ԳլխաւորԼրահոս

Լոյս Տեսաւ․- Նիկոլ Դուման. Նամականի


Երեւանի մէջ, խմբագրութեամբ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի, լոյս տեսաւ հայդուկապետ, հայ ազատագրական պայքարի կարկառուն դէմքերէն Նիկոլ Դումանի անտիպ նամակներու հաւաքածոն, որ կը հանդիսանայ «Վէմ» համահայկական հանդէսի նոյնանուն մատենաշարի երրորդ թիւը:
Հրատարակութիւնը իրականացած է մեկենասութեամբ Նազարէթ Պարսումեանի` ի յիշատակ Հրայր Մարուխեանի, իսկ տպագրութիւնը կատարուած է «Լուսակն» հրատարակչութեան կողմէ, Երեւան, 1000 տպաքանակով:
Ներածականին մէջ Երուանդ Փամպուքեան կը գրէ․-
Նիկոլ Դուման, բուն անունով` Նիկողայոս Տէր Յովհաննիսեան, կը հանդիսանայ, անկասկած, կարկառուն դէմքերէն մէկը հայ ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ. նախ` իբրեւ փորձառու ռազմագէտ մարտիկ, որ օժտուած էր արտասովոր խիզախութեամբ ու քաջութեամբ, ապա` իբրեւ գաղափարական ամուր համոզումներու տէր անձնաւորութիւն, որ իր մտաւորական մարդու հմտութեան կը միացնէր նոյնպէս ներհուն քաղաքագէտի յատկութիւնը:
Առաւելաբար ծանօթ` որպէս մարտական կերպար, ան ունեցած է նաեւ հասարակական եւ քաղաքական աչքառու գործունէութիւն: Անդամակցած է ՀՅԴ Ատրպատականի եւ Պաքուի Կեդր. կոմիտէութիւններուն, Կովկասի եւ Արեւմտահայաստանի ինքնապաշտպանութեան մարմիններուն, մասնակցած` Կովկասի ռայոնական ժողովներու, ՀՅԴ հինգերորդ եւ վեցերորդ Ընդհ. ժողովներու եւ այլն, ամէն առիթով որոշակի, երբեմն վճռական դեր խաղալով վերջնական որոշումներու կայացման մէջ:
Այս բոլորը կարելի է գտնել իր նամակներու ընթերցումով` բացի մարտական դրուագներու նկարագրութենէն եւ այդ մարտերուն ընթացքին իր գործած արտակարգ սխրանքներէն: Այս մարզին մէջ զուսպ է ան ու ժլատ, զերծ` իր անձին կապուած որեւէ սնապարծութիւն ցուցաբերելէ:
Ինչ կը վերաբերի ներկայ հատորով ընթերցող հասարակութեան ներկայացուող Ն. Դումանի նամակներուն, անոնք գրեթէ ամբողջութեամբ վերցուած են Պոսթընի ՀՅԴ Կեդր. արխիւատան պահոցներէն, ուր անոնք տեղադրուած են տարբեր շրջաններու յատուկ թղթածրարներու մէջ: Հեղինակին ձեռագիրը շատ յստակ է ու դիւրին ընթեռնլի: Պահած ենք, ըստ կարելւոյն, իր լեզուական եւ ուղղագրական առանձնայատկութիւնները:
Տարբեր ժամանակներուն Ն. Դուման ստորագրած է Ն., Նիկ., Նիկօլ, Դուման, Քեշիշ, Ղարաբաբա:
Իւրաքանչիւր նամակ թուագրուած է ըստ Պոսթընի արխիւատան ընդհանուր ցուցակներուն: Այսպէս, առաջին թուահամարը, օրինակ` 455, ցոյց կու տայ թղթածրարին թիւը, երկրորդը, օրինակ` 3, գրութեան տրուած համարը տուեալ թղթածրարին մէջ: Բացառութիւն կը կազմէ No 1855-ը, որ ընդհանուր թղթածրարին տրուած համարն է, առանց որ իւրաքանչիւր փաստաթուղթ յատուկ թուահամար ունենայ: Որոշ թիւ մը Ն. Դումանի 90-ական թուականներու նամակներէն հրատարակած է Ս. Վրացեան («Դիւան ՀՅ Դաշնակցութեան»), ուրիշներ լոյս ընծայած ենք մենք «Նիւթեր ՀՅԴ պատմութեան համար» շարքի հատորներուն մէջ: Մեծամասնութիւնը անտիպ է եւ կը հրատարակուի առաջին անգամ:

Հատորի վերջին բաժնին կցուած են երկու յաւելուածներ.
Ա.- Նիկոլ Դումանի նամակները, թիւով` 24, ուղղուած իր բարեկամներէն Արմենակ եւ Զապէլ Արապեան ամոլին:
Բ.- Նիկոլ Դումանի հեղինակած «Նախագիծ ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան» երկասիրութիւնը, առանձին ներածականով մը ճշգրտելով այդ գործի առաջին հրատարակութեան թուականը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button