Տերեւաթափ.- ՉԱՐԼԶ ԿԱՐԱՊԵՏ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ ( Մայիս 5, 1927 – Մայիս 8, 2022)

0 0
Read Time:1 Minute, 57 Second

Կիրակի, Մայիս 8-ին, համայնքի յայտնի դէմքերէն՝ Չարլզ Կարապետ (Տէր) Գասպարեան, իր մահկանացուն կնքեց 95 տարեկանին, Թինէքի (Նիւ Ճըրզի) մէջ։

Չարլզ Գասպարեան ծնած էր Մայիս 5, 1927-ին, Ճըրզի Սիթիի մէջեւ զաւակն էր Մեծ Եղեռնէն տիգրանակերտցի վերապրողներ Յակոբ Տէր Գասպարեանի եւ Լուսիա Գազանճեանի։  Հասակ նետած է Եունիըն Սիթիի մէջ, որ ծանօթ էր «Փոքրիկ Տիգրանակերտ» անունով  եւ իր կեանքի ընթացքին Տիգրանակերտի բարբառի, սովորութիւններուն ու բարքերուն եւ խոհանոցին մշտական պահապան ու տարածող հանդիսացած է։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք տեղւոյն «Էմերսըն» երկրորդական վարժարանէն, Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին ծառայած է ամերիկեան բանակին մէջ։ Այնուհետեւ, Նիւ Եորք համալսարանէն գիտութեան վկայական ստացած է, իսկ վարչագիտութեան մագիստրոսական վկայականը՝ Ատելֆի համալսարանէն։ Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ աշխատած է իբրեւ տնտեսական կառավարման պաշտօնատար։

Գասպարեան, որ C. K. Garabed գրչանունով ծանօթ անուն մըն էր ամերիկահայ անգլիագիր մամուլին մէջ, 1989-2022-ին մնայուն սիւնակագիր եղած է «Հայրենիք»-ի անգլերէն բաժնի՝ «Արմինիըն Ուիքլի»ին իր “Uncle Garabed’s Notebook” խորագրուած սիւնակով։ Գործօն ու երկարամեայ մասնակցութիւն ունեցած է տեղւոյն Եկեղեցւոյ եւ համայնքի կեանքին մէջ։ Անդամակցած է Կոմիտասի հինգ աշակերտներէն՝ Միհրան Թումաճանի ղեկավարած Հայ Ազգային Երգչախումբին մէջ, ինչպէս նաեւ Սուրբ Լուսաւորիչ (Նիւ Եորք) Մայր Եկեղեցւոյ երգչախումբին, ղեկավարութեամբ Թումաճանի աշակերտ՝ Արմէն Պապամեանի։ Հոն ծանօթացած է ապագայ կնոջ՝ հանգուցեալ Ալիս Աղաւնի Համբարեանին, որուն հետ կազմած է հայաշունչ բոյն մը եւ բախտաւորուած երկու զաւակներով՝ Լուսին եւ Անդրանիկ։

Ամուսնանալէ եւ Նիւ Ճըրզի հաստատուելէ ետք, 1957-ին Սրբոց Վարդանանց (Ռիճֆիլտ) եկեղեցւոյ հիմնադիր անդամներէն եղած է, ծառայելով եկեղեցւոյ շինարարութեան ծրագրի առաջին հաշուեքննիչ յանձնախումբին մէջ։ Բազմիցս պաշտօնավարած է իբրեւ հոգաբարձու, եւ Արանց Ակումբի սիւներէն կը նկատուէր։ Կնոջ ու զաւակներուն հետ՝ երգած է եկեղեցւոյ դպրաց դասին մէջ, Արմէն Պապամեանի դպրապետութեամբ։ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին իբրեւ երեսփոխան ներկայացուցած է Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին։ Տէր եւ տիկ. Գասպարեաններ անդամակցած են «Նարեկ» շաբաթօրեայ դպրոցի խնամակալ մարմնին եւ երգած՝ Համազգայինի երգչախումբին հետ, ղեկավարութեամբ Ռաֆֆի Սվաճեանի։ Ընտանիքի անդամներու եւ բարեկամներու հետ, Գասպարեան անդամ եղած է Նիւ Եորքի «Նայիրի» երգի ու պարի համոյթին։

Կեանքի վերջին տարիներուն, Գասպարեան շարք մը գրական ծրագիրներ իրագործած է, ինչպէս Տիգրանակերտի խօսակցական լեզուի ձեռնարկ մը եւ հայկական մականուններու բառարան մը, ի շարս այլոց, զորս կարելի է գտնել առցանց։ Մահէն քանի մը ամիս առաջ, ամբողջացուցած է Տիգրանակերտի բարբառով գրուած «Ովին մի թաւլի» մէկ արարով թատերախաղը։

Ըստ իր ցանկութեան, հանգուցեալի աճիւնները պիտի թաղուին թէ՛ հայկական եւ թէ՛ ամերիկեան հողի վրայ, ի յարգանք պապենական ու որդեգրուած հայրենիքներուն։ Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Նիւ Ճըրզի), Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք), Թիւֆէնքեան հիմնադրամին եւ Հայ Վիրաւոր Հերոսներու Հիմնադրամին։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles