Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ Կեանքեր Ինչպէս Տեսայ» Գիրքին Ներկայացումը՝ Սիտնիի Մէջ

0 0
Read Time:38 Second


ՍԻՏՆԻ․- Աւստրալիոյ Առաջնորդարանի կազմակերպութեամբ Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ Էտկարեան սրահին մէջ, նախագահութեամբ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեանի տեղի ունեցաւ Արաբական Ծոցի Սուրբ Գրքի Ընկերութեան տնօրէն Հրայր Ճէպէճեանի « Սփիւռքահայ Կեանքեր Ինչպէս Տեսայ» գիրքին շնորհահանդէսը:
Առաջնորդարանի դիւանապետ Նշան Պասմաճեան ներկայացուց նորատիպ գիրքը:
Ան յայտնեց, թէ Ճէպէճեանի տուած պատգամները մտածել տուող իրականութիւններ են: Խօսք առաւ հեղինակը, որ իր յատուկ լաւատեսութեամբ շեշտեց կարեւորութիւնը հայերէն լեզուին, հաւատքին եւ անոնց պահպանման:
Գիրքի խմբագիր՝ Արտա Պոյնէրեան – Ճէպէճեան (հեղինակին կողակիցը) յայտնեց թէ դիւրին չէր եղած խմբագրել այս գործը, հաւաքել 2011-2017 ժամանակաշրջանին հրապարակած բոլոր յօդուածները։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փակման խօսքին մէջ կատարեց մէջբերումներ գիրքէն։
Հեղինակը իր հետ բերած էր երեսուն գիրքեր, որոնք վաճառուեցան եւ մակագրուեցան իր կողմէ: Այս գիրքերէն գոյացած հասոյթը յատկացուցեցաւ Առաջնորդարանի կառուցման ծրագրին: Յիշատակելի երեկոն աւարտեցաւ Առաջնորդարանի Տիկնանց Յանձնախումբի կազմակերպած ճոխ հիւրասիրութեամբ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles