
Read Time:13 Second
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Փետրուար 25-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։ Այս հանդիպման, իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հ․Յ․Դ․ Արցախի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան։ Քննարկուեցան հայրենիք-սփիւռք կապերուն եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր: