
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով կատարեց յայտարարութիւն մը` նշելով, որ կը միանայ Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակի ոգեկոչման: Հակառակ այն իրողութեան, որ Քոնկրէսը անցեալ տարի ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, նախագահ Թրամփ յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով չգործածեց «Հայոց Ցեղասպանութիւն» անուանումը։
Սպիտակ տան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Այսօր մենք կը միանանք միջազգային ընտանիքին` ոգեկոչելով Մեծ Եղեռնի` 20-րդ դարու ամէնէն զանգուածային վայրագութեան ժամանակ զոհուածներուն յիշատակը: 1915 թուականէն սկսեալ մէկուկէս միլիոն հայեր տեղահանուեցան, կոտորուեցան կամ մահուան երթի դատապարտուեցան, Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն: Յիշատակի այս օրը մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք անոնց, որոնք կորսնցուցին իրենց կեանքը, միաժամանակ կը վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնը` ամրապնդելու աւելի մարդասէր ու խաղաղ աշխարհը:
«Ամէն տարի, Ապրիլ 24-ին, մենք անդրադարձ կը կատարենք ամերիկացի եւ հայ ժողովուրդի ուժեղ եւ ամրացող կապին: Մենք հպարտ ենք հսկայական ջանքերով 1915 թուականի Հայկական եւ սուրիական օգնութեան ամերիկեան կոմիտէի հիմնադիրներու, որոնք որոշիչ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրեցին հայ տեղահանուածներուն, եւ շնորհակալ ենք հազարաւոր ամերիկացիներուն, որոնք օժանդակեցին եւ կամաւորագրուեցան օգնելու տեղահանուած հայերուն:
«Այսօր ողբերգութեան լոյսին տակ մենք ականատես կ՛ըլլանք նաեւ հայ ժողովուրդի ուժին ու ամրութեան: Երջանիկ ենք, որ բազմաթիւ հայեր իրենց հարուստ մշակոյթը բերին դէպի մեր ափեր եւ այդքան մեծ ներդրում ունեցան մեր երկրի կեանքին մէջ` ըլլալով զինուորներ, նշանաւոր արուեստագէտներ, անուանի ճարտարապետներ եւ յաջողակ գործարարներ:
«Մենք կ՛ողջունենք հայերու եւ թուրքերու ջանքերը` ճանչնալու եւ հաշուի նստելու իրենց ցաւալի պատմութեան հետ: Այսօր մենք կը հաւատանք, որ մեր պարտականութիւնն է յիշել անոնք, որոնք տառապած են եւ զոհուած, եւ կը վերահաստատենք մեր նուիրուածութիւնը` աշխարհի վրայ կրօնական ու ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան»:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան խստօրէն դատապարտեց այս մօտեցումը։
«Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը Անգարայի կողմէ վերահսկուող քաղաքականութիւն է, որ կը պարտադրուի Ամերիկային եւ աջակցութիւն կը ստանայ նախագահ Թրամփի կողմէ: Անգամ մը եւս նախագահ Թրամփ շարունակեց Պարաք Օպամայի եւ անոր նախորդներուն վիրաւորական յայտարարութիւնը», եզրակացուց Համբարեան: