Տիգրան Յարութիւնեանը, Տաւուշի մարզի Կիրանց բնակավայրի վարչական ղեկավար (համաձայնութեամբ) Կամօ Շահինեանը, Տաւուշի մարզի Ոսկեպար բնակավայրի բնակիչ (համաձայնութեամբ) Սերոբ Մախսուդեանը, Տաւուշի մարզի Բերքաբեր բնակավայրի բնակիչ Սուրէն Խուտաւերդեանը եւ Տաւուշի մարզի Կիրանց բնակավայրի բնակիչ (համաձայնութեամբ) Անդրանիկ Նազարեանը», կ՛ըսուի որոշումին մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles