Լրահոս
Լիբանանահայ Գերի Մարալ Նաճարեան Ազատ Արձակուեցաւ
ԵՐԵՒԱՆ.- Չորեքշաբթի, Մարտ 10-ին, լիբանանահայ Մարալ Նաճարեան, որ արցախեան պատերազմի օրերուն յայտնուած էր ազրպէյճանական գերութեան մէջ, Միջազգային կարմիր խաչին, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ջանքերուն եւ հետապնդումներուն շնորհիւ, ազատ արձակուեցաւ եւ ժամանեց Պէյրութ:
Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Մարալ Նաճարեանի հետ եւ շնորհաւորեց անոր ազատութիւնը ատրպէյճանական գերութենէն:

