Թորոնթոյի Մէջ՝ Հրայր Մարուխեանի Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ

0 0
Read Time:2 Minute, 31 Second


Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Հ․Յ․Դ․ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութեան կազմակերպիչ յանձնախումբին, Ուրբաթ, 14 Սեպտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի Համազգայինի թատերասրահէն ներս տեղի ունեցաւ ընկ. Հրայր Մարուխեանի մահուան 20-ամեակին նուիրուած յուշ-երեկոյ, ներկայութեամբ՝ Գերաշնորհ Տէր Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէքեանի, ՀՅԴ Գանատայի ԿԿ ներկայացուցիչին, «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչին, ՍԴՀԿ Թորոնթոյի վարչութեան, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վարչութեան, Հայ Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչներու, Ազգային երեսփոխաններու, թորոնթոհայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, դաշնակցական ընկերներու, համակիրներու եւ մեծաթիւ հրաւիրեալներու:

Դրան մուտքին յայտագրին հետ միասին ներկաներուն բաշխուեցան «Հայ դատի պայքարին եւ դէպի երկիր երթին դաշնակցական դրօշակիրը» խորագրով գրքոյկներ: «Անկեղծ զինուոր»ի՝ ընկ. Հրայր Մարուխեանի վաստակին ու կեանքի կարեւոր հանգրուաններուն մասին խօսքեր, վկայութիւններ եւ դամբանականներ ամփոփող վերոնշեալ գրքոյկը պատրաստուած էր յանձնախումբի ընկերներուն ջանքերով:

Օրուան հանդիսավարները՝ Բալիկ Ճապաղջուրեան խշուաճեան եւ Ռազմիկ Պէպէճեան, յուշ-երեկոն բացուած յայտարարեցին Հ․Հ․ եւ Գանատայի քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Այնուհետեւ ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը Հ․Յ․Դ․-ի անզուգական ղեկավար Հրայր Մարուխեանի:

Ցուցադրուեցաւ «Մեծ հայը, դաշնակցականի ճառագայթող դէմքով» տեսերիզը, ուր մէկտեղուած էին  Հրայր Մարուխեանի ելոյթներէն բաժիններ, որոնցմէ 1992-ին Հալէպի մէջ տեղի ունեցած ելոյթը առաջին անգամն էր, որ կը սփռուէր: Տեսերիզը կ’ընդգրկէր նաեւ՝ Հայաստանի մէջ կայացած ժողովրդային յուղարկաւորութիւնէն պատկերներ, որոնք կու գային վկայելու Մարուխեանի յարգուած անձնաւորութիւն մը եւ քաղաքական ճանչցուած գործիչ մը ըլլալուն հանգամանքը՝ Հայաստանի բոլոր քաղաքական հոսանքներու ներկայացուցիչներու կողմէ:

Գանատայի Հայոց Թեմի Հայրապետական ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Սուրէն Սրբ. Գաթարոյեանի Մարուխեանին առնչուող վկայութիւններն ու յուշերը ներկաներուն փոխանցուեցան տեսերիզով մը: Սրբազան Հայրը ներկաները ողջունելէ ետք խօսեցաւ զանազան առիթներով Հրայր Մարուխեանի հետ իր ունեցած հանդիպումներուն մասին: Անոնցմէ ամենէն յատկանշականն էր հետեւեալը.

«Հրայր Մարուխեան Տէր Զօրէն Գամիշլի ճանապարհորդութեան ընթացքին, իրեն ընկերակցող յանձնախումբին հետ, ճանապարհային շինարարութեան համար փորուած հողերու կոյտին մէջ մեծ թիւով աճիւններ կը գտնէ. այդ աճիւնները կը վկայէին, որ 1915-ին հազարաւոր հայեր ջարդուելով իրենց մահկանացուն կնքած էին այնտեղ: Հրայր Մարուխեան Հալէպ վերադարձին ըսաւ. «Սրբազա՛ն, կը յանձրարարեմ, անպայմանօրէն, այդ բլրակին վրայ յուշարձան մը կանգնեցնել, որպէսզի օտարներ տեսնեն, զգան, ճանչնան թուրքին կատարած ոճիրը հայերուն նկատմամբ»: Ես արդարացի գտայ Հրայրին թելադրութիւնը եւ յետագային այնտեղ կառուցուեցաւ Մարկատէի մատուռը»:

Ապա բեմ բարձրացաւ այս առիթով Թորոնթօ հրաւիրուած, Արցախեան ազատագրահան պայքարի ազատամարտիկ, ազգային, յեղափոխական եւ ռազմա-հայրենասիրական երգերու մեկնաբան Մկրտիչ Մկրտիչեան (Մակիչ): Ան «Քեռիի յիշատակին» եւ «Ա՜խ, հայրենիք» յեղափոխաշունչ երգերով, իր իւրայատուկ ձայնով եւ խոր ապրումներով հրապուրեց, յուզեց, միաժամանակ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց:

Օրուան բանախօսն էր հանրային-կուսակցական գործիչ ընկ. Խաժակ Մկրտիչեանը, որ Հրայր Մարուխեանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նորագոյն պատմութեան անկրկնելի ղեկավարներէն մէկը ըլլալը շեշտելէ ետք ըսաւ.- «Հրայր Մարուխեանի առաջնորդութամբ Հայ դատի աշխատանքները, ոչ միայն ծաւալի առումով ընդարձակուեցան, այլ անոնց հաղորդուեցաւ նոր որակ ու բովանդակութիւն: Քարոզչական ու ոգեկոչական աշխատանքերուն աւելցաւ քաղաքական ու լոպիստական նոր ճիգ: Հայ դատի գրասենեակներ եւ յանձնախումբեր սկսան գործել Դաշնակցութեան կառոյցին կից: Վճռուած էր Հայ դատին շուրջ ստեղծուած լռութեան պատը քանդել՝ քարոզչական, քաղաքական նաեւ ցուցական բոլոր միջոցներով»: Ապա ան խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Սիրելի՛ ներկաներ,այսօր եւս հակադաշնակցական մոլուցքը չէ մարած, բայց քանի որ ունեցած ենք Հրայր Մարուխեանի նման մարտունակ ղեկավար, ինչպէս անցեալին ձախողած են Դաշնակցութիւնը պառակտելու բոլոր փորձերը, ես համոզուած եմ, որ Հրայր Մարուխեանի ոգիով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ իր անխափան երթը»:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ՀՅԴ-ի «Մշակ բանուոր» քայլերգով:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles