
Յ. Պալեան
Լաւ պէտք է հասկնալ, որ լեզուն կը կազմաւորէ անձի մտա-ծումը: Ոմանք կը խորհին, որ կարելի է անգլերէնով յառա-ջացնել ֆրանսական մտածողութիւն մը. անոնք կը սխալին: Պարտադրել լեզու մը, այդ պարտադրել է մտածողութիւն մը:
Քլօտ Հաժէժ, ֆրանսացի լեզուաբան
Արտաքին ուժերու կողմէ պարտադրուած,- կամ ինքնապարտադրուած,- լեզուն կը յառաջացնէ սեփականէ տարբեր մտածողութիւն: Այսինքն, մեր պարագային, հայերէնի ենթահողի բացակայութեան, օտար լեզուով մտածել ծնունդ կու տայ անհարազատ մտածողութեան, սեփական ազգը կը դիտուի դուրսէն, օտարի աչքով եւ օտարի արժէքներով:
Մտաւորականներ եւ ընդհանրապէս մարդիկ, հաւաքականութիւններ, ազգեր, երբ անմիջականի, նիւթականի, արտադրող-սպառողի վիճակէն դուրս գալով մտածեն ինքնութեան մասին, կը գործածեն զանազան բառեր. արմատներու հաւատարմութիւն, լայն առումով մշակութային ժառանգութիւն, տարբերութեան գիտակցութիւն: Լեզուն սոսկ հաղորդակցական միջոց չէ, ան իմաստներու, ապրումներու եւ պատմութեան ժառանգութիւն է:
Ժամանակի խորերէն եկած են եւ դարերու ընթացքին յառաջացած են զգալու, մտածելու եւ աշխարհը տեսնելու եւ մեկնելու տարբեր եղանակներ: Մարդ տեսակի մոլորակի վրայ արկածախնդրութեան ընթացքին ստեղծուած են բարբառներ, լեզուներ, յոգնակի, միօրինակութեան դէմ զանազանութիւն եւ գեղեցկութիւն, ինչպէս ծաղիկները, ծառերը, անոնց պտուղները եւ գոյները: Լեզուն մարդն իսկ է, որ շրջապատը եւ ինքզինք դրոշմած է բառով եւ իմաստներով:
Մեր դարուն, ոեւէ ժամանակէ աւելի, լեզուով բնորոշուող տարբերութիւնները եւ ինքնուրոյնութիւնները ենթակայ են նախայարձակումներու եւ անհետացման վտանգի: Մեծամասնութեան անտարբերութեան եւ իշխողներու միօրինականացման ձգտող մթնոլորտին մէջ տեղի կ’ունենան խառնուրդներ՝ ինքնութիւններու կորուստով, կամ պատճառ կը դառնան բախումներու: Պատմութեան ընթացքին, տիրակալները,- իշխողը, դասակարգը, ժողովուրդը,- միշտ ուզած են հիմնովին ջնջել տարբերութիւնները, իշխանութեան հակակշիռը տարածելու համար:
Ժամանակակից ֆրանսացի մեծ լեզուաբան Քլոտ Հաժէժ կ’ըսէ հետեւեալը.
«Սխալ մի՛ հասկնաք: Ամբողջ Պատմութիւնը ցոյց կուտայ. տիրող պետութիւններու բարբառը յաճախ կ’առաջնորդէ տիրուած ժողովուրդներու բարբառներու անհետացման: Յունարէնը ընկլուզած է փռիւգերէնը: Լատիներէնը սպաննած է իպէրներու (Սպանիա-Փորթուկալ) եւ կոլուաներու (գաղիական, Ֆրանսա) լեզուները: Ներկայիս, ամէն տարի քսանհինգ լեզուներ կը կորսուին: Մէկ բան լաւ հասկցէ՛ք. Ես չեմ պայքարիր անգլերէնի դէմ, ես կը պայքարիմ այլազանութեան համար: Հայկական առած մը հրաշալիօրէն կ’ամփոփէ միտքս. Այնքան անգամ որ լեզուներ գիտես, այնքան անգամներ մարդ ես» (ընդգծ.Յ.Պ.):
Մեկնելով յիշուած առածէն, ի՞նչ պիտի պատասախանէինք, եթէ հարցնէինք. «Բազմաթիւ լեզուներ գիտնալով հանդերձ երբ չես գիտեր քու լեզուդ, ինչպէ՞ս կը սահմանուին պատկանելիութիւնդ եւ ինքնութիւնդ քու ծագմանդ հաւաքականութեան նկատմամբ»: Ուշադրութեամբ պէտք է մտածել նոյն լեզուաբանին հետ. «Լաւ պէտք է հասկնալ, որ լեզուն կը կազմաւորէ անձի մտածումը: Ոմանք կը խորհին, որ կարելի է անգլերէնով յառաջացնել ֆրանսական մտածողութիւն մը. անոնք կը սխալին: Պարտադրել լեզու մը, այդ պարտադրել է մտածողութիւն մը»: Աւելի պարզ. պարտադրուած լեզուին եւ մտածողութեան հետ, նոր ինքնութիւն կը ստանայ անձը:
Ժամանակակից ճարտարագիտական ընկերութիւնը, համաշխարհայնացումը, սպառողական ապրանքներու եւ բարքերու նոյնացումը կը ստեղծեն միօրինականացում, որ մայրուղի կը բանայ մեծերու եւ տիրողներու լեզուներուն առջեւ, եւ հազարաւոր լեզուներ, այս կամ այն ձեւով, կը մտնեն փակուղի, հաւանօրէն անկէ երբեք դուրս չգալու եւ մեռած լեզու ըլլալու համար:
Կրկին հետեւինք Քլոտ Հաժէժի միտքերու ընթացքին. «Գիտենք, որ միջին հաշուով ամէն տար 25 լեզուներ կը մեռնին: Այսօր աշխարհի մէջ կան 5000 կենդանի (խօսուող) լեզուներ: Հարիւր տարիէն, եթէ ոչինչ փոխուի, այդ լեզուներու կէսը պիտի մեռնի: ԻԱ դարու վերջը, պիտի մնան անոնցմէ շուրջ 2500ը, եւ անկասկած աւելի պակաս, եթէ նկատի ունենանք անհետացման ընթացքի շատ հաւանական արագացում մը: Արդարեւ, ինչպէս քաղաքակրթութիւնները, լեզուները մահկանացու են, եւ պատմութեան անդունդը բաւարար չափով ընդարձակ է բոլորին համար: Թէեւ, լեզուներու մահը բոլորովին անսովոր եւ վերացնող կացութիւն մը կը պարզէ, երբ այդ մասին կը մտածենք. լեզուները կրնան վերածնի՛լ: Բայց աչալուրջ պէտք է ըլլալ, այլապէս բոլորը վտանգուած են, ներառեալ՝ ֆրանսերէնը» (ընդգծ. Յ.Պ.):
Հաւանօրէն Քլոտ Հաժէժ կը մտածէ վերականգնած դասական եբրայերէնի մասին, որ մեռած լեզու կը համարուէր:
Եթէ ֆրանսացի լեզուաբանը ահազանգ կը հնչեցնէ ֆրանսերէնի համար, կ’ըսէ՝ «ներառեալ ֆրանսերէնը», ի՞նչ է ապագան հայերէնի, նախ սփիւռք(ներ)ի պարագային, ապա՝ Հայաստանի:
Հայը կրնա՞յ, որպէս մարդ բարոյապէս ինքնիրեն թոյլատրել խրիլ անտարբերութեան ճահիճին մէջ, թոյլ տալով, որ «վտանգուի» իր լեզուն եւ հայերէնը դառնայ մեռեալ լեզու:
Լեզուաբան Անթուան Մէյէ (1866-1936), որ ծանօթ է հայերէնի եւ աշխատասիրութիւններ ունի անոր մասին («Լեզուաբանական եւ բանասիրական ուսումնասիրութիւններ), կը գրէ. «Կայ միակ եւ մէկ լեզու, ուր անհատներ զիրար կը հասկնան, գիտակից կամ անգիտակից եղանակով, զգացումը եւ կամքը ունին պատկանելու լեզուական համայնքին»: Խօսքը չի վերաբերիր զանազան լեզուներու, այլ այն ՄԻԱԿ ԵՒ ՄԷԿ ԼԵԶՈՒին, որ նոյն պատկանելիութեան գիտակցութեան ստանձնումով եւ կամքով կը խմբէ ազգի անհատները:
Այդ ՄԻԱԿ ԵՒ ՄԷԿ ԼԵԶՈՒով կը բնորոշուի տուեալ հաւաքականութիւնը, զոր կը կոչենք ազգ:
Երկու հազար տարի պետականութենէ զրկուած հայ ժողովուրդը, հակառակ բրտութիւններու եւ վայրագութեանց, տոկաց եւ տեւեց, պահելով իր ինքնուրոյնութիւնը: Նոյնիսկ՝ գաղթական, սփիւռք, երբեմն կամ յաճախ նահանջելով, շարունակութիւնը պահուեցաւ, թէեւ ճամբու ընթացքին տեղի ունեցաւ համրանքի կորուստ՝ձուլումներու հետեւանքով:
Ի՞նչ բանն էր որ հանդիսացաւ չանհետանալու պատուանդանը, միացնող ուժը:
Եթէ այս հարցումին պարկեշտ պատասխանը տայ իւրաքանչիւր հայ, շարքայինէն մինչեւ կրօնական եւ քաղաքական ղեկավարութիւններ, եւ ըստ այնմ առաջնորդուինք նախ մեր ներկային մէջ, ապա նախատեսենք եւ ծրագրենք ապագան, կ’ընդգրկուինք համազգային վերականգնումի ընթացքի մէջ, Հայաստան(ներ) եւ սփիւռք(ներ):
Բայց ամենէն իմաստուն նախատեսութիւնները եւ ծրագրումները փուճ են, եթէ չվերածուին գործի: Յաճախ պէտք է յիշել Սիմոն Զաւարեանի պատգամ-կտակ խօսքը. «Գործն է միայն կենդանի»: Ամեակները, տիտղոսները, համագումարները, սնափառութիւնները, տպաւորիչ հանդիսութիւնները հարկ է զարնել ոսկերիչներու գործածած փորձաքարին, որպէսզի հարազատը զատուի անհարազատէն, արժէքը անարժէքէն, ազգը ամբոխէն, հայրենիքը կալուածէն, սեփականը օտարապատկանէն:
Ազգային վերականգնումը նաեւ էապէս լեզուի գործածութեամբ եւ հարազատութեան պահպանումով կրնայ տեղի ունենալ: Ազգի տեւականացման համար այս նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է շեփորուած տնտեսականէն, զոր պէտք է չէ անտեսել, բայց երբեք պէտք չէ մոռնալ այն պարզ իմաստութիւնը, որ լեզուն անհատին կը բերէ իր շարունակութիւն ըլլալու հոգեբարոյական կերտուածքը:
Իսկ հայուն հոգեբարոյական կերտուածքը երբ խաթարուի, կորսուի, ազգը կը դադրի շարունակութիւն ըլլալէ: Անհատները կը շարունակեն ապրիլ նոր ինքնութեամբ, նոյնիսկ եթէ երբեմն յիշեն թէ՝ «ծագումով հայ» են: Եւ հայ գրողի դիպուկ բանաձեւումով, «այդ կ’ըլլայ նորի սկիզբ, բայց ոչ նախկինի շարունակութիւն» (Վիգէն Խեչումեան):
Այս էական խնդրին հայը եւ ղեկավարութիւնները պէտք է պատասխանեն առանց բան չնշանակող ճապկումներու եւ զանոնք հարկ է դատել այս էական հարցին իրենց բերած իրաւութեամբ յատկանշուող լուծումներով: