Շաբաթ, Հոկտեմբեր 13-ին, Արամ Ա. Վեհափառը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի: Կեդրոնական վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Կաթողիկոսին՝ միութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկներուն իր հովանաւորութիւնը շնորհելուն եւ յղած կոնդակին համար:
Ապա, Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչները վեհափառին փոխանցեցին միութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշանուէրները՝ 100-ամեակի ժամացոյցը՝ յուշանուէրը, 100-ամեակին նուիրուած դրոշմաթուղթի յատուկ օրինակը եւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի թանգարանի յուշամատեան-ալպոմը:
Կաթողիկոսը բարձր գնահատեց միութեան 100-ամեակի իրագործուած ձեռնարկները, յաջողութիւն մաղթելով յառաջիկայ 100-ամեակներու աշխատանքներուն մէջ:
Վեհափառ հայրապետը շեշտեց երիտասարդութեան հետ համագործակցելու անհրաժեշտութիւնը, նկատի ունենալով ներկայ դարու ճնշուած աշխատանքի պայմանները, գնահատելով Հ․Մ․Ը․Մ․-ի առաքելութիւնը այս ծիրին մէջ:
Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութեան անդաներ՝ գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի այցելեցին Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս պատրիարքին: Կեդրոնական Վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց պատրիարք հօր՝ միութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկներուն իր ներկայացուցիչը առաքելուն ուղղութեամբ: Ապա, պատրիարք հօր փոխանցուեցաւ 100ամեակի ժամացոյցն ու 100-ամեակին նուիրուած դրոշմաթուղթի յատուկ օրինակը:
Իր կարգին, պատրիարք հայրը դրուատեց միութեան 100-ամեակի իրականացած ձեռնարկներն ու տարողութիւնը, յաջողութիւն մաղթելով յառաջիկայ բոլոր ծրագիրներուն ուղղութեամբ:


