ԱրտերկիրԼրահոս

Պուլկարիոյ Խորհրդարանի Նախագահն Է Հայազգի Ռայա Նազարեանը

 

Պուլկարիոյ խորհրդարանի նախագահ ընտրուած է հայազգի Ռայա Նազարեան՝ 131 թեր, 66 դէմ, 39 ձեռնպահ ձայներով։ Ընտրուելէ յետոյ Նազարեան իր ելոյթին մէջ ըսած է, որ խորհրդարանը, հանրային վստահութեան մակարդակէն անդին, գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւնները օրինականացնելու միակ հարթակն է։

Ան հաստատած է, որ երեսփոխանները կրնան իրեն վստահիլ երկխօսութեան, արդարութեան, իրաւահաւասարութեան եւ Ազգային ժողովի կանոնադրութեան, օրէնքներուն ու կանոնակարգերուն անվերապահօրէն հաւատարիմ մնալու հարցերուն մէջ։

«Ահա թէ ինչո՛ւ մեր իւրաքանչիւր ներկայացուցչի ընդհանուր պատասխանատւութիւնն է ապահովել քաղաքական գործընթացներու կարգաւորումը եւ արդարացնել հասարակութեան ակնկալիքները՝ կայունութեան, անվտանգութեան եւ արդարութեան առումով», եզրակացուցած է ան։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button