

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ
Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն եւ անոր հետեւանքով հայ ժողովուրդը ունեցաւ որբերու հսկայ բանակ մը: Ստեղծուեցաւ «Հայ Որբաշխարհը»: Այս որբերէն շատերը զետեղուեցան թրքական որբանոցներու եւ թուրք ընտանիքներու մէջ: Անոնք մեծցան որպէս թուրք, սորուեցան թուրք լեզուն, կրօնքը եւ սովորութիւնները: Անոնք պարտադրաբար եւ բռնի ուժով իսլամացան եւ թրքացան ու կորսնցուցին իրենց հայկականութիւնը մնալով հեռու հայ ժողովուրդէն:
Հայոց Ցեղասպանութենէն 3-4 տարի ետք Հայ որբերու թրքացումի եւ իսլամացումի այլ կերպ մը որդեգրուած է Թուրք անուանի զինուորական եւ քաղաքական անձնաւորութեան մը՝ Գազիմ Գարապէքիրի կողմէ: Ան հազարաւոր Հայ որբեր, իբր թէ մարդասիրական միտումներով, առած է իր խնամատարութեան ներքեւ, ներմուծած է թրքական բանակ եւ թրքացուցած է զանոնք: Այս թրքացուած հայ որբերը դարձած են ծայրայեղ թուրքեր, ծառայած են թրքական բանակին մէջ եւ կռուած են հայկական բանակին դէմ 1920-ին հայ-թրքական պատերազմի ընթացքին:

Գազիմ Գարապէքիր ծնած է 1882-ին Պոլիս: Ան եղած է թուրք հրամանատար Մեհմէթ Էմին Զէյրէք փաշային զաւակը: Հայրը ծառայած է երկար տարիներ թրքական բանակին մէջ եւ այդ պատճառով Գազէմ շրջագայած է հօրը հետ թուրքիոյ բոլոր շրջանները: Մեհմէթ Էմին կը մահանայ Մեքքէի մէջ ուխտագնա-ցութեան ընթացքին: Հօրը մահէն ետք Գազիմ կը վերադառնայ մօրը հետ Պոլիս 1898-ին: Ան կը դառնայ կէս որբ: Յաջորդ տարի կը մտնէ զինուորական դպրոց եւ կ’աւարտէ 1899-ին: Կը մասնագիտանայ Օսմանեան զինուորական կայսրութեան երրորդ զօրաբաժնին մէջ եւ կը դառնայ յաջող զինուորական ու կ’ունենայ աստիճանի բարձրացում: 1911-ին, Գազիմ ընտանիքին անունը կը փոխէ Զէյրէք-էն Գարապէքիրի: Ան կը մասնակցի Պալքանեան պատերազմին եւ կը ձեռբա-կալուի 1913-ին ու բանտարկուած կը մնայ 6 ամիս: Կալլիբոլի մէջ կը կռուի ֆրանսացիներուն դէմ: 1915-ին երկրորդ անգամ ըլլալով կ’ունենայ զինուարա-կան աստիճանի բարձրացում եւ կը ղրկուի Իրաք: 1916-ին կը կռուի անգլեական ուժերուն դէմ եւ յաջորդ տարի կը գտնուի Տիարպէքիր, որպէս թրքական բանակին երկրորդ զօրաբաժնին հրամանատար: 1918-ին hայ եւ rուս միացեալ ուժերէն կը գրաւէ Էրզրումը եւ Երզնկան: Շուտով կը հասնի Ատրպէյճան ուրկէ կը հեռացնէ անգլիական ուժերը:

Սեւրի դաշնագրին որպէս հետեւանք սուլթան Մեհմէթ Վահտէտտին կը հրահանգէ որ տեղի տայ եւ վերադառնայ: Սակայն կը մերժէ եւ կը մնայ հոն իր պաշտօնին գլուխը: 1920 սեպտեմբերին կը պատերազմի Հայաստանի առաջին հանրապետութեան զօրքերուն դէմ եւ կը հասնի Սարըղամիշ ու կը գրաւէ զայն: Իր զօրքերուն հետ կը շարունակէ յառաջխաղացքը եւ կը հասնի Կարս 30 հոկտեմբերին: Ապա կը գրաւէ Աղեքսանտրապոլը 6 նոյմբեր 1920-ին: Կրակմար կը յայտարարուի 18 նոյեմբեր 1920-ին: Խաղաղութեան դաշինք կը կնքուի հայերու եւ թրքական ուժերու միջեւ Ալէքսանտրափոլի մէջ 23 դեկտեմբեր 1920-ին: Կը ստորագրեն ինք եւ Հայաստանի հանրապետութեան ներկայացուցիչ՝ Ալէքսանտր Խատիսեան: Յաջորդ տարի 23 Հոկտեմբեր 1921-ին ռուսերուն հետ կը կնքէ Կարսի համաձայնութիւնը:

Համաշխարհային առաջին պատերազմէն ետք Գազիմ Գարապէքիր կը նշա-նակուի Թուրքիոյ արեւելեան շրջանի բանակին հրամանատար: Իր պաշտօնավայր Էրզրում (Կարին) երթալու ժամանակ կը հանդիպի հազարաւոր որբերու, որոնց կ’առնէ իր հոգատարութեան տակ: Այս ծնողազուրկ երեխաներուն մէջ կ’ըլլան նաեւ հազարաւոր հայ որբեր: Ան կը հաւաքէ մօտաւորապէս վեց հազար Հայ որբեր՝ երկու հազար աղջիկ եւ չորս հազար մանչ:
Գազիմ Գարապէքիր Փաշա հայ որբերը թրքական բանակ կը ներմուծէ այն մտավախութեամբ, որ անոնք եթէ ազատ մեծնան օր մը թուրքերէն վրէժ լուծելու փորձ կրնան ընել: Ուստի հայ որբերը թրքական բանակ կը ներմուծէ հաւատալով, որ կամաց կամաց անոնք կ’իսլամանան եւ կը լուծուին Թուրք ժողովուրդին մէջ:
Հայ որբերը բռնի ուժով կ’իսլամացուին եւ կը թրքացուին: Տղաքը կը թլբատուին իսկ աղջիկները կը ղրկուին թրքական իգական յատուկ վարժարաններ: Հայ որբերուն հայկական անունները կը փոխուին թրքական անուններու եւ անոնց կը փոխանցուի «թրքականութեան գիտակցութիւն»՝ Հայ որբերը կը դառնան «կատարեալ» թուրքեր: Թրքական բանակ ներմուծուած հայ որբերը կը կոչուին «Առողջ երեխաներու բանակ»: Անոնցմէ յաջողակները հետագային կը ղրկուին Պրուսայի եւ Պոլսոյ զինուորական մասնագիտական դպրոցներ: Անոնք ապա-գային կը դառնան ծայրայեղ ազգայնամոլներ թրքական բանակին մէջ:

Գազիմ Գարապէքիրի հոգատարութեան տակ առնուած Հայ որբերը կը ստա-նան ընդհանրական ուսում եւ կատարեալ կը սորուին թրքերէն լեզուն: Անոնցմէ շատեր կը ստանան զինուորական եւ ռազմական կրթութիւն եւ ուսում, ինչպէս նաեւ սուսերամարտի եւ դահուկորդութեան դասեր: Ուրիշներ կը մասնագի-տանան արդիւնաբերական դպրոցին մէջ մեքենագործութեան, մեքենաներու վերանորոգման, ոսկերչութեան, դերձակութեան եւ կօշկակարութեան մէջ: Որբերուն մեծամասնութիւնը կը հետեւին զանազան տեսակի մարմնամարզանքի: Որբերէն մաս մը կը հետեւին երաժշտական դասընթացքներու: Անոնք կը սորվին տեսակաւոր նուագարաններ գործածել կը մասնակցին զինուո-րական նուագախումբերու: Հայ որբերը կը սորվին թրքերէն բանակային երգ մը, որուն հայերէն թարգմանութիւնը հետեւեալն է՝
«Անոր (թուրք զինուորին) բազուկները երկաթի նման են, անոր ոտքերը անագապղինձի նման են, կարելի՞ է թուրքերը պարտութեան մատնուիլ.
Թուրքը տեղի չի տար, Թուրքը տեղի չի տար, նոյն իսկ եթէ աշխարհը կործանի.
Թուրքին սիրտը հաւատքով լեցուն է, անոր խիղճը մաքուր է, Թուրքը կրնա՞յ պարտուիլ.
Նոյն իսկ եթէ Թուրքը թշնամիներով շրջապատուած մնայ, ան կրնա՞յ պար-տուիլ»:
Թուրք բանակային Հայ որբերը 1920-ին մաս կը կազմեն թրքական բանակին հայերուն դէմ մղած պատերազմին: 1920-ի սեպտեմբերի 26-ին Գարապէքիր Սարըղամիշի մէջ զօրաշարժի կ’ենթարկէ նաեւ «Առողջ Հայ պատանիների բանակը»: Ան կը մտադրէ Սարըղամիշը դարձնել «երեխաների գիւղաքաղաք»: Այս երեխաներուն համար քաղաքին մէջ կը բանայ բժշկական եւ ռազմական միջնակարգ դպրոց, ուր մանկաբարձութեան, ատամնաբուժութեան, ելեկտրականութեան եւ լուսանկարչութեան դասընթացքներ կը դասաւանդուին:

Գազիմ Գարապէքիր օր մը ըսած է՝ «Ես գիտցած եմ որբի հոգեբանութիւնը եւ որբութեան ողբերգութիւնը», այդ պատճառով ես հայ որբերը շատ կը սիրեմ եւ զիրենք իմ հոգատարութեանս տակ առի, ես անոնց հայրիկն եմ»:
Բանակային Հայ որբերը Գազիմ Գարապէքիրի կը նուիրեն իրենց պատրաս-տած «Հայ որբերուն հայրիկին» դիմանկարը:
Գազիմ Գարապէքիր 1923-էն ետք կ’ունենայ քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւն եւ կը մտնէ թրքական խորհրդարան ու կը վարէ անոր նախա-գահութիւնը երկար տարիներ: Ան կը մահանայ Անգարա Յունուար 27, 1948-ին: Իր մահէն ետք Պոլսոյ իր տունը կը վերածուի թանգարանի:
Աղբիւրներ
- Այշէ Հիւր, Միութիւն Եւ Առաջադիմութիւն Կուսակցութեան Ու Քեազիմ Քարապեքիրի Երեխայ Զինուորները, Քեազիմ Քարապեքիրի «Կիւրպիւզլեր» Բանակը, (Առոյգ Պատանիների Բանակը), «Ռատիքալ», թարգմանեց՝ Անահիտ գարտաշեան, «Ակունք», 06/24/14
- 2. Bugün Daily Newspaper, Anadolu Agency, Kazim Karabekir’s Daughter Pleased Armenian Orphans, 26 december, 2007
- Leadhead, Phd, Kazim Karabekir House Museum, May 1, 2018
- Ordudaki ermeni yetimler, Armenian orphans in Turlish army, Kazim Karabekir Pasha, November 2, 2018
- Raffi Bedrosian, Armenian weekly, March 19, 2018
- 6. Raffi Bedrosian, The Armenian Mirror-Spectator, May 7,
- Tatoul, Hagopian, Armenians and turks (book), the last Turkish Armenian war,1920
- 8. The Armenian Mirror-Spectator, Armenian orphans become a source of enriching genetic pool for Turkish nation, May 8, 2013.
- 9. Toronto Hye, Armenian boys who were orphaned conscripted into the Turkish army by Kazim KaraBekir, April 6, 2018.
- 10. soykirimgercegi.com
Հայ որբերը թրքական բանակին արհեստանոցին մէջ
Հայ որբերը թրքական բանակին մէջ զինուորական տարազով
Հայ իսլամացուած որբեր Գարապէքիրի հետ
Գարապէքիր Հայ իսլամացուած որբերուն հետ
Գազիմ Գարապէքիրին նկարը նուէր տրուած այ որբերուն կողմէ
Գարապէքիրի դաշինքներ կնքելու գործածուած գրիչները