ԽԱՆԱՍՈՐԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔԻ ՀԵՐՈՍՆԵՐԷՆ՝ ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ ԶՕՐԵԱՆ (ԿԱՐՕ)

0 0
Read Time:10 Minute, 17 Second

karadolian article garo

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ
Էլի՛ մի զոհ… Խանասորի վրիժառական արշաւանքին զոհուած անմոռաց Արիսի մահուան առթիւ որդեկորուստ մայրը լալով կ’ըսէ…: ,Լացէ՛ք, այս արցունքները պարծանքով կը լեցնեն ձեր սիրտը, այդ մահը նոր կեանք կը տարածէ, նոր սիրտ ու խրախոյս կը ներշնչէ ձեզ: Հպարտութեամբ դիտում էք դուք, թէ ինչպէս ձեր զինուոր-եղբայրները հայրենիքի պատիւը պաշտպանելով, զէնքը ձեռքին դիւցազնաբար մեռնում են հարազատ հողի գրկում…ե:
Արիստակէս Զօրեան (Կարօ) կրտսեր եղայրն էր Ռոստոմի: Ծնած էր Գողթնի Ցգնա գիւղը 1871ին: Փոքր տարիքէն եղած է կամքի տէր, վճռական, յանդուգն եւ անկախ: Վախն ու փոքրութիւնը, վհատութիւնն ու վարանումը իրեն համար եղած է անընդունելի: Իր կեանքի ընթացքին, խօսքը միշտ վերածած է գործի: 1890-ի, երբ հայ երիտասարդութիւնը կը պատրաստուէր յեղափոխութեան, պաշտպանելու Հայրենիքի անարգուած պատիւը, ամոքելու Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ապրող իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն տառապանքը, հայ ընտանիքի բռնաբարուած պատիւը, դարերու ընթացքին հայ անհատի մտքին ու հոգիին մէջ արմատացած ստրկութեան ոգին արմատախիլ ընել: Կարօն, չէր հանդուրժեր եւ կը ձգտէր կատարուող բոլոր անիրաւութեան դէմ բողոքել, եւ պաշտպանել իր անիրաւուած եղբայրներուն ու քոյրերուն մարդկային տարրական իրաւունքները: Եւ այդ հեռանկարով կը ձգէ իր ուսումը ու կը մտնէ նոր հիմնուած ,Կովկասե զինագործարանը, ուր, շուտով կ’իւրացնէ զինագործութիւնը: Ապա, ձգելով զինագործարանը, կþանցնի Պարսկաստան (Թաւրիզ) ու կը մտնէ Դաշնակցութեան նոր հաստատած զինագործարանը:
1896ին, կþորոշէ Պարսկաստանէն դէպի երկիր զէնք փոխադրել, պարսիկ սահմանապահ զինուորներու կողմէ կը ձեռբակալուի ու կը յանձնուի ռուս կառավարութեան: Սակայն կէս գիշերին երբ պահակները խոր քունի մէջ կը մռափէին, կը խորտակէ բանտին պատուհանին փեղկը, զէնքը ու կապոցը առնելով մթութեան մէջ կը կորսուի: Մի քանի անգամ կը ծրագրէ անցնիլ երկիր: Սակայն, զինագործ ընկերներուն յորդորներուն անսալով կը մնայ զինագործարան, նկատի ունենալով գործի շահերը, եւ մանաւանդ իր մոլեգին բնաւորութիւնը: Բայց երբ արշաւանքի ծրագիրը ի յայտ կու գայ, կþորոշէ ամէն գնով մասնակցիլ, ,ո՛չ մի ուժ, ո՛չ մի ընկերական յորդոր կը կարողանան զինք ետ պահել իր որոշումէն, կþառարկէ ըսելով.- “Մինչեւ օրս ես ուրիշների համար էի հրացան պատրաստում, այժմ ես ինքս պիտի գործածեմ“:
1895-96 Համիտեան ջարդերուն, Վասպուրականի շուրջ երկու հարիւր հայաբնակ գիւղերը կողոպտուած ու ջարդուած էին, բայց Վանը զերծ մնացած էր ընդհանուր կոտորածէն, իր մասնաւորաբար դիրքին եւ երեք կուսակցութիւններու զինեալ մարտիկներու ներկայութեան պատճառով:
Վան քաղաքը բաժնուած էր երկու մասերու.- Քաղաքամէջ՝ առհասարակ բնակուած թուրքերով, եւ Այգեստան՝ զուտ հայաբնակ:
Վանի ինքնապաշտպանութեան հայ մարտական խումբերու հրամանատարն էր Արմենական կուսակցութեան ղեկավար՝ Մկրտիչ Աւետիսեան, օգնականներ ունենալով Դաշնակցական Պետոն եւ Հնչակեան Մարտիկը: Վանի Անգլիոյ հիւպատոս Ուիլիըմսընի խաբեպատիր խոստումներուն եւ յորդորներուն անսալով, որոշուեցաւ հայ կռուող մարտիկները, իրենց զէնքերով ապահով Պարսկաստան պիտի անցնին: Սակայն կռիւներու վերջին գիշերը խորհրդակցական հանդիպում մը տեղի կ’ունենայ երեք կուսակցութեանց մարտական ներկայացուցիչներու միջեւ: Դաշնակցականները ու Հնչակեանները կը մերժեն այդ իրիկուան դուրս գալ քաղաքէն. անոնք կը մտածէին նոյնիսկ Պարսկաստան երթալու տեղ գիւղերէն ներս քաշուիլ, որովհետեւ կառավարութիւնը իր ամբողջ զօրքը կեդրոնացուցած ըլլալով, գաւառներու մէջ կարելի էր մեծ թիւով նոր կոտորածներ սարքել: Արմենականները իրենց ղեկավար Մկրտիչեանի առաջնորդութեամբ արդէն սկսած էին բարձրանալ Վարագայ սարը, եւ ուրեմն կարելի չեղաւ իրագործել այդ ծրագիրը: Շրջանի կռիւներու լուրը հազիւ ստացած, Սալմաստի մէջ Նիկոլ Դուման եւ ուրիշներ տենդագին աշխատանքի կը լուծուին խումբեր կազմելու, օգնելու համար Վանի ինքնապաշտպանութեան մարտիկներուն: 200 հոգի կազմ ու պատրաստ է, ճամբայ կþելլեն դէպի թրքական սահմանը: Բայց արդէն ուշ է: Խաբէութեամբ մը երեք կուսակցութիւններու մարտիկները իրենց ղեկավարներու հետ դէպի Պարսկաստան Սուրբ Բարթողիմէոսի վանքին մօտ Քիւրտ Մազրիկ ցեղախումբ կողմէ պաշարուելով, քաջաբար կռուելով գրեթէ բոլորն ալ կը զոհուին: Օգոստոս 10, 1896, Սալմաստէն “Դրօշակ“ի խմբագրութեան ուղղարկած իր նամակին մէջ, Նիկոլ Դուման կը գրէ հետեւեալը Վասպուրականի կոտորածին մասին.- “Վանից մեր ստացած եւ արդէն ձեզ ուղղարկուած նամակից ու թղթակցութիւններից կը տեսնենք, որ քարուքանդ է դարձել ամբողջ Վասպուրականը: Վանայ զուտ յեղափոխականները լիուլի ջարդուած, գաւառները աւերակ, երկիրը կողոպուտի մատնուած, կոտորածի ամենաքիչ 20,000: Այդչափ դառն եւ տխուր է իւրողութիւնները“:
1897ի տարեսկիզբը Թիֆլիսի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. Ռայոնական ժողովին Նիկոլ Դումանի ներկայացուցած վրիժառական արշաւանք մը կազմակերպելու գաղափարին համաձայն չէին, Իշխան Յովսէփ Արղութեանի, Վարդանի եւ Վազգէնի տարողութեամբ հեղինակաւոր գործիչներ, որոնք Երկրին մէջ, Վասպուրականի տարածգին, յեղափոխական առաջին կառոյցներու եւ Դաշնակցութեան կուռ կազմակերպութեան ստեղծման ռահվիրաները եղած էին: Անոնք կը նախընտրէին զինական թէ մարդկային ուժերը խնայողաբար գործածել, շարունակել լուռ եւ անաղմուկ կազմակերպչական աշխատանքը ու նոր թափ տալ երկրի զինման եւ մարտական ուժեղացման աշխատանքներուն՝ խուսափելով ցուցական քայլերէ, որոնք մեծ քաղաքներուն մէջ աւելի ազդու կրնային ըլլալ: Մանաւանդ որ նոր պատահած էր Պանք Օթոմանի գրաւումը: Թէեւ ոչ ոք վիճելի կը նկատէր հայոց ազգային ազատագրական պայքարի կենսունակութիւնն ու մարտունակութիւնը վերահաստատելու հրամայականը, այսուհանդերձ՝ կային հիմնական առարկութիւններ նպատակայարմարութեան եւ, ինչու չէ, նաեւ յաջողելու հաւանականութեան հանդէպ: Բայց Նիկոլ Դումանի երկաթեայ տրամաբանութիւնը անգամ մը եւս պարարտ հող կը գտնէ ժողովին մէջ: Ան կրցած էր վրիժառական արշաւախումբի գաղափարին շուրջ համախոհութիւն առաջացնել, պատժել քիւրտ Մազրիկ ցեղախումբը, եւ իր ղեկավար Շարաֆ Պէյը, որ արիւնարբու Սուլթան Համիտի կազմած քրտական Համիտէի զօրքին հրամանատարն է, որոնք տարի մը առաջ ուղղակի կոտորածի ենթարկած էին, Վանէն քաղաքական որոշումով դէպի Պարսկաստան ուղուող Արմենական Աւետիսեանի, Դաշնակցական Պետոյի եւ Հնչակեան Մարտիկի աւելի քան երեք հարիւր մարտիկներ ու անզէն տղաք:
Դաշնակցութեան Վիեննայի Չորրորդ ընդհ. Ժողովն ալ ի նպաստ արշաւանքի որոշում տուած ըլլալով, Բիւրոն Յարութիւն Շահրիկեանը ղրկեց Սալմաստ, արշաւանքի պատրաստութիւնները տեսնելու: 1897ի գարնան երբ ձիւները սկսած էին հալիլ, տենդագին պատրաստութիւններ սկսան տեսնուիլ արշաւանքին համար: Ատրպատականի բոլոր ուժերը կեդրոնացան Սալմաստ: Թաւրիզէն կը ժամանեն Թորոսը, Սամսոնը, Արղութեանը, բժիշկ Օհանեանը, Կարօն, Դումանը, Վարդանը, Փոխիկը, Արամայիսը, Ախպէրը, Սեւքարեցի Սագօն եւ ուրիշներ: Յեղափոխական լուսաւոր դէմքերէն եւ արշաւախումբի մասնակցած Գալուստ Ալոյեան, հայդուկներու հերոսական խոյանքէն եւ արշաւանքի յաղթանակէն ոգեւորուած ու ներշնչուած, կը գրէր իր սրտաբուխ եւ ազգայնաշունչ բանաստեղծութիւնը ,Կարկուտ Տեղաց Խանասորայ Դաշտումըե, որ ամբողջութեամբ նկարագրութիւնն է արշաւանքին: Յետագային Կարվարենց անոր երաժշտութիւնը կը Նօթագրէ եւ կը յղկէ: Ահա 119 տարի է, որ հպարտութեամբ կը հնչէ իրարայաջորդ սերունդներու շրթներէն:
Արշաւախումբը կազմուած էր 253 դաշնակցական մարտիկներէ, որոնց քառասունը՝ ձիաւոր: Թէպէտեւ վրիժառական արշաւանքին մտայղացումը Նիկոլ Դումանինն էր եւ ամենէն արժանաւոր հայդուկներէն մէկը ղեկավարելու արշաւախումբը, սակայն ժողովը զայն կարգեց յիսնապետ: Դուման, որպէս մեծ հայրենասէր եւ անձնազոհ մարտիկ, կարեւորը գործի յաջողութիւնն էր եւ ոչ փառքը. հետեւաբար, ան առանց գանգատի համակերպեցաւ եղած կարգադրութեան եւ միացաւ, մարտական խումբին, որպէս շարքային զինուոր: Արշաւախումբին ղեկավար ընտրուեցաւ Վարդանը, օգնական՝ Իշխան Արղութեան, հարիւրապետներ՝ Փոխիկը եւ Ախպէրը, իսկ ձիաւորներու հրամանատար Սեւքարեացի Սագօն, իսկ Արիստակէս Զօրեան (Կարօն) նշանակուեցաւ հարիւրապետի օգնական:
Յուլիս 21-ին, արշաւախումբը կազմ ու պատրաստ է: Լրտեսող ջոկատը, որ գացած էր ճամբաները եւ թշնամիին դիրքերը ուսումնասիրելու ապահով վերադարձած է: Ֆետայիները կը խմբուին հրամանատարին շուրջ զինուորի երդումը տալու: Մինչ այդ կը բարձրացուի Դաշնակցութեան փառահեղ դրօշակը, որ կտակն էր վաղամեռիկ ընկերուհի Մարոյի: Հայդուկները ոգեւորուած կը բացագանչեն, “Կեցցէ՜ Դաշնակցութիւնը, Կեցցէ՜ յեղափոխութիւնը, Կեցց՜է խմբապետը“…:p6-7
Ապա, Արշաւախումբին մաս կազմող ֆետայի երկու քահանաներէն մին, առաջ գալով համառօտակի կը բացատրէ ֆետայի կոչումը՝ բարձր ձայնով կը կարդայ Կեդրոնական Կոմիտէի խմբագրած երդմնագիրը, որ հետեւեալ բովանդակութիւնը ունի.- “Ես, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցական ֆետայի, ազատ կամքով Դաշնակցութեան յաղթական դրօշակին տակ մնալով, տալիս եմ այս երդումը կուսակցութեանս Վրէժ կեդրոնական կոմիտէին.-Երդում եմ Դաշնակցութեան յաղթական դրօշակով. երդում եմ բռնութիւն կործանող յեղափոխական սրով: Որ չեմ դաւաճանի ընկերիս, չեմ դաւաճանի ղեկավարիս, չեմ դաւաճանի ֆետայու վեհ կոչումին, չեմ դաւաճանի Դաշնակցութեան դրօշակին…“:
Որմէ ետք, Վարդան կը բացատրէ ,Մայր Հայրենիքի ընթհանուր թշուառութիւնը, եւ անոր օրհասական կացութիւնը, որ հիմնական պատճառ հանդիսացաւ Դաշնակցութեան երեւան գալը եւ անհաւասար կռիւ մղել հայրենիքի թշնամիներուն դէմե: Եւ կը շարունակէ.- “Մեզնից է կախուած յեղափոխական ընդհանուր գործի յաջողութեան մէկ մասը: Ցոյց տանք մեր հասարակութեան թերահաւատի մասին, որ մենք ընդունակ ենք յեղափոխական թէեւ ահաւոր կռիւը յաջողութեամբ մղելու, իսկ միւս կողմից ցոյց տանք ամբողջ աշխարհին, որ հայն էլ գիտէ կռուել հայրենիքի ազատութեան համար“:
Ապա, խօսք կþառնէ Նիկոլ Դուման.- “Տղե՛րք, վեհանձն եղէք դէպի տկարները, ո՛չ մի դէպքում ձեռ չտաք կանանց եւ երեխաներին: Իսկ տղամարդկանց՝ անխնայ կոտորեցէք“:
Արշաւախումբի մայր դրօշը կը գտնուէր Դումանի յառաջապահ ջոկատին քով: Դրօշակին մէկ երեսին ասեղնագործուած էր Մ. Նալբանտեանի ,Մայր Հայենիքեի հետեւեալ տողերը…

Ամենայն տեղ մահը մի է,
Մարդ մի անգամ պիտ մեռնի,
Բայց երանի, որ իւր ազգի
Ազատութեան կը զոհուի:

Խանասորի դաշտը կը գտնուէր թուրք-պարսկական սահմանագլուխը գտնուող Արաուլ լերան թրքական կողմի ստորոտը: Հոն կայք հաստատած էր քրտական Համիտիէի Մազրիկ ցեղախումբը, շուրջ 250 վրաններով Շարաֆ Բէյի գլխաւորութեամբ: Այս հրէշն էր որ Սուրբ Բարթուղիմէոսի վանքին շրջակայքը անխնայ կոտորած էր Վանի 800 մարտիկները եւ իբր վարձատրութիւն արիւնարբու սուլթան Համիտի կողմէ Բ. կարգի պատուանշան հազարապետի աստիճանի բարձրացում:
1897 Յուլիս 24-ի պայծառ եւ լուսնկայ գիշերը արշաւախումբը աննկատ կ’անցնի պարսկական սահմանէն դէպի Վասպուրական, Սալմաստի հաւթվան գիւղի կողմէն: Հեծելախումբը կը պաշտպանէ հետեւակ բանակը:
Վաղ առաւօտուն արշաւախումբը աղեղնաձեւ կը պաշարէ վրանները 4-500 ոտք հեռու: Բայց ցեղապետին երեք ճերմակ վրանները գետակով մը դուրս մնացած էին պաշարման օղակէն: Լուսաբացին Վարդան կ’ըսէ.- ՝՝Տղերք ձեզ մատաղ վրէժխնդրութեան ժամն հասաւ արդէն: Լինել եւ չլինելու վարկեանն է այժմ: Մեր խոհեմութիւնից ու կարգապահութիւնից կախուած է գործի յաջող կամ անյաջող ելքը՝՝: Ապա կը հրամայէ գետին միւս կոմը անցնիլ, վրանին պահակները մթութեան մէջ կը նշմարեն տղոց շարժումը, հասարակ ճամբորդի տեղ դնելով՝ լուռ կը մնան: Սակայն շուներու հաչոցը, ձիերու եւ ոչխարներու խրխնջումն ու մայումը, եւ վրաներուն աւելի մօտենալը, կասկած կը յառաջացնէ պահակներուն մօտ: Այդ պահուն կը լսուի քիւրտի մը ձայնը. ՝՝Լօ, լօ, Հուն չի մարիֆն՝՝ (Է՜յ է՜յ, դուք ինչ մարդիկ էք): Մարտիկները կը մնան լուռ: Իրարանցում մը կը յառաջանայ քիւրտերուն մէջ: ,Զինուոր հասցուցէք Բաշկալաե., Աղային լուռ տուէք՝՝.՝՝Դիրքեր բռնեցէք.ե. ,Աստուա՜ծ, Ֆետայիները եկան, ո՞ւր փախչենքե, կին մը կ՛աղաղակէ: Պատերազմի փողը կը հնչէ:
Արիստակէս Զօրեան (Կարօ): Երբ կը ներկայացուի արշաւանքի ծրագիրը, Կարօն իր զէնքի ընկերներուն կ’ըսէ.- ՝՝Այո՛, մենք ձեռնարկում ենք մի շատ վտանգաւոր քայլի.բայց ինչ որ լինի, թէպէտ զոհուելու իսկ լինենք մեր ամբողջ ուժը, պէտք է դիմանանք, դիմադրենք մինչեւ վերջին րոպէն եւ կատարենք մի նշանաւոր գործ՝՝: Կարօն կը մասնակցի Խանասորի արշաւանքին որպէս հարիւրապետի օգնական, բացի ֆետայիի անհրաժեշտ գոյքերէն, կռնակին կը կրէ նաեւ ուրիշ ծանր պայուսակ մը լեցուն զէնքի նորոգութեան անհրաժեշտ գործիքներով, որոնց միջոցով կը նորոգէ եւ կը շտկէ ընկերներուն վնասուած զէնքերը: Ընկերները կը խնդրեն որ ձիու մը վրայ նստի, կտրուկ կը մերժէ եղած առաջարկը, կը նախընտրէ ոտքով քալել, խրախուսելու համար իր զինակից ընկերները:
Զինակից ընկերներու վկայութեամբ՝ Կարօ առաջինն էր վրաններուն վրայ յարձակում գործողներուն մէջ, թէեւ այդ կռիւի ընթացքին թեւէն վիրաւորուած էր, երբ ընկերները հարց կու տան թէ ինչպէս կը զգայ, ՝՝ոչինչ՝՝ կը պատասխանէ, տեսնելով որ դեռ կարող է շարժել ու գործածել վիրաւոր թեւը: Կարօն, այնքան անողորմ էր բռնաւորներու նկատմամբ, դէմ էր այն մարդոց եւ ինչ որ արգելք կը հանդիսանար հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի բարօրութեան: Սակայն, իր երկաթեայ կուրծքին տակ ունէր քնքուշ ու բարի սիրտ մը: Վրաններու վրայ գրոհ տրուած պահուն, արիւնի եւ արհաւիրքի ընթացքին Կարոյի առաջին մտահոգութիւնը կ’ըլլայ վրաններէն ներս մտնել ու կապուած անասունները ազատել իրենց կապերէն, որպէսզի զանոնք ազատէ տեղացող կապարներու տարափէն:
Ան վերջիններուն մէջ է Արաուլի ստորոտը բարձրացողներէն, երբ բանակը արդէն բարձրացած էր սարը: Կռուի ընթացքին որ դիրքի վրայ որ կը գտնուէր կատաղի կռիւ կը մղեր թշնամին դէմ: Սոսկալի կռիւի մը ընթացքին, երբ Սաղաթելի եւ իր ընկերները թշնամիին կողմէ պաշարուած էին, Կարօն՝ դիրքէ դիրք անցնելով կը փրկէ իր ընկերները ու փախուստի կը մատնէ քիւրտերը: Հակառակ կռնակին շալկած ծանր պայուսակին, մինչեւ երեկոյ եւ մութ գիշերը քիւրտերու արձակած հազարաւոր գնդակներու տարափին տակ, առիւծաբար կը շարունակէ աներկիւղ մարտնչիլ: 5-10 քիւրտեր ժայռերուն ետեւ դիրքաւորուած համառօրէն կը կռակեն ու չեն ուզեր հեռանալ իրենց դիրքերէն: Կարօն 2-3 քիւրտեր գետին փռած է: Այդ պահուն մերձակայ դիրքերէն Կարոյի մօտ կը հասնին վերջին նահանջող ընկերները, որոնք ամէն ջանք կը կատարեն իրենց հետ տանելու, բայց ան կը մնայ անդրդուելի… ըսելով.- ՝՝Սրանց հէրն անիծած, մինչեւ որ զանոնք փախուստի չմատնեմ պիտի չհեռանամ, ես դեռ պէտք է կռուեմե: ,Բայց հրաման է տրուած քաշուելու, տղերքը գնացին մեզ չեն սպասի՝՝ կ’ըսեն ընկերները: Տեսնելով որ տակաւին ան կը յամառի, զինք ձգելով կը հեռանան, մտածելով որ շուտով իրենց կը միանայ: Կարօն ամօթ կը համարէ կռնակ դարձնել բուռ մը քիւրտերուն, Կրետացիին կողքին կը շարունակէ մարտնչիլ…Կրետացին չուզէր բաժնուիլ իր ընկերոջմէ, երկուքն ալ կը զոհուին իրենց դիրքին մէջ: Գալուստ Ալոյեան ,Կարկուտ տեղաց Խանասորայ դաշտումըե իր գրած սրտաբուխ բանաստեղծութեան վերջընթեր տունը նուիրուած է Արիստակէս Զօրեանի (Կարօ)ի յիշատակին….

Չկար Կարօն, տխուր պատեց ամէնքին,
Երանի է՜ նրա հոգուն, որ զոհ դարձաւ այդ կռուին:
Հայեր, յիշէք նուիրական այդ օրը,
Յուլիս ամսուն քսանհինգին կատարեցէք մեր տօնը:

Խանասորի Արշաւանքը, ի գործ դրուած մարտական ստուար խումբի մը կողմէ հայ յեղափոխութեան եւ յատկապէս Հ.Յ.Դաշնակցութեան կողմէ կազմակերպուած վրիժառական արշաւանքը ամենայանդուգն կը հանդիսանայ, յաջորդ սերունդներուն զայն վերածելով գաղափարի, նուիրումի զոհողութեան եւ ծառայութեան ներշնչման կենարար աղբիւր: Գաղափարական, բարոյական եւ քաղաքական մօտեցումներով Դաշնակցութեան վրիժառական արշաւախումբը յաջողութեամբ աւարտեց իր առաքելութիւնը, բայց դէպի պարսկական սահման նահանջի ճամբուն վրայ ընդհարումներ ունեցաւ մերցակայ լեռներէն խուժած քիւրտ զինեալներու հետ: Մղուեցաւ բուռն կռիւներ, որոնց հետեւանքով արշաւախումբը ունեցաւ 19 զոհ: Ըստ անգլիական Daily News թերթին քիւրտերը ունեցած էին շուրջ հինգ հարիւր սատակ: Քանի մը ժամէն յանցագործ քիւրտ Մազրիկ ցեղախումբի արիւնով ներկուեցաւ խանասորայ կանաչ դաշտը: Պատժական արշաւանքի յաջողութիւնը, իր բոլոր տուեալներով ազդարարութիւն մը եղաւ բոլոր անոնց, որոնք հայու արիւն կը հեղէին՝ անպատժելիութեան ապաւինելով:
Միաժամանակ՝ Աւետիսեաններու, Մարտիկներու եւ Պետոներու նահատակութեան վրէժը լուծել:
Սուրբ Բաթուղիմէոսի ջարդէն ետք, որ տեղի ունեցած էր Վանի հայ յեափոխական ղեկավարներու առած սխալ քայլերուն հետեւանքով, ընդհանուր յուսալքում կը տիրէր հայ մարտական նօսրացած շարքերուն մէջ: Խանասորի արշաւանքը վերակենդանացում բերաւ հայ ազատագրական շարժումին եւ մեծ ազդեցութիւն գործեց մարտունակ քիւրտերու հոգեբանութեան վրայ: Հայը այլեւս անցեալ ստրուկը չէր, այլ՝ ազգային իր իրաւունքներուն, ազգի եւ հայրենիքի ազատութեան համար ՝՝Ազատութիւն Կա՛մ Մահ՝՝ վճռովի զէնք բարձրացուցած աննկուն մարտիկն էր:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles