
ՏԱՊԼԻՆ.- Նոյեմբեր թ-ին, իր մահկանացուն կնքեց հանրածանօթ լրագրող Ռոպըրթ Ֆիսք` սրտի կաթուածի պատճառով:
1946-ին ծնած Մայտըսթոնի մէջ, Ֆիսք աւելի ուշ ստացած է իրլանտական քաղաքացիութիւն եւ բնակած Տալքիի մէջ` Տուպլին մայրաքաղաքէն դուրս: Իրլանտայի նախագահ Մայքըլ Տ. Հիկինզ իր մեծ տխրութիւնը յայտնեց Ֆիսքի մահուան առիթով` նշելով, որ անոր մահով լրագրութեան աշխարհը եւ Միջին Արեւելքը կորսնցուցին իրենց լաւագոյն մեկնաբաններէն մէկը:
Դառնալով «Թայմզ»-ի աշխատակից 1976-ին եւ հաստատուելով Պէյրութի մէջ, ան հետեւեցաւ եւ զեկուցեց լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին, ինչպէս նաեւ 1979-ին իրանեան յեղափոխութեան, Աֆղանիստանի մէջ խորհրդային պատերազմին եւ իրանեան-իրաքեան պատերազմին մասին: Ան 1989-ին հրաժարեցաւ «Թայմզ» օրաթերթէն եւ իր ասպարէզին մնացեալ մասը անցուց իբրեւ «Ինտիփընտընթ» օրաթերթի լրագրող: Ան 1990-ականներուն երեք անգամ հարցազրոյց վարեց Պըն Լատենի հետ: Աւելի քան հինգ տասնամեակ բրիտանական թերթերուն համար թղթակցութիւն կատարելով Պալքաններու, Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ տեղի ունեցող պատերազմներուն մասին, Ֆիսք «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի կողմէ 2005-ին նկարագրուած էր իբրեւ «հաւանաբար Բրիտանիոյ ամէնէն յայտնի արտասահմանեան թղթակիցը»:
Ֆիսք 1970-էն սկսեալ բազմաթիւ մրցանակներ շահած էր իբրեւ միջինարեւելեան իրադարձութիւններու լրագրող:
Բայց ան նաեւ ունէր հակառակորդներ` Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ Արեւմուտքի արտաքին քաղաքականութեան հասցէին կատարած իր սուր քննադատութիւններուն համար:
Հայ դատին եւ առ հասարակ հայութեան մօտիկ, Ռապըրթ Ֆիսք օրին ըսած էր. «Հայերու կոտորածը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր: Անիկա նաեւ կապուած է երկրորդ` հրեաներու ողջակիզումին հետ, քանի որ գերմանացի որոշ մասնագէտներ թրքական բանակին մէջ ականատես եղած են այդ իրադարձութիւններուն, իսկ յետոյ անոնք փոխանցուած են գերմանական բանակի շարքերուն, որպէսզի նոյն չարագործութիւնը կատարեն Պիելոռուսիոյ եւ Ուքրայինայի մէջ: Բայց այդ ցեղասպանութիւնը ոչ միայն կը հերքուի թրքական իշխանութիւններուն, այլ նաեւ կ՛անտեսուի արեւմտեան կառավարութիւններուն կողմէ: Ուինսթըն Չըրչիլ առանց տատամսելու` այդ ողբերգութիւնը ցեղասպանութիւն կը կոչէր: Սակայն տասնամեակներ ետք Մեծն Բրիտանիոյ այլ վարչապետ մը` Թոնի Պլեր, հրաժարեցաւ այդ մէկը ընելէ: Ես ապրած եմ Պէյրութ, քաղաք մը, որ հազարաւոր հայերու տունն է: Ես այս գաղութին մէջ ունիմ բազմաթիւ ընկերներ, որոնց մեծ հայրերն ու մայրերը Ցեղասպանութեան զոհ դարձած են: Իսկ իմ երկիրս չի համարձակիր այդ ողբերգութիւնը իր անունով կոչել»: