ՀԱՅԵՐԸ ՀԱԼԷՊԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ (Բ. ՄԱՍ)

0 0
Read Time:20 Minute, 20 Second
 ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆԱզգային Գերեզմանատուն

Հալէպի հայ առաքելական համայնքը ԺԴ. դարէն մինչեւ այսօր Սուրիոյ տագնապի սկիզբը ունեցած է երեք անջատ գերեզմանատուներ (տագնապէն ետք այլ վայր մը առժամեայ յատկացուած է), որոնցմէ երրորդը, որ կը գտնուի Շէյխ Մաքսուտ շրջանին մէջ Հալէպի Քաղաքապետարանին կողմէ տրամադրուած է 1927-ին, եւ ազգապատկան դարձած է 1946-ին: Առաջին Ազգ. Գերեզմանատունը ԺԴ.-րդ դարէն ԺԶ.-րդ դարու վերջին քարորդը (1579) կը գտնուէր Սալիպէ թաղի գրեթէ իրարու կից գտնուող Ս. Քառասուն Մանկանց եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու շրջավայրին մէջ: Երկրորդ Ազգային Գերեզմանատունը՝ կը գտնուի քաղաքին հիւսիս-արեւմտեան կողմը, գրեթէ քրիստոնէաբնակ Ազիզիէ թաղին մէջ եւ մաս կազմած է ընդհանուր քրիստոնէական գերեզմանատան: Երրորդ Ազգ. Գերեզմանատունը՝ կը գտնուի քաղաքի հիւսիս-արեւմտեան շրջանը Շէյխ Մաքսուտ գերեզմանատուներու մէջ: Հետեւաբար, 1 Փետրուար 1927-ին, վերջնականապէս կը փակուին Ազիզիյէի քրիստոնէական գերեզմանատուները եւ յաջորդ օրուընէ սկսեալ քրիստոնեաները իրենց ննջեցեալները տեղափոխեցին Շէյխ Մաքսուտ գտնուող Ազգ. Գերեզմանատունը:

Գերեզմանատան դարպասին վերեւ, քարի վրայ փորագրուած հետեւեալ արձանագրութիւնը կայ «Է. ի յիշատակ հոգւոյն հանգուցեալ իր հօր Գէորգի եւ իր մօր Մարիամի, շինուեցաւ սոյն դուռն գեղազարդ Ազգ. Գերեզմանատան Հայոց Հալէպի արդեամբ եւ ծախիւք Քիլիսցի Միհ. Մովսէս Գ. Չաղլասեանի, յամի Տեառն 1934 թուին»:

Հալէպի Ազգ. Գերեզմանատան մէջ կը հանգչին համայնքի երեւելիներէն Իշխան Պետիկ Չէլէպի եւ ծնողները՝ Վարդխաթունն ու Կիրակոսը, Յակոբ Օշական եւ Քարէն Եփփէ, ֆետայի Յարութիւն Սարգիսեան (Քեռի Թադօ), Այնթէպի Գոյամարտի հերոսներէն՝ Աւետիս Գալէմքէրեան, ՀՅԴ-ի գործիչ Սահակ Նալպանտեան, ՀՅԴ-ի անդամ Հալէպի հայաշատ թաղերու ինքնապաշտպանութեան հրամանատար Րաֆֆի Պչաքճեան եւ ուրիշներ: Իսկ ուշագրաւ կառոյցներէն են.-

– Ազգ. Գերեզմանատան հիւսիս արեւմտեան կողմը կը գտնուի Ս. Հռիփսիմէ Մատուռը, որուն պաշտօնական հիմնարկէքը կատարուած է 30 Դեկտեմբեր 1962 թուականին, նախագահութեամբ օրուան Առաջնորդ՝ Ղեւոնդ Արք. Չէպէեանի, կառուցուած է 1970 թուականին, արդեամբ՝ հալէպահայ ազգային Գարեգին Եղիայեանի: Մատուռը վերանորոգուած 1980 եւ 1988-1989 տարիներուն:

– Դամբարան Հայ Ծերանոցի: Դամբարանը կառուցուած է 1975-ին արդեամբ եւ ծախիւք ամերիկաբնակ բարերարուհի տիկին Արուսեակ Թոզէեանի, ի յիշատակ իր ողբացեալ ծնողքին՝ Պետրոս եւ Մարիամ Շէլլէֆեաններու եւ համայն Շէլլէֆեան եւ Թոզէեան գերդաստաններու ննջեցեալներուն:

– 1992-ին, մատրան կիցը, արեւելեան կողմը իրագործուած է գեղակերտ «Քահանայից դամբարան»ը, արդեամբ՝ Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի (նախագիծ՝ հալէպահայ ճարտարապետ Հուրի Պարսումեանի, իրագործում՝ հալէպահայ ճարտարապետ Գէորգ Սարգիս): Երկու բաժիններ կ’ընդգրկէ. ստորերկրեայ թաղման սենեակը եւ անոր վրայ բարձրացող յուշակոթողը:

– 24 ապրիլ 1994 թուականին, իրագործուած է Մեծ եղեռնի Նահատակներուն եւ Լիզպոնի Հինգ Քաջամարտիկներուն նուիրուած չքնաղակերտ յուշարձանը, արդեամբ՝ հալէպահայ ազգայիններ Յովսէփ, Կարպիս եւ Վիգէն Գասապեան եղբայրներու (նախագիծ եւ իրագործում՝ հալէպահայ ճարտարապետ Անդրանիկ Մարկոսեանի եւ քանդակներու նախագիծ՝ հալէպահայ արուեստագէտ Զաւէն Պարտաքճեանի):

– 2002-ին կառուցուած է ՀՄԸՄ-ի Վաստակաւոր Գործիչներու դամբարանը:

– 25 ապրիլ 2004-ին, իրագործուած է յուշակոթող մը նուիրուած 1915-ին կախաղան հանուած քսան հնչակեաններու յիշատակին: Յուշակոթողը կառուցուած է մատրան անմիջապէս կիցը՝ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեանի հովանաւորութեամբ, կազմակերպութեամբ՝ ՏՈԵՄ-ի Վարչութեան: Յուշակոթողի վրայ փորագրուած է քսան նահատակներու անունները, անշուշտ քարի վերեւ կանգնած է Փարամազի կիսանդրին:

2011-ին Սուրիոյ ներքաղաքական պատերազմին իբրեւ հետեւանք, եւ 2013 թուականին Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ շրջանին մէջ ծայր առած ընդհարումներուն եւ անոնց շարունակութեան պատճառով, թաղամասին մէջ գտնուող քրիստոնեաներու գերեզմանատուները յայտնուեցան բախումներու վտանգաւոր գօտիի մէջ: Արդարեւ, հայկական երեք գերեզմանները՝ առաքելական, աւետարանական եւ կաթողիկէ կը գտնուին վտանգաւոր գօտիին մէջ: Մեկնելով ստեղծուած վիճակէն, Սուրիոյ կառավարութիւնը, Նոր Գիւղէն չորս քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուոաղ ալ-Ֆուրքան շրջանին մէջ հողատարածք տրամադրեց քրիստոնեաներուն՝ թաղման արարողութիւնները կատարելու համար: Այսպիսով այս գերեզմանատունը կը յամարուի չորրորդ գերեզմանատունը (առժամեայ):

2016 Դեկտեմբերին, Հալէպ քաղաքի ազատագրումով հայեր կարողացան տարիներ ետք իրենց գերեզմանատուները այցելել եւ խունկ ծխել ու մոմ վարել ննջեցեալներուն հոգւոյն: Իսկ երկուշաբթի, 17 Ապրիլ 2017 թուականին, Ս. Յարութեան յաջորդող օրը, Ազգ. Գերեզմանատան մէջ վեց տարի ետք տեղի ունեցաւ Հոգեհանգիստեան Սուրբ պատարագ, հնադիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի: Այսպիսով մեծ թիւով հայեր այցելեցին իրենց ննջեցեալներուն:

Ազգային Իշխանութեան որոշումով ու դասաւորոմով, հաւատացեալներ կրցան իրենց ննջեցեալները մաս առ մաս փոխադրել Շէյխ Մաքսուտ գտնուող Ազգ. Գերեզմանատունը:

9 Օգոստոս 2017 թուականին, հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի տեղի ունեցաւ մատրան վերաօծումը: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց խորանի եւ Ս. Սեղանի լուացումն ու օծումը (ջուրով, գինիով եւ Ս. Միւռոնով):

Արարողութեան ընթացքին Ս. Հռիփսիմէ մատուռը, Առաջնորդ հօր կողմէ նաեւ «Ս. Յարութիւն» անունով կնքուեցաւ, որպէս վկայութիւն յարուցեալով ապրելու եւ յայտարարելու, որպէս ոգիի ստեղծագործութեան գեղեցիկ արտայայտութիւն: Ան նաեւ գեղեցկագոյն յուշարձանն է անոնց, որոնք դարձան զոհը եւ նահատակուեցան ահաւոր պատերազմին: Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հաւաքական հոգեհանգստեան արարողութիւն Սուրիոյ նահատակներուն եւ ազգիս համօրէն ննջեցելոց:

Հալէպի Զարեհեան Գանձատունը հիմնուած է Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող նախկին Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ (1429) կառոյցէն ներս:

Գանձատունը կոչուած է ի պատիւ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ` Զարեհ Եպս. Փայասլեանի (ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, 1915-1963) անուամբ:

Գանձատան պաշտօնական բացումը կատարուած է 7 Մայիս 1991 թուականին, ձեռամբ՝ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն կիլիկիոյ (Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետ), արդեամբ՝ Ֆրանսահայ ազգային բարերար Գէորգ Պագըրճեանի (գեղազարդումի նախագիծ եւ իրագործում՝ հալէպահայ ճարտարապետ Գէորգ Երամեանի): 1991 թուականի սկիզբը, Գանձատունը առաջին անգամ կազմակերպած է հալէպահայ երկրաչափ Հուրի Ազէզեան, ապա շարունակուած է հայրենի արուեստաբան Մանիա Ղազարեանի կողմէ:

Գանձատան մէջ նախ պէտք է ըսել, որ յատկանշական մաս կը կազմէ եկեղեցւոյ երեք խորաններուն պահպանումը, ապա հալէպահայ արհեստաւորներուն աշխատանքները համալրուած են Նոր Ջուղայէն, Հայաստանէն եւ Հայկական Կիլիկիայէն ժամանած հայ ուխտաւորներուն կողմէ Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ նուիրուած արուեստի հիանալի օրինակներով, որոնց գումարուած են Մեծ եղեռնի վաղորդայնին Հալէպ ապաստանած հայ գաղթականներուն կողմէ բերուած աւետարաններ, սկիհներ եւ այլ սրբութիւններ:

Արդարեւ, Զարեհեան Գանձատան մէջ ամփոփուած են աւելի քան 650 թանկարժէք եկեղեցական սպասներ, իրեր, հանդերձներ, աւետարաններ, սրբանկարներ, խեցեղէններ, ասեղնագործութիւններ, գորգեր եւ այլ գանձեր, որոնք կը ներկայացնեն մեր ազգային պատմութեան ու հազարագանձ մշակոյթին թանկագին նշխարները: Անոնց մէկ մասը ընծայաբերուած է Մեծ եղեռնէն ճողոպրած ու Հալէպ ապաստանած հայերու կողմէ, եւ համալրուած է Հալէպի հայ վարպետներու ընտիր գործերով, որոնք կրելով հանդերձ տեղական ազդեցութիւն, պահած են իրենց հայկական ոճը:

Միայարկ եւ փոքր գանձատան կառոյցին մէջ` մեծապէս խիտ կերպով ցուցադրուած այս գանձերը, ցարդ չունին պահեստի կարեւոր բաժին մը, ցուցադրութեան գեղագիտական եւ ապահովական նպատակներով:

Գանձատունը կը ծառայէ նաեւ, իբրեւ ուսումնասիրական կեդրոն:

Հալէպի մէջ տեղի ունեցած մարտերու բերումով ու մանաւանդ Գանձատան շրջանի անապահով վիճակը, պատճառ դարձաւ, որ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդի անմիջական կարգադրութեամբ Զարեհեան Գանձատան մէջ ամփոփուած թանկարժէք իրերը տեղափոխուին այլ վայր:

Ազգային Կեդրոնական Գրադարան: Հայոց Բերիոյ Թեմի Առաջնորդարանին պատկանող Ազգային Կեդրոնական Գրադարանը հիմնուած է 2007 թուականին, բարերարութեամբ՝ Չէմպերճեան եղբայրներու, ի յիշատակ իրենց հօր՝ Յովհաննէս Չէմպերճեանի: Ազգ. Կեդրոնական Գրադարանը կը գործէ իբրեւ մասնագիտական ուսումնասիրական, հայագիտական, կրօնագիտական եւ մշակութային գործունէութիւն ծաւալող կեդրոն: Գրադարանի կարեւոր բաժիններէն է ընթերցասրահը:

Բերիոյ Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի հովանիին տակ կը գտնուի շատ մը նուիրուած կամ կտակ ձգուած հողատարածքներ: Ժամանակի ընթացքին յատկապէս 1990ական թուականներուն Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ իրագործուած են շատ մը կառոյցներ, Կալուածոց Հոգաբարձութեան կողմէ շատ մը շէնքեր բարձրաձած են ազգապատկան հողաշերտերու վրայ: Նոյն Հոգաբարձութեան կողմէ իսկ 1989 թուականին ազգապատկան շէնքերուն հայական անուններ տրուած են:

Ստորեւ կը նշենք այդ շէնքերը.-

1.- «Անի» շէնք, Ազիզիէ շրջանի Քոսթաքի Հոմսի թաղամասի վրայ:

2.- «Գեղարդ» շէնք, Ազիզիէ շրջանի Քոսթաքի Հոմսի թաղամասի վրայ:

3.- «Ելմոնէ Տիգրանեան» շէնք,  Նոր Գիւղի շրջանը, Ճեմարանի կից:

4.- «Գաւուքճեան» շէնք, Նոր Գիւղի շրջանը, Ճեմարանի կից:

5.- Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի կից 10 խանութներ:

6.- «Մարտիկեան» շէնք, Նոր Գիւղի շրջանը, յետագային բլուած եւ կառուցուած «Սիս» շէնքը:

7.- «Արարատ» շէնք, Ազիզիէի շրջանը:

8.- «Սեւան» շէնք, Նոր Գիւղի շրջանը, Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի հանդիպակաց կողմը:

9.- «Կիլիկիա» շէնք, Նոր Գիւղի շրջանը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հանդիպակաց անկիւնը:

10.- «Օշական» շէնք, Նոր Գիւղի շրջանը, Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանին կից՝ հիւսիսային կողմը:

11.- «Աղաւնի Գասպարեան» շէնք, Նոր Գիւղի շրջանը, ՍՕԽաչի Ընկերա-Բժշկական Կեդրոնին անմիջապէս հանդիպակաց կողմը:

12.- «Արցախ» շէնք, Նոր Գիւղի շրջանը, Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանին հանդիպակաց կողմը:

13.- «Սիս» շէնք, Նոր Գիւղի շրջանը, նախկին «Մարտիկեան» շէնքը:

14.- «Ղազար Պետիկեան» շէնք, Ազիզիէի շրջանը: Հանրային մեծ պարտէզի հանդիպակած թաղը: Հին կառոյց է:

 

 Կրթական 

Կրթական բնագաւառին մէջ Բերիոյ Թեմի գործունէութիւնը մեծ եղած է:

Այսպէս, Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եւ նախկին Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու հովանաւորութեամբ, ԺԵ.-ԺԷ. դարերուն գործած է նշանաւոր Դասատունը, որուն կողքին գոյութիւն ունեցած է նաեւ Դպրատուն մը: Հալէպի Առաջնորդներէն Յակոբ Արք. Կարկառեցիի (1633-1640, 1657-1660) կը վերագրուի Դասատան կից հայկական շունչով ազգային վարժարան մը հաստատելու փափաքը:

1840-ական թուականներուն Հալէպի մէջ գործած է հայկական չորս տարրական դպրոց: Իսկ1930-ական թուականներուն գործած են 18, 1946-1947-ին՝ 21, 1972-1978-ին՝ 14, 2000-2001-ին՝ 16 հայկական միջնակարգ եւ տարրական դպրոցներ:

1858-ին, հիմնուած է Հալէպի առաջին հայ Մանկապարտէզը՝ «Ծաղկոց»ը: Ապա, 1867-ին, ակնցի Յովհաննէս Քիւրքճեանօֆի կողմէ հիմնուած է Հալէպի Վարդուհեանց առաջին աղջկանց վարժարանը, որ քանի մը տարուան կեանք ունեցած է:

Դպրատունը վարժարանի վերածուած է Առաջնորդական Տեղապահ Յակոբ Ծ. Վրդ. Արսլանեանի (1872-1876) կողմէ, երբ 1876 թուականին հիմնուած են Ազգային Ներսէսեան երկսեռ վարժարանները՝ դարձեալ Սուրբ Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս: Տեղապահ Մովսէս Ծ. Վրդ. Կէօմրիւքճեան (1876, Առաջնորդ՝ 1888-1889), 1 Նոյեմբեր 1882-ին, կազմած է Տիկնանց Մարիամեան Ընկերութիւնը՝ օժանդակելու համար ազգային վարժարանին: 1898 թուականին, նոյն նպատակով յառաջացած է Դպրոցասէր Տիկնանց Միութիւնը՝ Առաջնորդ Պետրոս Ծ. Վրդ. Ներկարարեանի օրով (1894-1900), որուն նախաձեռնութեամբ 1897 թուականին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կանգնած էր արդէն վարժարանին նորակառոյց շէնքը:

Բերիոյ Թեմի առաջին Ուսումնական Խորհուրդը կազմուած է 1893-ին:

18-րդ դարասկիզբին եւ մինչեւ 1915, Հալէպի մէջ գործած են տասնեակ մը ազգային, համայնքային թէ անհատական վարժարաններ:

Մեծ եղեռնին յաջորդող տարիները կը նկատուին Թեմի կրթական կեանքի բեղուն շրջանը, ի պատիւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն:

1930-ական թուականներուն, Բերիոյ Թեմի մէջ, Ազգ. Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ, գործած են 23 հայկական վարժարաններ, 4101 երկսեռ աշակերտութեամբ եւ 130 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներով: Ասոնց զուգահեռ գործած են միութենական ու համայնքային դպրոցներ եւս:

Պատմական կարեւորութեան համար պէտք է արձանագրել, թէ ըստ 1950-ի տուեալներուն՝ Տաուտիէ թաղամասի Վարդանեան նախակրթարանը ունէր 290 երկսեռ աշակերտութիւն, դաստիարակչական աշխատանքը կը վարէր 11 պաշտօնեաներ: Պարագայ Սիրիէն թաղի Արամեան նախակրթարանը 3 վարժուհիներով կը ղեկավարուէր, որուն աշակերտութեան թիւը հասած է 82-ի: Վէքիլիէ թաղի Կրթասիրաց դպրոցը՝ 475 երկսեռ աշակերտութիւն, 19 կրթական մշակներով: Քաղաքի (Սիսիլի) Կիլիկեան նախակրթարանը՝ 610 երկսեռ աշակերտութիւն եւ 16 պաշտօնեաներ: Նոր-Գիւղի Կիլիկեան վարժարանը՝ 11 հայ պաշտօնեաներով կը վարէ 400 երկսեռ աշակերտութեան կրթական աշխատանքը: Շէյխ Մաքսուտ արուարձանի Արմէնեան նախակրթարանը՝ 82 աշակերտութիւն եւ 4 պաշտօնեաներ: Գերմանիկ թաղի Գերմանիկ դպրոցը՝ 175 աշակերտ, որոնց կրթութիւնը վստահուած է 5 վարժուհիներու: Իսկ Ուսումնասիրաց Լեւոնեան վարժարանը՝ 470 երկսեռ աշակերտութիւն, 19 կրթական մշակներով: Այս վերջինը խառն դպրոց մը եղած է, ուր կը յաճախեն հաւասարապէս հայ եւ աւետարանական համայնքի պատկանող երկսեռ աշակերտներ: Դպրոցը լաւ կազմակերպուած է եւ կրթական տեսակէտով Ազգ. Առաջնորդարանի վերին հսկողութիւնը վայելած է, հետեւաբար կապուած է Ուսումնական խորհուրդի տնօրինութեանց, եւ ատոր կրթական ծրագրով եւ հրահանգով կը ղեկավարուի, ինչպէս հայկական միւս բոլոր վարժարանները: Կրթական բնագաւառի շրջածիրին մէջ անմիջապէս պէտք է աւելցնել, թէ վերոնշեալ ժամանակաշրջանին վերը յիշուած եւ չնշուած բոլոր հայկական վարժարաններու հայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներէ զատ, Սուրիոյ կառավարութիւնը հայթայթած է պետական ուսուցիչներ, արաբերէնի ուսուցման համար:

1960-ական եւ 1970-ական թուականներուն, Հալէպի մէջ առաւելաբար հայաթափումի, իբրեւ հետեւանք՝ շարք մը վարժարաններ փակուած են, օրինակ՝ շէյխ Մաքսուտի Արմենեան վարժարանը (1923-1979), Ազգային Արամեան Երկսեռ վարժարանը (1930-1977), Ազգ. Գերմանիկեան վարժարանը (1937-1974), Ազգ. Վարդանեան վարժարանը (1936-1980), Նոր Գիւղի Կիլիկեան վարժարանը (1945-1964), Ուսումնասիրաց-Լեւոնեան վարժարանը (1945-1964), եւ ուրիշներ:

Թեմի տարածքին, դպրոցաշինութեան գլխաւոր իրագործումները իրականացած են 1950-ական եւ 1960-ական թուականներուն, եւ 1990 թուականէն ետք, ուր դարձեալ նախախնամական դեր ունեցած են ՍՕԽ, ՀԲԸՄ եւ մասնաւորապէս Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը: Վերջինս իր անփոխարինելի դերակատարութիւնը անխափան կը շարունակէ, մեծապէս զօրավիգ կանգնելով հայ դպրոցին, օրինակ, իշխանական բարերարութիւններ կատարած է Հալէպի Ազգ. Կիւլպէնկեան Վարժարանին:

Հայկական վարժարանները կը հետեւին Սուրիոյ կրթութեան նախարարութեան ուսումնական ծրագիրին: Որպէս օտար լեզու, մանկապարտէզը կը կիրարկէ անգլերէն լեզուն, իսկ նախակրթարանն ու միջնակարգը` անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուները:

Միւս կողմէ, կը գործէ Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգ. նախակրթարան վարժարաներ յաճախող աշակերտներու «Մեսրոպ Մաշտոց» մանկապատանեկան երգչախումբը, որ հիմնուած է 1973-ին, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Սուրէն արք. Գաթարոյեանի հովանաւորութեամբ, Ուսումնական խորհուրդի կազմակերպութեամբ:

Երգչախումբը տարեկան շարք մը համերգներով տարբեր երանգ ու շունչ տուած է համայնքին: Երգչախումբը Հալէպէն ներս, թէ դուրս առանցին համերգներուվ եւ երբեմն ալ շատ կարեւոր նախաձերնութիւններու ծրագրին մաս կազմած է:

2012 թուականին Սուրիոյ տագնապին պատճառով երգչախումբը կանգ առած էր: Քանի մը տարի դադարէ ետք Բերիոյ Հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդը, շրջանցելով բոլոր դժուարութիւնները եւ հակառակ Սուրիոյ տագնապին ու անապահով վիճակին վերականգնեց երգչախումբը:

Մարտ 2011 թուականէն սկսած, Հալէպի մէջ եւ այլուր՝ առաւելաբար սուրիական տագնապի հետեւանքով. հայաթափումի, ինչպէս նաեւ անապահովութեան իբրեւ հետեւանք՝ շարք մը վարժարաններ փակուած են կամ տեղափոխուած:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Սուրիոյ տագնապի նախօրէին գործող Ազգ. Վարժարանները:

 

Ազգային Հայկազեան Երկսեռ Վարժարաններ

 Հալէպի պատմական Դպրատունին շարունակութիւնը նկատուող եւ 1876 թուականին հիմնուած Ազգ. Ներսէսեան Երկսեռ Վարժարանները՝ 1919-1920 տարեշրջանին վերաբացուած են, իբրեւ Հայ Ազգ. Երկսեռ Վարժարան եւ 1929-ին՝ վերաշինուած է եւ վերանուանուած է, իբրեւ Ազգ. Հայկազեան Երկսեռ վարժարաններ, որոնց Մանկապարտէզը կը նկատուի 1904 թուականին հիմնուած Ազգային Մանկապարտէզի շարունակութիւնը:

ա.- Աղջկանց Բաժին

1920-1925 թուականներուն՝ գործած է արաբական բակի մը մէջ, ապա 1926-ին՝ տեղափոխուած է Սուրբ Քառասնինց Մանկանց եկեղեցւոյ շրջափակի 1897 թուականին կառուցուած երյարկանի շէնքը, մինչեւ 1959 թուական:

5 Մարտ 1958-ին, որոշուած է սոյն շէնքին հիւսիսակողմը կառուցել աղջկանց բաժինի նոր շէնքը: Նոյն տարին սկսած է շինարարական աշխատանքները՝ աւարտած են 1959 թուականին:

Շուրջ 650 մեթր քառակուսի տարածութեամբ հողամասին վրայ, որ ազգապատկան դարձած է 1960-ին, կանգնած է երկյարկանի շէնք մը՝ ներքնայարկի սրահով (յետագային՝ «Աւետիս Ահարոնեան» սրահ):

1969-1970-ին կառուցուած են երրորդ յարկի 5 դասարանները եւս:

բ.- Մանչերու Բաժին

1920-ական թուականներու սկիզբը, տղոց բաժինը Սուրբ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջափակէն տեղափոխուած է Սալիպէ թաղամասին մէջ գտնուող «Ղազէլէ» ընտանիքին արաբական բակը:

1950-ին կալուածին կէսը ազգապատկան դարձած է, իսկ 1974-ին, շէնքը ամբողջութեամբ պետականացած է ու յանձնուած Հնագիտական կառոյցներու Տնօրէնութեան հսկողութեան:

1990-1991 ուսումնական տարեշրջանին մանչերու բաժինը կը տեղափոխուի Հալէպի նախկին հրշէջներուն կից գտնուող՝ «Կենաց» Վարժարանը: 2004-2005 ուսումնական տարեշրջանին կը միանան աղջկանց բաժինի հետ եւ այսպէս Հայկազեան վարժարանի նախակրթարանի աշակերտութիւնը համախմուելով «Սահէթ Ֆարհաթ»ի աղջկանց բաժինի շէնքը, տարիներ ետք կը դառնան իսկապէս երկսեռ վարժարան:

2012-ին Հալէպի մէջ ծայր արած բուռն բախումներու պատճառով Հայկազեան վարժարանի շէնքի վայրը կը դառնար բացարձակ անապահով, ուստի Ազգ. Իշխանութեան որոշումով աշակերտութիւնը կը տեղափոխուի համեմատաբար աւելի ապահով նկատուած վայր՝ Սիւլէյանիէ գտնուող Ազգ. Կիւլպէնեան Վարժարանի շէնքը:

Այնուհետեւ, տագնապի շրջանին հետզհետէ աշակերտութեան թիւի նուազումով Ազգ. Կիւլպէնկեան Վարժարանի շէնքին մէջ գործող նախակրթարանի Ազգ. չորս վարժարանները նախ երկու-երկու կը միանան, այսպէս՝ Հայկազեան-Կիւլպէնկեան եւ Զաւարեան-Սահակեան, իսկ Ազգ. Իշխանութեան որոշումով 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանին վարժարանը կը միանայ Ազգ. Զաւարեան, Ազգ. Կիւլպէնկեան եւ Ազգ. Սահակեան նախակրթարան վարժարաններուն եւ կը կազմեն Ազգ. Միացեալ Նախակրթարան վարժարան:

գ.- Ազգային Հայկազեան Մանկապարտէզ

Հալէպահայութեան առաջին մանկապարտէզը: Մինչեւ 1959-ին գործած է Սուրբ Քառասնինց Մանկանց եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս՝ 1853-ին (անցեալի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի կեդրոն բաժինի սրահ կամ «Նիկոլ Աղբալեան» սրահը) կառուցուած սրահներուն ու յարակից սենեակներուն մէջ:

1959-1980-ին գործած է համանուն վարժարանի աղջկանց բաժինի նախկին շէնքին մէջ:

1981-էն մինչեւ Սուրիոյ պատերազմի սկիզբը կը գործէ «Ելմոնէ Տիգրանեան» շէնքէն ներս, որուն պարտէզի բաժինը եւս տրամադրուած է մանկապարտէզին՝ իբրեւ բակ եւ խաղավայր:

2012 թուականին Հալէպի տագնապին արդիւնքով մանկապարտէզի բաժինը կը տեղափոխուի նոյնպէս Ազգ. Կիւլպէնկեան շէնք եւ 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանին վերը նշուած երեք Ազգ. մանկապարտէզներուն հետ միանալով կը կազմէ Ազգ. Միացեալ Մանկապարտէզ:

Ըստ 1950-ի տուեալներուն Ազգ. Հայկազեան նախակրթարանը ունէր 700 երկսեռ աշակերտութիւն, 28 պաշտօնեաներով:

2004-2005 ուսումնական տարեշրջանին նախակրթարանի զոյգ վարժարանները միացուեցան Աղջկանց բաժնի մէջ, որ կը գտնուէր Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

Վարժարանը գործած է վեցամեայ նախակրթարանի բաժինով:

2012-ին Հալէպի մէջ սկիզբ առած պատերազմով Վարժարանի վայրը կը դառնայ հրթիռակոծումներու թիրախ եւ ինքնաբերաբար անապահով, այդ պատճառով աշակերտութիւնը կը տեղափոխուի համեմատաբար աւելի ապահով նկատուած Ազգ. Կիւլպէնկեան Վարժարան: Քանի մը տարիներու թաւալումով աշակերտութեան թիւը կը նօսրանայ: Այնուհետեւ, Ազգ. Իշխանութեան որոշումով 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանին վարժարանը՝ երեք այլ Ազգային նախակրթարան վարժարաններուն հետ միասին կը կազմէ Ազգ. Միացեալ Նախակրթարան վարժարան:

 

Ազգային Մեսրոպեան Երկսեռ Վարժարան

Հիմնուած է 1923-ին, Հալէպի Րամ հայկական հիւղաւանին մէջ, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ կից՝ իբրեւ «Քէմփի դպրոց», ապա՝ Քէմփի Մեսրոպեան Երկսեռ վարժարան: 1936 թուականին, տեղափոխուած է Նոր Գիւղ, մինչ 1943 թուականին օժտուած է վերանորոգուած նոր շէնքով՝ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս: Գործած է վեցամեայ նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի բաժիններով՝ տեղադրուած երկու անջատ շէնքերու մէջ:

Ըստ 1950-ի տուեալներուն Մեսրոպեան նախակրթարանը 430 երկսեռ աշակերտութեան կրթութիւնը կ’ապահովէր14 պաշտօնեաներով:

28 նոյեմբեր 2003-ին, հովանաւորութեամբ Թեմի Առաջնորդ Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի, արժանավայել շուքով նշած է վարժարանի հիմնադրութեան 80-ամեակը:

Յետագային Վարժարանի աշակերտութեան թիւի նօսրացումով կ’որոշուի փակել վարժարանը:

2011-ին սկիզբ առած Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի շրջանը եղաւ անապահով: Այնուհետեւ, 2012 Հոկտեմբերին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ բաւական լուրջ վնասներ կը կրէ Ազգային Մեսրոպեան վարժարանը՝ իր մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով:

 

Ազգային Զաւարեան Երկսեռ Վարժարան

Հիմնուած է 1925 թուականին Հալէպի Րամատանիէ շրջանի Ե. Հիւղաւանէն ներս՝ վարձու տաղաւարի մը մէջ, իբրեւ Ներսէսեան Վարժարան: 1932 թուականին վարժարանին մէկ մասը փոխադրուած է Նոր Գիւղի «Չափահաս Որբերու Կայան»ը, հուսկ երկու բաժինները մէկտեղուած են Նոր Գիւղ:

15 օգոստոս 1936 թուականին, վարժարանը վերահաստատուած է, իբրեւ Ազգ. Զաւարեան Վարժարան, եւ 1965 թուականին, 766 մեթր քառակուսի տարածութեամբ հողամասի վրայ օժտուած է արդիական շէնքով. ունի նաեւ թատերասրահ՝ 300 աթոռներով, բեմ եւ բեմական ու յարակից յարմարութիւններ:

Վարժարանը գործած է վեցամեայ նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի բաժիններով:

Ըստ 1950-ի տուեալներուն Ազգ. Զաւարեան վարժարանը ունէր 490 երկսեռ աշակերտութիւն եւ 17 դաստիարակներ:

1939-ին հաստատուած Զաւարեան գրադարանը տասնեակ տարիներ ծառայած է մշակութային առաքելութիւնը:

Վարժարանը 2010-ին կ’ունենայ Շրջանաւարից միութիւն:

Սուրիոյ պատերազմի պատճառով Վարժարանի վայրը մէկ կողմէ կը դառնայ անապահով, իսկ միւս կողմէ աշակերտութեան թիւը կը նօսրանայ:

Ազգ. Իշխանութեան որոշումով 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանին վարժարանը կը միանայ երեք այլ Ազգային նախակրթարան վարժարաններուն հետ, կազմելով՝ Ազգ. Միացեալ Նախակրթարան վարժարան: Իսկ Մանկապարտէզն ալ նոյնպէս

 

Ազգային Սահակեան Երկսեռ Վարժարան

Հիմնուած է 1927 թուականին, Րամատանիէ շրջանի հայկական հիւղաւաններուն մէջ իբրեւ Սահակեան վարժարան, պրազիլահայոց ու հնդկահայոց նիւթական օժանդակութեամբ:

1932-ին փոխադրուած է Նոր Գիւղ: 1962 թուականին կառուցուած է դպրոցին նոր շէնքը, 850 մեթր քառակուսի տարածութեամբ հողամասին վրայ, իսկ 1995 թուականին արդիական մանկապարտէզը՝ որուն պաշտօնական բացումը կատարուած է 16 ապրիլ 1996 թուականին, ձեռամբ՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի: Զոյգ շէնքերը կը գտնուին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից: Ներկայիս կը գործէ վեցամեայ նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի բաժիններով՝ տեղադրուած երկու անջատ շէնքերու մէջ:

Ըստ 1950-ի տուեալներուն Ազգ. Սահակեան վարժարանը ունէր 475 երկսեռ աշակերտութիւն, 17 հայ պաշտօնեաներ կը վարեն կրթական գործը:

Վարժարանը կը գործէ վեցամեայ նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի բաժիններով:

Վարժարանը 2011-ին կ’ունենայ շրջանաւարից միութիւն:

Հալէպի մէջ սկիզբ առած պատերազմով Վարժարանի վայրը կը դառնայ անապահով, իսկ միւս կողմէ աշակերտութեան թիւը կը նօսրանայ:

Այնուհետեւ, Ազգային Իշխանութեան որոշումով 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանին վարժարանը՝ երեք այլ Ազգային նախակրթարան վարժարաններուն հետ միասին կը կազմէ Ազգ. Միացեալ Նախակրթարան վարժարան: Իսկ Մանկապարտէզը, նոյնպէս այլ Ազգային Մանկապարտէզներուն հետ միասին՝ Ազգ. Միացեալ Մանկապարտէզ:

 

Ազգային Կիւլպէնկեան Երկսեռ Վարժարան

Սիւլէյմանիէ թաղամասին մէջ գտնուող Ազգ. Կիւլպէնկեան Վարժարանը Հիմնուած է 22 Սեպտեմբեր 1930-ին, որպէս Պօղոս Կիւլպէնկեան վարժարան, արդեամբ՝ լոնտոնաբնակ ազգային բարերար Ներսէս Կիւլպէնկեանի: 1940 թուականին անցած է Ազգ. Առաջնորդարանի հովանաւորութեան տակ: 1936-1945 տարիներուն դպրոցէն ներս գործած է նաեւ Սերովբէ Կիւլպէնկեան Արհեստից Վարժարանը:

Ըստ 1950 թուականի տուեալներուն Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանը ունէր 225 աշակերտութիւն եւ 9 պաշտօնեաներ:

Ազգ. Կիւլպէնկեան Վարժարանի շէնքը փոքր ըլլալուն պատճառով Ազգ. Իշխանութեան որոշումով վարժարանը կը տեղափոխուի քանի մը թաղ անդին աւելի մեծ հողատարածք: Իսկ հին վարժարանի շէնքը բլելով կը վերակառուցուի իբրեւ «Սիմոն Վրացեան» Կեդրոն:

1997-ին, նոր հողատարածքի վրայ վարժարանը կ’օժտուի արդիական գեղակերտ շէնքով, ուր Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողքին, նիւթաբարոյական իշխանական ներդրում ունեցած են հալէպահայ ազգային բարերարներ՝ Պարգեւ Պիւլպիւլեան եւ Մանասէ Պապեան, որ կ’ընդգրկէ նաեւ հսկայ հանդիսասրահ: Պաշտօնական բացումը կատարուած է 13 Յունիս 1997 թուականին, ձեռամբ՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի: Կը գործէ վեցամեայ նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի բաժիններով:

Սուրիոյ պատերազմը պատճառ կը հանդիսանայ, որ Ազգ. այլ վարժարաններ գտնուին անապահով վայրի մէջ: Հետեւաբար, Ազգային իշխանութեան անմիջական որոշումով երեք նախակրթարան վարժարաններ ու անոնց մանկապարտէզները եւ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանը իրենց ուսումնական տարեշրջանները կը շարունակեն Ազգային Կիւլպէնկեան Վարժարանի շէնքին մէջ: Վերջապէս աշակերտութեան թիւի նօսրացումով՝ Ազգ. Իշխանութեան որոշումով 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանին չորս նախակրթարան վարժարաններ ու անոնց մանկապարտէզներն ալ առանցին միանան: Նախակրթարանը կը կազմէ՝ Ազգային Միացեալ Նախակրթարան վարժարան, իսկ մանկապարտէզներն ալ՝ Ազգային Միացեալ Մանկապարտէզ:

 

Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարան

Կը հանդիսանայ Հալէպի առաջին հայկական երկրորդական վարժարանը, եւ ուրոյն տեղ կը գրաւէ սփիւռքահայութեան կեանքին մէջ:

Հիմնուած է 1947 թուականին, նախաձեռնութեամբ օրուան Առաջնորդ Զարեհ Եպս. Փայասլեանի (յետագային Զարեհ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ), Նոր Գիւղի մէջ դանիացի հայասէր օր. Քարէն Եփփէ Ազգ. Առաջնորդարանին կտակած հողամասին վրայ:

1947-1948 ուսումնական տարեշրջանին ունի 22 աշակերտ(ուհի), մէկ դասարան, 2 այցելու եւ 3 մնայուն ուսուցիչ:

1948-ի նոյեմբերին կը կազմուի ճեմարանի առաջին Խնամակալութիւնը կրթական ու վարչական պատասխանատուութեամբ:

1948-1949 ուսումնական տարեշրջանին ունի 49 աշակերտ(ուհի), երկու դասարան:

1949-1950 ուսումնական տարեշրջանին Ճեմարանի Խնամակալութիւնը եւ Ուսումնական Խորհուրդը Ճեմարանին իբրեւ ծրագիր կ’որդեգրեն ֆրանսական թեքումով գիտական պաքալորիան, այսինքն մինչեւ 12-րդ կարգ: Հետեւաբար, վեցամեայ ընթացք մը: Վերջին երկու կարգերուն գիտական պաքալորիայէն կը բաժնուի հայագիտական ճիւղ մը:

Ֆրասերէնով գիտական դասեր կ’ուսուցանուին: Բոլոր դասարաններուն կը տրուի արաբերէն:

Նոյն տարեշրջանին Ճեմարանը կ’ունենայ նաեւ նախապատրաստական կարգ մը՝ 6-րդ կարգը, ուր կը մտնեն յետ մուտքի քննութեան 7-րդ կարգ մտնելու անպատրաստ նկատուած աշակերտ-աշակերտուհիները:

1952-1953 ուսումնական տարեշրջանին Ճեմարանը կու տայ պաքալորիայի իր առաջին հունձքը՝ երկու հայագիտական, երեք գիտական:

Ճեմարանը առաջին տարուընէ կ’ունենայ աշակերտ-աշակերտուհիներ նաեւ Սուրիոյ տարբեր շրջաններէ:

Անոնց թիւին յաւելումն ու շրջաններէն եկող պահանջքը նկատի ունենալով Ճեմարանի Խնամակալութիւնը կը բանայ գիշերօթիկ բաժին մը՝ այրիանոցի քանի մը շէնքերը օգտագործելով: Ս.Օ.Խաթո կը հոգայ սնունդը, կը հսկէ ու կը մատակարարէ Տիկնանց Խնամակալութիւն մը:

1953-1954 ուսումնական տարեշրջանին ֆրանսական թեքումով պաքալորիայի ծրագրին կողքին կ’որդեգրուի պետական ծրագիրը, որուն համար կը ստեղծուի առանձին բաժանում մը:

1955 թուականին ճեմարանի կից կառուցուած է «Ելմոնէ Տիգրանեան» եռայարկ շէնքը, շրջափակի հարաւ արեւելեան անկիւնը: Տիգրանեան շէնքի գետնայարկը ունի ընդարձակ սրահ ու երկրորդ սրահ մը, որ կը յատկացուի դպրոցի գրադարանին: Երկրորդ յարկին վրայ կը գտնուի տարալուծարանը, ու շարք մը դասարաններ: Երրորդ յարկը կը յատկացուի գիշերօթիկ ուսանողներուն:

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հաստատութեան կողմէ 1965-ին կը կառուցուի ճեմարանի առաջին երկյարկանի մասնաշէնքը: 1973-ին Կիւլպէնկեան Հաստատութիւնը վերոնշեալ մասանաշէնքին վրայ կը կառուցէ երրորդ յարկ մը:

Աշակերտութեան թիւի յաւելումով 1986-ին կը կառուցուի ճեմարանի նոր եռայարկ մասնաշէնք մը բաղկացած, ներքնայարկը սրահ, գետնայարկը՝ աշակերտներու փոխադրակարգերու կառատուն ու մարզական սենեակներ: Իսկ վերի երկու յարկերը՝ դասարաններ ու տարրալուծարան: Տարալուծարանը «Տիգրանեան»է կը փոխադրուի նոր շէնք:

Ճեմարանի շէնքերը, շրջափակով ամբողջ կառոյցը տարիներու ընթացքին միշտ բարեզարդումներու եւ վերանորոգութիւններու ենթարկուած է: 1991 թուականին շրջափակը ամբողջութեամբ հարթուած ու ասֆալթուած է: Առաջին մասնաշէնքի մուտքի երկու կողմերուն զետեղուած են Քարէն Եփփէի եւ Զարեհ Կաթողիկոսի, իսկ երկրորդ յարկի բազրիքին վրայ Սուրիոյ հանգուցեալ նախագահ Հաֆէզ ալ-Ասատի կիսանդրիները:

Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանը կը ղեկավարուի Խնամակալութեան կողմէ, որ կը նշանակուի Ազգ. Վարչութեան կողմէ:

1954-ին Ճեմարանի շրջանաւարտներու կողմէ հիմնուած է ճեմարանի գրադարանը «Տիգրանեան»ի մէջ: 1992 թուականին ճեմարանի բակին հիւսիս-արեւելեան անկիւնը կառուցուած ազգապատկան «Օշական» շէնքի գետնայարկը բակին նայող սրահներէն մէկը յատկացուեցաւ գրադարանի: Հետեւաբար գրադարանը «Տիգրանեան»էն փոխադրուեցաւ հոն: Շուրջ 10.000 գիրք պարունակող գրադարանը կոչուեցաւ «Սիմոն Վրացեան»:

1997-ին, շրջափակէն ներս Զարէհ Ա. Կաթողիկոսի եւ օր. Քարէն Եփփէի կիսանդրիներուն կողքին, իրագործուած է Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի նուիրուած որմնաքանդակը, որուն պաշտօնական բացումը կատարուած է 11 Յունիս 1997-ին, ձեռամբ՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի (նախագիծ եւ իրագործում՝ հայրենի արուեստագէտներ Մկրտչեան եղբայրներու, արդեամբ՝ հալէպահայ  Ռաֆֆի եւ Վիգէն Շառոյեան եղբայրներու):

Տարիներու ընթացքին աշակերտութեան թիւը հասած է մինչեւ 1200-ի, սակայն Սուրիոյ պատերազմի պատճառով թիւի անկում արձանագրած է: Այսպէս, ըստ 1950-ի տուեալներուն Քարէն Եփփէ Ազգ. ճեմարանը ունէր 63 երկսեռ աշակերտութիւն, 12 պաշտօնեաներով:

1950-1951-ի ուսումնական տարեշրջանի տուեալներով Ճեմարանը ունէր 89 երկսեռ աշակերտութիւն: 1954-1955 ուսումնական տարեշրջանին՝ 175 աշակերտ: 1960-1961 ուսումնական տարեշրջանին` 310 աշակերտ: 1968-1969 ուսումնական տարեշրջանին՝ 585 աշակերտ: 1991-1992 ուսումնական տարեշրջանին՝ 1115 աշակերտ: Իսկ Սուրիոյ պատերազմի պատճառով աշակերտութեան թիւը տարիներու ընթացքին շատ ցայտուն ձեւով կը նուազի, հետեւաբար 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանին աշակերտութեան թիւը կը հաշուէ 368, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու թիւը՝ 37, 11 վարչական գործով զբաղողներ, իսկ 4 հոգի ալ ծառայութեան աշխատանքի պաշտօնեայ:

Ճեմարանը իր պատմութեան ընթացքին հրատարակչական հարուստ պատմութիւն ունեցած է:

Ճեմարանի աշակերտութիւնը զանազան առիթներով, տարբեր-տարբեր պարպերաթերթեր հրատարակած է: Այսպէս, 1953-1957 թուականներուն հրատարակուած է «Բամբիռ» պարբերաթերթը: Մարտ եւ Ապրիլ 1958 թուականին կը հրատարակուի Ը կարգի աշակերտներու կողմէ պատրաստուած «Պարման» պարբերաթերթը: Իսկ 1961-1964 թուականներուն ԺԲ կարգի աշակերտներու նախաձեռնութեամբ լոյս կը տեսնէ «Ծիլեր» թերթը, 7 թիւ: «Ծիլեր», վեց տարի դադարէ ետք 1971 թուականին, տարեկան երկու թիւով, մեքենագիր բազմագրեալ լոյս կը տեսնէ, մինչեւ 1988: Իսկ անկէ ետք տպագիր՝ մէկ թիւով: 1982-1983 ուսումնական տարեշրջանին ԺԱ կարգի Ա բաժանումի աշակերտներու կողմէ լոյս կը տեսնէ «Մոլորակ» պարբերաթերթը: Առաջին թիւը լոյս տեսած է նոյեմբեր 1982 թուականին, երկրորդ թիւը, նոյն տարեշրջանին, իսկ երրորդը՝ 1983-ին:

Հրապարակուած է «Տարեգիրք» Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի (1999), (2000), (2001), (2002), (2003), (2003-2004, 2004-2005), (2005-2006, 2006-2007), (2007-2008) եւ (2008-2009, 2009-2010) ուսումնական տարեշրջաններուն:

1947 թուականէն ի վեր կը գործէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութիւնը:

11 Յուլիս 1997 թուականին, Ճեմարանի հիմնադրութեան 50-ամեակին առիթով լոյս տեսած է Յուշամատեան (խմբագիր՝ Յակոբ Չոլաքեան):

Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանը հայադրոշմ ազգաշունչ դիմագիծը վառ պահելու եւ սերունդներու հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու միտումով, մեծ կարեւորութիւն կու տայ հայ լեզուի դասաւանդման եւ հայոց փառապանծ մշակոյթի ու պատմութեան ճանաչման:

Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի վայրը՝ Նոր Գիւղ շրջանը 2012-ին Հալէպի մէջ սկիզբ առած պատերազմով կը դառնար հրթիռակոծումներու թիրախ եւ բացարձակ անապահով: Հետեւաբար, Ազգային իշխանութիւնը 1000-ի հասնող ճեմարանական աշակերտներու կեանքը վտանգի չենթարկելու համար, պատերազմի առաջին տարին վարժարանի ուսումնական ընթացքը շարունակեց համեմատաբար աւելի ապահով նկատուած երկու վայրեր՝ 7-րդ կարգէն 11-րդ կարգը Ազգ. Կիւլպէնկեան Վարժարան, իսկ 12-րդ (պաքալորիա) կարգի աշակերտները «Սիմոն Վրացեան» Կեդրոն: Իսկ 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանին աշակերտութեան թիւի նուազումով, 12-րդ կարգի աշակերտներն ալ կը միանան Ազգ. Կիւլպէնկեան Վարժարան:

Տարիներ ետք, Հալէպի ազատագրումով՝ 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանի աւարտին Միջնակարգի (Պրովէ) եւ Երկրորդականի (Պաքալորիա) հանդէսները տեղի ունեցան Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի շրջափակին մէջ, վերականգման նշոյլներ տալով:

2017-ի ամրան ԱզգԱՅԻՆ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի մասնաշէնքի վերանորոգումներու աշխատանքները ընթացք առին եւ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ աւարտեցան:

Այնուհետեւ, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի 2017-2018 ուսումնական տարեշրջանի վերամուտի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի ձեռամբ, քահանայից դասուն եւ աշակերտներուն մասնակցութեամբ: Կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն, ապա Սրբազան Հայրն ու քահանաները օծեցին Ճեմարանի վերանորոգուած մասնաշէնքը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles