Քաղաքականութեան Մասին Գրէ Ըսին, Գրեցի. Ահա՛ւասիկ

0 0
Read Time:7 Minute, 13 Second


Սեւան Նշանեան

Պոլսահայ ծանօթ մտաւորական Սեւան Նշանեան, որ Յուլիսին թրքական բանտէն խոյս տալէ ետք, Յունաստան ապաստանած էր, լրագրական աշխահրէն երկար ժամանակ բացակայելէ ետք, Նոյեմբեր 2-ին, քաղաքական վերլուծումի նուիրուած գրութիւն մը լոյս ընծայած է իր ցանցատետրին (blog) մէջ: Յօդուածին խորագիրն ալ կը վկայէ այդ մասին։ Նշենք թէ, Նշանեանի ցանցատետրը թուրք կայքահէններու յարձակման ենթարկուած էր։

Պնդումով կ՚ըսեմ, որ փորձանքին գլուխը Թայիպը չէ, թրքական պետութեան քաղցկեղային կառուցուածքն է: Թայիպ ըրաւ, ինչ որ պիտի ընէր պատիւի եւ խղճի տէր ոեւէ մէկը. փորձեց պայքարիլ այդ կառոյցին դէմ: Ձախողեցաւ: Երբ հասկցաւ, թէ պիտի չյաջողի, ձեռքը թօթուեց իր թշնամիին եւ համակերպեցաւ անոր, այնպիսի ճկունութեամբ մը, որմէ պիտի ամչնար պատուարժան ոեւէ անձ (…որ, բայց թերեւս ալ, ճարահատ մնալու պարագային՝ պիտի ցուցաբերէր նման կեցուածք): Երեւութապէս, ան նոյնիսկ իր ղեկավարութիւնը պարտադրեց անոր: Թէ իսկապէս յաջողեցա՞ւ պարտադրել, վստահ չեմ: Միթէ ենիչէրիները իր կամքին հպատակեցնել կարենալո՞ւ աստիճան հմուտ դերասան մըն է: Թէ ոչ՝ քաղաքական անել դիրքի մէջ յայտնուած է եւ կը սպասեն, որ սպառէ ինքզինք, եւ օձին իր հին մորթէն ձերբազատելուն օրինակով՝ պիտի ճմրթկեն ու շպրտեն մէկ կողմ: Ապագան ցոյց պիտի տայ:

Յեղաշրջային Կառոյցը
1990-ական թուականներէն մինչեւ 2009/2010 թուականը Թուրքիա ապրեցաւ յեղաշրջման սպառնալիքի շուքին տակ: «Յեղաշրջում» ըսելով, խնդրեմ մի՛ հասկնաք Յուլիս 15-ի նման օփերէթային յեղաշրջում մը (գիշերով թռանէն տասը հոգի կ՚իջնէ, ձայն-հեռատեսիլի TRT կայանը կը գրաւէ, հաղորդավարուհին գերի կ՚առնէ, Մալաթիոյ հրամանատարը սխալ անձերէ հրահանգներ կը ստանայ եւ այլն): Մտածեցէ՛ք իշխանութիւնը մնայուն կերպով ձեռք անցընելու մտադիր կազմակերպեալ կառոյցի մը մասին, որ այդ նպատակին համար ուժ գործադրելու եւ ակօս-ակօս արիւն հոսեցնելու չի վարանիր:
Յուլիս 15-ի փորձին հեղինակները պետական ապահովութեան մարմիններուն մէջ բոյն դրած, «հայրենիք-ազգ»-ի եւ «Աթաթիւրք՝ դուն կանգնէ, ես մեռնիմ»-ի նման բնաբաններով ուղեղները թանձրացուածներու խմբակ մըն էր: Իրենց իշխանութիւնն ու ընկերային մենաշնորհշները կորսնցնելու մտավախութիւնն ունէին փոփոխուող աշխարհին մէջ: Անարդար ալ չէր այդ վախը: Իրենց գոյութեան ամենամեծ սպառնալիքները Արեւմուտքէն կու գային: Եւրոպական Միութեան ծրագիրը իրենց համար մահացու վտանգ կը ներկայացնէր. Միացեալ Նահանգներու յատկապէս, Գլինթընի եւ Օպամայի ժամանակաշրջաններուն իւրացուցած ազատական խօսոյթը (discours) իրենց իշխանութեան սպառնացող՝ հիւծող թթու էր: Այս պատճառով ալ, որոշ ժամանակ Արեւմուտքի տեղական դաշնակիցի եւ բանբերի դերը ստանձնած Էրտողանի կառավարութիւնները ընկալեցին որպէս սատանային՝ աշխարհային մարմնացումը: Երազեցին իրենց ղեկավարները կախել, ցիցերու վրայ նստեցնել եւ իրենց դիակները շուներուն նետել իբրեւ կեր: Ըրին հնարաւոր ամէն ինչ, խոչընդոտելու համար Քրտական, Հայկական, Կիպրական հարցերուն մէջ «բացման» փորձերը:
Թերեւս Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան մէկ թեւին, անըմբռնելի անհեռատեսութեամբ, Թուրքիոյ մէջ կառուցային վերափոխման գործակատարի դերը անհեթեթ աղանդի մը վստահելու փորձը, Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ յեղաշրջումի կողմնակիցներուն տածած ատելութեան, գէթ փսոր մը, արդարացման նպաստեց: Արեւմուտքին թիկունք դարձնելու իրենց դիրքորոշման մէջ արդեօք դեր խաղացա՞ծ են նաեւ Արեւմտեան աշխարհին յետադիմութեան կամ փլուզման մասին բանական կամ մասամբ բանական կարգ մը հաշիւներ ալ: Չեմ գիտեր: Եթէ կ՚ակնկալես, որ 1945-էն վերջ հաստատուած համաշխարհային ամերիկակեդրոն կարգը 20 տարուան մէջ տակնուվրայ պիտի ըլլայ՝ Թուրքիոյ նաւուն ուղեգիծը դէպի ո՞ր ուղղութեամբ կը ճշդես: Կ՚արժէ խորհրդածել:
Յամենայն դէպս, անոնց նպատակն էր վերջ տալ Թուրքիոյ 180-ամեայ արեւմտեան արկածախնդրութեան: Ատոր սիրոյն, չվարանեցան դառնալու դէպի այսքան տարուան թշնամիին՝ Ռուսաստանին: Չինաստանի, Իրանի մասին քմայքներ յօրինեցին: Իրենք իրենց հաւատացուցին, որ առանձինն աշխարհին ասպարէզ կրնայ կարդալ իրենց երկիրը, որ նշուելու արժանի որեւէ արտադրութենէ եւ բնական պաշարէ զուրկ է, որուն որակեալ տարրերը պատրաստ են առաջին առիթով արտասահման փախելու, որու բանակը վերջին երեք հարիւր տարիներու ընթացքին կորսնցուցած է իր մղած գրեթէ բոլոր մարտերը: Բացի պիւրոքրաթական համակարգի աժան հերոսութենէն եւ բարոյական այլասերումէն, մտաւորական ոչ մէկ հանդերձանք ունէին անոնք: Կը հաւատային, որ եթէ խնդրոյ առարկան հայրենիքն է՝ իրականութիւնը, իմացութիւնը, յարակցութիւնը մանրամասնութիւններ են: Շատ տգէտ էին:
Երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող արեւմտականութեան բոլոր հիմքերը քանդելու համար, թուրք ազգին ծիներուն մէջ ներգործուած «կեաւուր»-ի ատելութիւնը վարպետօրէն քերեցին: Կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ յաջողեցան Թուրքիան վերածելու այն երկրին, ուր ԱՄՆ-ու եւ Եւրոպայի նկատմամբ թշնամութիւնը ամենէն խիտ ձեւով կը ցոլանայ հանրային կարծիքին մէջ: Արեւմուտքը թշնամի էր, մութ դաւերու եւ թաքուն նպատակներու օրրանն էր իրենց համար: Սատանան վանելու համար՝ հսկայ դրօշակներ տնկեցին լեռներու, գագաթներու եւ հրապարակներու վրայ: Խե՜ղճ Աթաթիւրքը գործածեցին իբրեւ սրբապատկեր եւ համայիլ անհաւատ Եւրոպայի դէմ իրենց հռչակած ճիհատին մէջ:
Ըստ ձեզի, այսքանէն ետք՝ դեռ զարմանալի՞ է, որ այս ճիհատի հուրին մէջ, արիւնի թաթխուած եւ գորշ գայլերով օժտուած տեսակ մը իսլամական հերոսութիւնը ձեռք անցուցած ըլլայ երկրին հասարակաց հիւանդ տեսլականը:

Չբաւեց, Բայց Այո՛

Ես կը հաւատամ, որ իր մղած պայքարին մէջ Էրտողան գոնէ մինչեւ որոշ կէտ մը անկեղծ էր: Սկիզբէն ի վեր անո՞նց մարդն էր: Այնպիսի շրջադարձ մը կատարեց, որ երբեք չէի՞ք երեւակայեր: Չեմ կարծեր: Իրական աշխարհին մէջ ոչ ոք կրնայ այս աստիճան սատանայական ծրագրեր մշակել, եւ նոյնիսկ եթէ ծրագրէ ալ՝ չի կրնար աւարտին հասցնել: Յամենայն դէպս, ճիշդ եւ անհրաժեշտ էր իրեն զօրակցիլ, այնքան ատեն որ ան կը հանդիսանար արեւմտեան դաշինքի ներկայացուցիչը ընդդէմ այդ չարամիտներուն: Ես աջակցեցայ, քուէս ալ տուի: Եթէ ժամացոյցը վերադարձնէք 2007 կամ 2009 թուականներուն, կրկին նոյնը կ՚ընեմ: Թուրքիոյ մէջ, քաղաքակրթութեան (= արեւմտականութեան) դատին լրջութեամբ մօտեցողներուն մեծամասնութիւնն ալ ինծի նման մտածեց:
Կ՚անգիտանայի՞նք վտանգները: Անշուշտ՝ ո՛չ: Էրտողանի մտային պաշարը անբաւարար էր. միւսներուն ազգային եւ կուրօրէն հերոսական նախապաշարումներէն չէր մաքրազտուած: Յաջող ռազմավար էր, սակայն հեռատես չէր: Իր խումբը կը բաղկանար երրորդ դասակարգի գիւղաքաղաքային քաղաքագէտներէ եւ առաւ-փախաւ բորենիներէ (եւ Տաւութօղլուի նման գլուխը պարապ փչաններէ/զէվզէկներէ): Թէ արդեօ՞ք անկեղծ էր Եւրոպական Միութեան հետ իր քաղաքականութեան մէջ՝ չեմ գիտեր: Սակայն, վստահ եմ որ անկեղծ ջանք ներդրաւ քրտական, հայկական եւ կիպրական հարցերը լուծելու համար: Գիտեմ, որ մինչեւ 2014-ի առաջին ամիսները ան փայփայեց Քրտական երկրին խաղաղութիւն պարգեւող առաջին անձը ըլլալու երազը: Ափսո՜ս, որ չունէր այդ երազը իրագործելու անհրաժեշտ մտահորիզոնը, համարձակութիւնը, պաշտօնատարներու խումբը եւ ուժը:

Պատմական Շրջադարձ

Պետութեան մէջ բոյն դրած քաղցկեղային կառոյցը քանդելու համար 2007-էն ձեռնարկեց հսկայ պայքարի: Չկրցաւ: Ինչո՞ւ չկրցաւ: Թերեւս կամքը անբաւարար էր: Թերեւս հասկցաւ որ քաղցկեղային կառոյցը՝ վիրահատութեան չհանդուրժելու աստիճան պատած է մարմինը: Թերեւս չկրցաւ վստահիլ իր դաշնակիցներուն եւ տեսաւ, որ պիտի դաւաճանեն իրեն: Ըստ իս, շրջադարձային կէտը հանդիսացաւ 2010 Սեպտեմբերի հանրաքուէին անմիջապէս վաղորդայնը: Մօտաւորապէս այդ օրերուն սկսաւ Էրտողանի մահուան թռիչքը:
Մինչ, յեղաշրջումը կը սպասուէր Քեմալի համայիլը կրողներէն, յեղաշրջման առաջին փորձը եկաւ 2012 Փետրուարին իր դաշնակիցներէն: 2013 Մայիս-Յունիսին ամենայն հաւանականութեամբ ինքնաբուխ կերպով ծնունդ առած, սակայն կառավարական ճակատին մեծ իրարանցում պատճառած եւ կառավարութեան քաղաքական ապագային բուրդի բարակ դերձանէ մը կախուած ըլլալու հաւատքը սնանող ապստամբութիւն մը տեղի ունեցաւ: 2013-ին, անոր հետեւած տեսերիզներու պատերազմին, կատարուեցաւ այնպիսի հրացանաձգութիւն մը, որմէ՝ բնական պայմաններու մէջ ժողովրդավար ոչ մէկ կառավարութիւն կրնար ողջ դուրս ելլել:
Խելքը գլուխը իւրաքանչիւր անձի «այս խաղը հոս կը վերջանայ» ըսած պահն էր ատիկա: Ես անձնապէս քանի-քանիներու հետ գրաւի մտայ, որ առաւելագոյնը երեք ամիսէն կ՚իյնայ կառավարութիւնը: Եւ կորսնցուցի: Էրտողան չընկրկեցաւ: Ֆութպոլի պատմութեան մէջ իր նմանը քիչ ունեցող շրջադարձային հարուածով մը գնդակը 180 աստիճան դարձուց, դեռ մինչեւ երէկ զինք եւ իր ընտանիքը իւղոտ ցիցերու վրայ նստեցնել մտածողներուն կողմը անցաւ եւ անոնց միացաւ: Էրկէնէքոնի հարցին մէջ թաթխուած հրամանատարներ ազատ արձակուեցան: Քրտական ծրագիրը, որ իր կեանքի գլխաւոր ծրագիրն էր, մէկդի դրուեցաւ: Նահատակի եւ ազգի դաւաճաններու արտադրութեան թափ տրուեցաւ, ամբողջ երկիրը արիւն եւ դրօշով օժտուեցաւ: Կիպրոսի խաղաղութեան հարցը, որ կը հանդիսանար Եւրոպայի հետ համաձայնութեան բանալին՝ յետաձգուեցաւ մինչեւ Ծրազատիկ: Նախ Եւրոպան, ապա Ամերիկան թշնամի հռչակուեցան: Ամենէն կարեւորը, զինուորականներու՝ Ֆէթհուլլահականները արմատախիլ ընելու ծրագրին կանաչ ազդանշան վառուեցաւ: Իսկ ատոր փոխարէ՞ն: Ատոր փոխարէն, արտօնութիւն տրուեցաւ, որ Թայիպ շարունակէ իր իշխանութիւնը —հաւանաբար նաեւ շարունակէ ապրիլ—:
Կատարուածը խայտառակութիւն է: Բարոյական գայթակղութիւն է: Քաղաքական անձնասպանութեան քայլ մըն է: Միաժամանակ, քաղաքական հանճարի մը գործը: Կը հետեւինք մեր շունչը բռնած:
Յեղաշրջումը, որուն մասին կը խօսէինք գրութեան սկիզբը, այսօր իրագործուած է: Անոր բարձրաստիճան պաշտօնատարները եւ գաղափարախօսութիւնը այսօր իշխանութեան հասած են: Տարիներէ ի վեր ծրագրուած արիւնալի մաքրագործումը քայլ առ քայլ գործադրուած է եւ ներկայիս դեռ կը գործադրուի: Քաղաքակիրթ աշխարհին հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները փճացուած են դեռ բազմաթիւ սերունդներ անվերականգնելի ձեւով: Քառասուն տարիէ ի վեր Թուրքիոյ մէջ քաղաքակրթութեան եւ արեւմտականութեան բանբերը հանդիսացող իւրաքանչիւր անձ վախցնելով՝ փախելու մղած կամ ալ բանտ նետած են (եւ դժբախտաբար չեմ կարծեր, որ այսքանով ալ պիտի գոհանան): 2007-2008-2009-ին յեղաշրջումի վտանգին դէմ ժողովուրդը եւ կառավարութիւնը ազդարարած գաղափարական առաջնորդներու բոլո՛րը այսօր ցկեանս բանտարկութեան պահանջով կը դատուին: Պետական հրոսակին ձեռքերը կապելով գէթ դոյզն սանձող օրինական եւ իրաւական կապերը քակուած են. անսահման թալանի եւ ջարդի դռները բացուած են մինչեւ վերջ:
Միայն մէկ բան կայ, որ անսպասելի էր. այն անձը, որ այդ յեղաշրջումին թիրախը եւ զոհը ըլլալու կոչուած էր սկիզբը, այսօր կը յայտնուի յեղաշրջումը գլխաւորողի դիրքին: Ու Աթաթիւրք … եւ Թայիպ Էրտողան (եւ Օսման օղլու Մեհմէտ Բ.) կողք-կողքի կը զարդարեն համացանցի վրայ թրքական պետութեան հաջոցներու բազմաթիւ կայքերու պաստառները:

Հորիզոնին՝ 1918

Լաւ չ՚երեւիր այս ընթացքին վերջաւորութիւնը: Պատմութեան մէջ, նման արկածախնդրութիւններու մտած բռնակալներու գրեթէ բոլորն ալ, վաղ թէ ուշ, պատերազմի մէջ ներքաշուած են: Անխուսափելի է, որ ասոնք եւս ի վերջոյ այդ կէտին յանգին: Թուրքիա չի կրնար շահիլ այդ պատերազմը: Հիթլէր ալ չէր կրնար շահիլ: Ոչ ալ Սատտամ: Ոչ ալ Էնվէր: 1683-ին ոգի ի բռին Վիեննայի վրայ յարձակած Քէօփրիւլիւներու վարչակարգն ալ չէր կրնար շահիլ: Փլուզման սեմին հասած ըլլալով՝ Բրուսիոյ վրայ յարձակած Նափոլէոն Գ. ալ չէր կրնար շահիլ: Բոլորն ալ աղիողորմ վերջին յոյսով մը պատերազմի դիմեցին, երբ անդրադարձան որ այլեւս պիտի չկարենան ղեկավարել երկիրը: Իրենց հետ միասին, իրենց երկիրներն ալ փլուզման առաջնորդեցին:
Դժբախտաբար նոյն բաները կ՚երեւին հորիզոնին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles