
ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Մենք սիրում էինք լռութեան րոպէն,
Այն դու բերեցիր եւ քոնն է կարծես.
Ապրիլեան սուգը երեկոյեան դէմ
Փխրում, դառնում էր յաղթանակի ծէս»:
ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ
Հայաստանէն հեռու, բայց Հայաստանի ոգիով, առօրեայով, հայկական աւանդութիւններով ամէնօրեայ գոյատեւման պայքար մղող իւրաքանչիւր հայու ուշադրութեան կեդրոնը, սեւեռակէտը Ապրիլ 24-ին եւ անոր նախորդող օրը վստահաբար կը հանդիսանան Հայաստանը եւ մասնաւորաբար Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր Ծիծեռնակաբերդը, ուր մարդկային ստուար հոսք մը ամէն տարի իր յարգանքի տուրքը կը մատուցէ մեր բիւրաւոր սուրբ նահատակներու անմեռ յիշատակին:
Սակայն այս տարի Ծիծեռնակաբերդը տխուր էր, որովհետեւ աշխարհի վրայ ահազանգային համաճարակ մը արգիլած էր հազարաւոր հայորդիներու ուխտագնացութիւնը դէպի յուշահամալիր. նոյն տխուր պարագան կը պարզուէր նաեւ սփիւռքի բազմաթիւ գաղթօճախներու մէջ: Ամէն պարագայի, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ պատշաճ ձեւով եւ յարմարելով տիրող պայմաններուն տեղի ունեցան ոգեկոչման ձեռնարկներ:
Այս առումով յոյժ գովելի է Հայաստանի կառավարութեան այս տարուան Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկի բնոյթը, երբ աշխարհով մէկ հայեր առցանց եւ ընկերային ցանցերու միջոցով հաղորդ դարձան մեր նահատակներու ոգեղէն ներկայութեան: Արդարեւ, պետական եւ կրօնական հեղինակութիւններու կողմէ յարգանքի տուրքի մատուցումէն բացի, սուրբ նահատակներու յիշատակին նուիրուած գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիր ներկայացուեցաւ ուղիղ եթերով Ծիծեռնակաբերդէն: Յուշահամալիրին գիշերային լուսաւորումը այնքան խորախորհուրդ դարձած էր, երբ Ծիծեռնակաբերդի տասներկու պատերուն վրայ հերթաբար վիրթուալ երթ տեղի ունեցաւ (անուններու գրառում համակարգչային նորագոյն ծրագիրով)` նախօրօք արձանագրուած հազարաւոր հայաստանաբնակ թէ սփիւռքահայ հայորդիներու անուններու:
Այսուհանդերձ Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակի ոգեկոչման միջոցառումներու սրտառուչ եւ խորհրդանշական դրուագը 82-ամեայ քարահունջցի Արտուշ պապիկին (Արտուշ Միրզոյեան) Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնն էր, որուն հայկական լրատուամիջոցներ ու ընկերային ցանցեր լայնօրէն անդրադարձան: Ան անտեղեակ ըլլալով սահմանափակումներէն ուրբաթ, 24 ապրիլ 2020-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին ոտքով Քարահունջէն եկաւ Երեւան` իր յարգանքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն: Կարծէք Արտուշ պապիկի անձին մէջ խտացած էր ամբողջ հայութեան յարգանքի տուրքի մատուցումը, հոգիին մէջ դաջուած էր մեր նահատակուած պապերուն յիշատակը, իսկ երեսին վրայ դրոշմուած էր մեր նահատակներուն արեան կանչը: Դժբախտաբար իրեն չթոյլատրուեցաւ այցելել յուշահամալիր, եւ նախընտրեց անձրեւին տակ սպասել, թերեւս զինուոր մը կամ ոստիկան մը ընկերակցէր իրեն, որպէսզի համայն հայութեան կողմէ աղօթք մրմնջար բարձրեալ Աստուծոյ, դուրս գար իր սրտէն, սլանար դէպի պապերու երկիր, խառնուէր հայ ժողովուրդի խորհրդանիշ Մասիս լերան ձիւներուն ու ծխար Տէր Զօրի կենդանի սգացող աւազներուն, դառնար աշխարհասփիւռ հայերուն ճիչն ու կանչը, անջնջելի խարանը` ոճրագործ ու անիրաւ ազգերուն:
Երբ հարց տրուեցաւ Արտուշ պապիկին, թէ իր ընտանիքէն ոեւէ մէկը Ցեղասպանութեան զոհ գացա՞ծ է, ան հայու հաստատ հաւատքով, վճռակամութեամբ պատասխանեց, որ կոտորուած երկու միլիոն նահատակները իրն են նաեւ, իր աչքի լոյսն են, իր կեանքն են, եկած է անմեղ զոհերուն յիշատակին խոնարհելու եւ ծաղիկ դնելու: Եւ ան ժամեր շարունակ անձանձրոյթ սպասեց, մինչեւ որ կէս զիշերին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յանձնարարութեամբ Արտուշ պապիկին պետական մակարդակով ուղեկցեցան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, եւ ան վերջապէս կրցաւ իր ծաղիկները դնել եւ աղօթք առաքել առ Աստուած:
Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակի ոգեկոչման ներշնչող Արտուշ պապիկին կենդանի դրուագը անգամ մը եւս կը յուշէ մեզի տէր կանգնիլ մեր նահատակներու արդար կտակին եւ զայն մեր կեանքի ուղեգիծը դարձնել ու անով շարունակ գօտեպնդուիլ: