Դերենիկին Երկիրը

0 0
Read Time:4 Minute, 45 Second

 

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Ես իմ երկրիս մէջ կ՛ուզեմ ապրիլ»:
Ապրիլ 2024, Երեւան:

Դերենիկը ծնած է Ապարան: Ան այժմ կ՛աշխատի իբրեւ վարորդ եւ իր գործը կ՛ընէ ամենայն գոհունակութեամբ: Ան ուրախ եւ հաղորդական անձ մըն է, որ կը սիրէ խօսիլ եւ պատմել: Ան կ՛ուզէ խօսիլ իւրաքանչիւր անհատի հետ, որ իր ինքնաշարժը կը գործածէ շրջագայելու եւ մէկ տեղէ միւսը տեղափոխուելու համար, բայց նաեւ կ՛ուզէ պատմել իր պատմութիւնը:

«Ես այս գործը միայն զբաղմունքի համար կ՛ընեմ»,- ըսաւ Դերենիկ, երբ զիս կը փոխադրէր Երեւանի Սարեան փողոցէն դէպի Ալեք Մանուկեան: Ես Երեւանի պետական համալսարանի ճարտարապետական բաժանմունքէն շրջանաւարտ եղած եմ», շարունակեց ան` աւելցնելով. «Հանգստեան կոչուեցայ ու տունը մնացի, եւ այդ ինծի պատճառեց հոգեկան ճնշուածութիւն»:

Դերենիկ 66 տարեկան է, եւ զաւակները իր հոգեկան տագնապին լուծում գտնելու համար զինք քաջալերած են, որ այս գործը ընէ` գէթ կիսաժամ դրութեամբ: «Մինչեւ կէսօր կ՛աշխատիմ,- ըսաւ Դերենիկ: – Ատկէ ետք կ՛երթամ տուն եւ թոռնիկներուս հետ կ՛անցընեմ»:

Նայեցայ ժամացոյցիս: Արդէն կէսօր եղած էր: «Ես երեւի քու վերջին յաճախորդդ եմ այսօր», ըսի Դերենիկին:

«Այո՛, վերջինն ես, բայց շատ բախտաւոր կը զգամ, որ սփիւռքէն եկած հայու մը հետ կը զրուցեմ», ըսաւ Դերենիկ:

Դերենիկի խօսակցութեան մէջ կար ջերմութիւն: Ան կը զրուցէր եւ կը պատմէր, բայց կը զգայի, որ ունէր հրճուանք մը: Իսկ հրճուանքին պատճա՞ռը: Ան կ՛ուզէր իր պատմութիւնը պատմել հայորդիի մը:

«1990-ին Ազրպէյճանի դէմ պատերազմին մասնակցած եմ,- ըսաւ Դերենիկ: – Այս ձախ ոտքէս ծանր կերպով վիրաւորուեցայ: Բայց վիրաւորուելուն հետ ես ալ խփեցի իրենց», ըսաւ ան քիչ մը ժպտելով, բայց նոյնքան նաեւ` հպարտութեամբ:

Պատերազմէն ստացած վէրքը տակաւին իր ազդեցութիւնը ձգած է Դերենիկին վրայ: Ան մինչեւ այսօր տակաւին դեղ պէտք է առնէ, որպէսզի լաւանայ: «Այս դեղերն ալ իմ ամէնօրեայ կերակուրս են», ըսաւ Դերենիկ` միշտ ժպիտը պահելով իր դէմքին վրայ:

Որքան կը նայէի Դերենիկի դէմքին ու անոր ժպիտին, նոյնքան այդ ժպիտի ետին կը տեսնէի իր ազգային հպարտութիւնը: Հպարտութիւնը, որ կերտած է իր ազգային ինքնութիւնը եւ նոյն այդ ինքնութիւնը բնորոշող հայրենի հողը: Ու տակաւին` այդ հողին կանչը: «Չորս տարի Սպանիա մնացի եւ հոն աշխատեցայ», ըսաւ Դերենիկ: «Բայց չկրցայ դիմանալ եւ վերադարձայ Հայաստան: Ես իմ երկրիս մէջ կ՛ուզեմ ապրիլ», նշեց ան:

Հրաժեշտ տուի Դերենիկին, բայց իրեն հետ ապրեցայ այդ քանի մը վարկեանները եւ հայրենի հողին վրայ` հայուն երկրին հարազատութիւնը: Հարազատութիւնը, որ հայը հայուն կը միացնէ:

Ծիծեռնակաբերդ:

Յուշահամալիրին տակ կեցած` կը դիտեմ վառող կրակն ու կրակին չորս կողմը տեղադրուած յարգանքի տուրքի խորհրդանիշ ծաղիկները: Հոս կայ պատմութիւնը, որ դարձեալ կ՛ապրիմ: Պատմութիւնը, որ ստեղծած է մեծ արհաւիրք: Իւրաքանչիւր հայ նահատակ, ներառեալ` ընտանեկան իմ քսանհինգ պարագաներս: Եթէ իմ հարազատներս չեմ տեսած եւ չեմ ճանչցած, բայց գիտեմ իւրաքանչիւրը իրենց նկարներով: Եւ հոն` յուշահամալիրի վառող կրակին ընդմէջէն, այդ նկարները կարծէք մէկ-մէկ դուրս կու գան իբրեւ մեռած-ապրող իրականութիւններ: Բայց ինչպէ՞ս անոնք չապրին, երբ իմ էութիւնս կազմած են, անոնք իմ մէջս են եւ անդադար ինծի կը յուշեն. «Մենք մեռանք, որպէսզի դուն ապրիս, Հրա՛յր»:

Այս ապրող-չապրող յիշատակները պահ մը ընդհատեցի: Հնդիկ կին մը նոյնպէս մօտեցաւ կրակին եւ յարգանքով ու ակնածանքով գլուխը խոնարհեցուց: Ան կարծէք մտած էր իր աշխարհին մէջ, երբ իրեն հարցուցի. «Ի՞նչ կը զգաս այս յուշահամալիրին ստեղծած խորհուրդին առջեւ»:

Չեմ գիտեր, թէ պէտք եղածէն աւելի համարձա՞կ եղած էի: Բայց ուզեցի գիտնալ իր ներաշխարհի սեւեռումները` իբրեւ օտարականի: «Շատ ցաւալի է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ես Հնդկաստանի Քաշմիր շրջանէն եմ, եւ մենք ալ ապրած ենք շատ ցաւեր»:

Հնդիկ կնոջ ցաւին հետ ես վերադարձայ իմ ցաւիս: Այս այն ցաւն է, որ իւրաքանչիւր հայ իր մէջ կրած-շալկած է աւելի քան հարիւր ինը տարի: Այս այն ցաւն է, որ կը շարունակուի իւրաքանչիւր հայու մէջ եւ սերունդէ սերունդ: Այս ցաւը դարձած է հայուն հաւաքական ինքնութիւնը, որ չի մնար ցաւի սահմաններուն մէջ: Այս ցաւը ճեղքեց մահուան պատերը եւ ստեղծեց հայուն նոր կեանքը: Այս այն նոր կեանքն է, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի այդ վառող կրակին ընդմէջէն դարձեալ տեսայ նոյն այս ցաւը, որ կ՛ապրէր մահը, բայց նոյն այդ մահուան մէջէն դուրս կը հանէր եւ կը շինէր նոր կեանքը: Այն կեանքը, որ ես եւ իւրաքանչիւր հայ ապրեցանք ու պիտի շարունակենք ապրիլ:

«Ինչպէ՞ս պէտք է ապրիլ»:

Դերենիկը գտած է իր ապրելու յենարանը: «Ես իմ երկրիս մէջ կ՛ուզեմ ապրիլ»:

Իսկ ե՞ս: Ես կ՛ապրիմ Պէյրութ, Կիպրոս, Քուէյթ ու տակաւին այլ տեղեր:

Դերենիկ պիտի շարունակէ ապրիլ իր երկրին` Հայաստանի մէջ: Եւ ես պիտի շարունակեմ ապրիլ իմ երկիր-երկիրներուս մէջ` սփիւռքի այս կամ այն տարածքներուն մէջ:

Կայ միացնող օղակը Դերենիկի եւ իմ միջեւ: Այս այն օղակն է, որ կը սկսի ֆիզիքական երկրէն եւ կ՛անցնի հոգեկանին: Այս օղակը Դերենիկին երկիրն է` Հայաստանը: Հայաստանը, որ մէկ կողմէ կը շնորհէ ֆիզիքական կեցութիւն, բայց նաեւ կը լիցքաւորէ հոգեկանը: Հոգեկանը, իմա` պատմութիւնը, մշակոյթը, ինքնութիւնը, հաւատքը, Ցեղասպանութիւնը ու տակաւին` հպարտութիւնը: Այս բոլորը դուն կրնաս ապրիլ` անկախ անկէ, թէ ֆիզիքապէս ո՛ւր կը բնակիս իբրեւ հայ: Հայաստանը` իբրեւ պետականութիւն, ունի իր ֆիզիքական դրուածքը, որ կը մարմնաւորուի իր աշխարհագրական տարածքով եւ սահմաններով: Ան, ըստ պատշաճի, պէտք է յարգէ եւ ընկալէ համաշխարհային ընտանիքին կողմէ ընդունուած միջպետական արժեչափերը: Հայաստան նոյնքան եւ նոյնպէս հոգեկան երկիրն է: Հոգեկան երկիր` իւրաքանչիւր հայու համար, անկախ անկէ, թէ հայը ո՛ւր կ՛ապրի:

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի կրակներուն մէջէն` ապրիլ 2024, ես դարձեալ տեսայ իմ հարազատներուս մեռած-ապրող կեանքերը, եւ թէ ինչպէ՛ս անոնք այդ նոյն կրակներուն մէջէն ճեղքեցին մահուան պատը եւ ինծի դարձեալ տուին պատուէր մը. «Հրա՛յր, մենք մեռանք, որպէսզի դուն ապրիս»:

Ես պիտի ապրիմ իմ կեանքս, ինչպէս որ իւրաքանչիւր հայ պիտի ապրի իր կեանքը: Եթէ ֆիզիքապէս պիտի ապրիմ-ապրինք սփիւռքի տարածքին, բայց հոգեպէս պիտի ապրիմ-ապրինք Հայաստանի մէջ: Հայաստանը` Դերենիկին երկիրը, միացնող օղակն է հայուն ֆիզիքական ու հոգեկան կեանքերուն: Ան այդ երկիրն է, որ կ՛ընդգրկէ հայուն էութիւնը իր ամբողջական հասկացողութեան ընդմէջէն: Ան հայուն ապրած, ապրող եւ ապրելիք կեանքերուն երաշխիքն է, որ հայուն պատմութիւնը պիտի դնէ պատմութեան շարունակականութեան գործընթացին մէջ:

Դերենիկին երկիրը: Բայց նաեւ` իմ եւ իւրաքանչիւր հայուն երկիրը:

Այն երկիրը, որ հայուն ֆիզիքական ու հոգեկան կեանքերը կը միացնէ: Եւ անպայմանօրէն պէտք է շարունակէ միացնել:

Եւ այս երկիրը Հայաստանն է:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles